ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԵԱՆ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ այս տարուան աւանդական երաժշտական փառատօնը առիթ հանդիսացաւ, որպէսզի տղաքը տարրական ճանաչում ունենան անմոռանալի հանճար Արամ Խաչատուրեանի մասին, որու ծննդեան 120-ամեայ յոբելեանը նշուած էր մօտաւոր անցեալին։ Երաժշտութեան ուսուցչուհի Գարին Քիւչիւքօղլուի վերահսկողութեամբ պատրաստուած էր ծրագիրը։

Տղաքը թէ՛ անոր կենսագրութեան մասին տուեալներու ծանօթացան եւ թէ հետեւեցան իրենց դասընկերներու կատարումներուն՝ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններու հիման վրայ։ Յայտագրին մաս կազմեցին նաեւ խմբերգներ։

Ձեռնարկը աւարտին հասաւ տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլուի շնորհաւորութեան խօսքով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024