ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Վիեննայի մէջ մասնակցեցաւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովի մը։ Այս առթիւ ան յայտարարեց, որ հայկական կողմը լիարժէքօրէն կը հետեւի իր միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ ազգային գործողութիւններու ծրագրով։
Միջուկային անվտանգութեան՝ «Ձեւաւորելով ապագան» խորագրեալ համաժողովի ծիրէն ներս Միրզոյեան ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջանակին մէջ ան մէկտեղուեցաւ նաեւ Աթոմային ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Ռաֆայէլ Մարիանօ Կրոսսիի հետ։ Զրուցակիցները անդրադարձան հայկական աթոմակայանի ապագայ ապահով ու անվտանգ օգտագործման վերաբերեալ հարցերու։ Չեխիոյ պաշտօնակցին՝ Եան Լիփաւսքիի հետ տեսակցութեան ընթացքին ալ Միրզոյեան շեշտեց, որ Երեւան իսկապէս Եւրոմիութեան հետ յարաբերութիւնները էականօրէն կը խորացնէ եւ այս հանգամանքը կը վերաբերի բոլոր ուղղութիւններու։