ՔԻՉ ՄԸ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ, ՔԻՉ ՄԸ ՀԱՅ

Պէտք է միշտ հոզուած ըլլալ, որ մեր ազգային դժբախտութիւնները մէկ օրուան մը ծնունդն ու արդիւնքը չեն. մեր ազգային կեանքին մէջ ունեցած ենք որոշ փոքր վէրքեր, որոնք անբուժութեան պատճառով ժամանակի ընթացքին տարածուելով վտանգած են ամբողջ մարմինը. մենք յաճախ լուռ մնացած ենք «փոքր» կարծուած թերութիւններու դիմաց, կարծելով թէ անոնք մեծ վտանգ մը չեն ներկայացներ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ փոքրերը միանալով կազմած են մեծ հարցեր՝ մեր անփթութեան պատճառով:

Նման խնդիրներէն մէկն էր վստահաբար օտար ամուսնութիւնը, որ մեր օրերուն յատուկ երեւոյթ մը չէ. անոր արմատները հին են. ունին դարաւոր հնութիւն մը, որուն շուրջ ունեցած ենք անտարբերութիւն մը:

Մեր թուականէն 118 տարիներ առաջ՝ 1906 թուականին դարձեալ պատուելի Կարապետ Մանավեանին հարց կը տրուի. «կ՚ուզէ՞ք որ հայերը օտարներու հետ ամուսնանան»։ Դժբախտաբար պատուելիին պատասխանին մէջ կը գտնենք անտարբերութիւն մը. պատասխանելով հարցին կ՚ըսէ. «Մենք քաջալերած չենք այդպիսի գաղափար մը. ամուսնութեան խնդրոյն պէս դժուար խնդրոյ մը համար համայնաբոյժ դեղ մը գտնելը մեր գործը չէ եւ մակաբերութիւնը այդ չափ հեռու տարուելու չէր: Խառն ամուսնութիւնը մասամբ մը անկարելի է». պատուելին իր ինքնավստահ տեսակէտը յայտնելով կը շարունակէ. «Ներկայիս՝ հայ օրիորդներուն համար ամերիկեան ամուսիններ ունենալ անհաւանական եւ անկարելի է եւ պէտք չի կայ»:

Գուցէ պատուելին ճիշդ ըլլայ. գուցէ իր ժամանակ իրապէս ալ օտար ամուսնութիւն կնքող հայ օրիորդներ եղած չըլլան, սակայն հարցադրող կողմին մօտ կը տեսնենք հեռատեսութիւն ու մտահոգութիւն մը՝ ապագայի նկատմամբ. հաւանաբար 1906 թուականին օտար ամուսնութիւն կնքողներ եղած չըլլան, սակայն նման թուականներուն նման հարցադրում մը կը խօսի անոր հաւանական ըլլալուն մասին եւ օրուան մտաւորականները՝ որոնցմէ մէկն էր նաեւ պատուելի Մանավեան, պարտաւոր էին լուրջ ընդունիլ հարցը եւ մտածել նման հարցի մը հնարաւոր լուծումներուն մասին. ցաւ ի սիրտ, կը տեսնենք, թէ պատուելի Մանավեան Ակնէն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ երթալով սկսած էր արդէն իսկ որդեգրել օտար մշակոյթի ազդեցութիւնը՝ պաշտպանելով անհատներու ընտրութեան ազատութիւնը, խօսելով այն մասին, թէ հին ժամանակ մեր թագաւորները քաղաքական շահերու համար հարս կ՚առնէին ու կու տային օտար պետութեան թագաւորութեան:

Պատուելի Մանավեան կը քաջալերէ ազատ կեանքի որոշումը եւ հայ ընտանիքը ազգային արժէք ընդունելու փոխարէն կ՚ընդունի որպէս կեանքի ընթացքն ու գոյատեւումը ապահովող միջոց. անոր խօսքերն են. «մենք ասանկ կը հասկնանք, թէ հայոց համար բարեկեցիկ կեանք մը ունենալ ոմանց համար հակազգային բան մը նկատուի». ուրիշ տեղ մը կը գրէ. «Հաւատարիմ ամերիկացի քաղաքացի ըլլալ հակահայկական բան մը չէ, ընդհակառակն օգտակար եւ կարեւոր է»:

