ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՁՆԱՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Բարեկամութեան կենսական տարրերն են սէրը, համագործակցութիւնը, հասկացողութիւնն ու վստահութիւնը։ Հետեւաբար, բարեկամութեան թէ՛ ընկերային եւ թէ՛ անհատական իմաստները շատ մօտ են իրարու։ Բարեկամութիւնը նաեւ կը նշանակէ «ընտանիք, զոր կարելի է ընտրել», «կամաւոր կապ հաստատել»։
Մեր բարեկամները միշտ մեզի հետ են, բայց մեր «կողմնակիցները» ոչ։ Ընկերը կը սրբէ արցունքները՝ առանց աչքին դպչելով, կը սիրէ առանց ցուցնելու եւ կը պատմէ՝ առանց խօսելու։ Առանց ընկերներու աշխարհիկ բարիքները ոչինչ կը նշանակեն, առանց ընկերներու կ՚իմասնազրկուի կեանքը։ Ընկերները նաեւ ժլատ են գովասանքի մէջ։ Անոնք կը նախընտրեն պարտուիլ ցաւով՝ քան յաղթել շողոքորթութեամբ: Ընկերոջ վէրքը բոլոր վէրքերու ամենախորն է։ Ընկերները կը ցաւին, որովհետեւ ցաւը դասեր կու տայ: Ընկերները նման են աստղերու. երբ կը մթննայ, նախ անոնք կը յայտնուին: Ընկերները անկոչ կու գան, ձեռք կ՚երկարեն մեր ամենամութ, ամենաթշուառ ժամանակներուն:
Բարեկամութիւնը առաքինութեան ու սրտի գործ է, ընկերը՝ առաքինի մարդ։ Առաքինի ընկերը կը բարդացնէ կեանքը՝ ցոյց տալով իրականութիւնները, իսկ խաբեբայ կողմնակիցը կը հեշտացնէ՝ հետզհետէ դժուարացնելով զայն: Ընկերները չեն վնասեր ուրիշները, անոնք մեզ չեն բարձրացներ՝ նուաստացնելով ուրիշները։ «Կողմնակիցները» կը բաժնեն մարդիկ, իսկ ընկերները՝ կը միաւորեն ու կը վիրակապեն։ Ընկերները կը սիրեն, իսկ «կողմնակիցները» սիրել կը ձեւացնեն։ Ընկերը հացակից է, սեղանակից, գործակից, ուղեկից, երբեմն նոյնիսկ մեղսակից։ Իսկ կողմնակիցները երբ ստանան այն, ինչ որ կ՚ուզեն, ձեզ կը մատնեն առանձնութեան ու վիշտի։ Ընկերները պարզ են, անկեղծ, իսկ «կողմնակիցները»՝ խորամանկ:
Ընկերութեան մէջ ալ, ի հարկէ, կան ակնկալութիւններ, պահանջներ, դժգոհութիւններ… Եթէ ընկերները չեն համաձայնիր ձեր ակնկալիքներուն կամ պահանջներուն, սա չի նշանակեր, որ պէտք է խզէք ձեր ընկերութիւնը։ Ընկերութեան մէջ ամէն ինչ կը վերաբերի հասկնալու, գիտակցելու եւ հնարաւորութեան պարագային օգնելու։
Եթէ ինծի հարցնէք՝ ի՞նչ կ՚ընեն այս խորամանկները։ Անոնք ընդհանրապէս կը սահին դէպի նենգութիւն։ Իրենց շահուն համար կ՚ընեն ամէն ինչ։ Իսկ ընկերները՞։ Անոնք կը դիմանան, անձնազոհ կ՚ըլլան, կը պարտուին, որպէսզի մենք յաղթենք։ Ընկերները վրէժ կը լուծեն։ Բայց ինչպէ՞ս: Անոնք վրէժ կը լուծեն ո՛չ թէ ցաւ, այլ ափսոսանք պատճառելու համար։ Իսկ «կողմնակիցները» վրէժ կը լուծեն՝ վնասելու համար։ Անոնք ամենախոր վնասը կը հասցնեն միշտ իրաւացի ըլլալու համար։
Ընկերները կը համագործակցին իրարու հետ, «կողմնակիցները»՝ խորամանկութեամբ կը ջանան իրենց իսկ գործը կատարել։ Ընկերները միշտ անկեղծ են, «կողմնակիցները»՝ պատրաստ ստելու: Եթէ անոնք գտնեն հնարաւորութիւն, կը գովաբանեն ձեզ։ Կ՚ըսեն այն, ինչ որ կ՚ուզէք լսել, իսկ ճշմարտութիւնը միայն ընկերներուն ու բարեկամներուն մօտ է։
Ընկերներուն կրնաք վստահիլ, բաժնել ձեր ունեցածը, հաւատալ, սիրել, ժամանակ անցընել, նոյնիսկ վիճաբանիլ եւ յետոյ հաշտուիլ։ Բարեկամական յարաբերութիւններ պահպանելու համար անհրաժեշտ է տեղեակ ըլլալ իրարու կեանքի կարեւոր երեսակներուն եւ մշտապէս ցոյց տալ, որ հոգ կը տանիք անոնց նկատմամբ:
Մէկ խօսքով՝ բարեկամութեան պահպանումը կը պահանջէ փոխադարձ նուիրում։ Ընկերները կ՚աջակցին ձեզի, երբ դուք ընկճուած էք, բանի մը համար կը պայքարիք կամ մոլորուած կը զգաք։ Հաւանական է, որ առաջին հերթին հեռաձայնէք ձեր ընկերներուն եւ օգնութիւն խնդրէք։ Անոնք անվերապահօրէն կ՚օգնեն ձեզի՝ փոխարէնը ոչինչ ակնկալելով: Անոնք կ՚ուրախանան ձեր յաջողութիւններով ու յաղթանակներով այնքան՝ որքան իրենցինը, երբեմն նոյնիսկ աւելին եւ չեն նախանձիր ձեզի։ Թէեւ ընկերոջ մը հետ ֆիզիքապէս բաժանուիը կը խանգարէ ձեզ, բայց ձեր միջեւ սիրոյ կապը երբեք չի փոխուիր՝ նոյնիսկ երբ ամիսներ կամ տարիներ անցնին…
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