Ուրբաթ 29, Նոյեմբեր 2024
ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՅԱ ՔԱԼԱՅՃԸՆ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց յայտնի պղնձագործ Գարեգին Քայա Քալայճըն, որ Գումգաբու փութացած էր նուիրելու համար իր գիրքերը։ Ան համբաւ ձեռք բերած է իր վարպետութեամբ եւ այդ հիման վրայ հրատարակուած են երկու գիրքեր, որոնք իր արհեստն ու արուեստը խոշորացոյցի տակ կը բերեն։ Յայտնի վարպետը կը հանդիսանայ իր ընտանիքի չորրորդ սերունդը, որ կը զբաղի պղնձագործութեամբ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ուրախութիւն յայտնեց յայտնի վարպետի այցելութեան առթիւ ու շեշտեց, որ ան կը հանդիսանայ շառաւիղը բոլոր անոնց, որոնք Թուրքիոյ մէջ հայոց ճանաչում ապահոված են՝ որպէս անկրկնելի վարպետներ։ Հուսկ, Նորին Ամենապատուութիւնը տուաւ իր օրհնութիւնը եւ մաղթեց յարատեւութիւն։
Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024