ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երեւան-Պաքու երկխօսութիւնը կը շարունակուի զանազան հարթութիւններու վրայ՝ մինչ կողմերը խտացեալ աշխատանք կը տանին ենթադրեալ խաղաղութեան պայմանագրի պատրաստութեան ուղղութեամբ։ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան երէկ Ժընեւի մէջ տեսակցեցաւ Ատրպէյճանի ազգային ժողովի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ։ Միջխորհրդարանական միութեան (IPU) խորհրդարաններու նախագահներու վեցերորդ համաշխարհային համաժողովի նախապատրաստման յանձնաժողովի նիստի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու բովանդակութեան շուրջ որեւէ մանրամասնութիւն չէ հաղորդուած պաշտօնական աղբիւրներուն կողմէ:

Ուրբաթ, Մայիս 17, 2024