Յաճախ հայկական արժէքները պաշտպանելը շատերու կողմէ կը դիտուի որպէս «այլամերժութիւն». մենք այլամերժներ չենք, սակայն միւս կողմէ համոզուած ենք, որ մարդ որպէսզի կարենայ օտարութեան մէջ պահել իր հայկականութիւնը, առաջին հերթին օտարինը ընդօրինակելէ առաջ պարտաւոր է իր սեփականին գիտակցութիւնը ունենալ. պարտաւոր է լաւապէս գիտնայ ու հասկնայ հայկականը՝ որպէսզի յանկարծ օտար ծովուն մէջ խեղդամահ չըլլայ:

Բոլորս ալ վկայ ենք, որ այսօր պատուելիին պաշտպանած ազատութիւնը ինչպիսի վնասներ կը պատճառէ մեր ազգին. սկզբնական շրջանին Ամերիկա հաստատուող մեր հայերը որպէսզի կարենան քայլ պահել ամերիկեան մշակոյթին հետ, փորձեցին ծածկել իրենց հայկականը, մտածելով, որ քիչ մը ամերիկացի ըլլալուն մէջ ո՛չ մէկ վնաս կրնայ ըլլալ. անոնց փորձեցին ապրիլ որպէս քիչ մը հայ, քիչ մը ամերիկացի վիճակով, մտածելով որ նման ապրելակերպ մը չի՛ վնասեր մեր հայկականութեան:

Անցեալէն մինչեւ այսօր մեր դժբախտութեան մեծագոյն պատճառը մեր ունեցած անտարբեր մօտեցումն է, որ կը շարունակուի մինչեւ այսօր. մշակոյթ, լեզու, ազգութիւն ու արժէքներ կը մեռնին, սակայն մենք կ՚ապրինք «վնաս չէ»ի հոգիով: Այսօր ո՛չ միայն Ամերիկայի մէջ, այլ նոյնիսկ Միջին Արեւելքի մէջ պատուելիին «անհնար»ը վերանալով դարձած է դժբախտ իրականութիւն. պատուելի Մանավեանի մօտ կը գտնենք անբացատրելի ու անյստակ վստահութիւն մը. հաւատք որ օտարութեան մէջ ապրող հայը պիտի չի՛ ձուլուի: Մեր ազգի մէջ մտաւորականութիւնը միշտ բաժնուած է երկուքի. ոմանք եղած են լաւատես, իսկ ուրիշներ յոռետես: Ինչքա՜ն պիտի ուզէինք, որ լաւատեսները յաղթանակած դուրս գային եւ իրապէս այդ ամերիկացիութիւնը ըլլար ժամանակաւոր:

Թող այսօր ողջ ըլլար պատուելի Մանավեանը եւ վերատեսութեան ենթարկէր իր 118 տարիներ առաջ տուած պատասխանը. տեսնէր, թէ ինչպէս «անհնար»ը դառնալով հնարաւոր ազգային մեծ ցաւի մը վերածուած է: Պատուելիի ժամանակ ապրող հայերը կը մտածէին ունենալ բարեկեցիկ կեանքը մը՝ որպէսզի կարենան իրենց օգտակարութիւնը բերել հայրենիքին. անոնք եղան բարեկեցիկներ, սակայն հայրենիքը շարունակեց մնալ ու մինչեւ օրս կը մնայ թշուառութեան մէջ. այդ բարեկեցութեան սիրոյն անոնք զոհեցին ազգային բոլոր արժէքները, փոխեցին անունները, կնքեցին օտար ամուսնութիւններ, անոնց ապագայ սերունդները մոռցան հայերէն լեզուն ու այս բոլորը կատարուեցաւ մեր բոլորին աչքերուն դիմաց՝ մեր անտարբերութեան որպէս հետեւանք:

Այսօր ալ այդ անտարբերութեան զոհը կը դառնանք. շատեր արդէն ուշ նկատելով ուրիշ հարցերու կողքին անկարեւոր կը նկատեն նաեւ այս հարցը եւ «անլուծելի» ըլլալ կը կարծեն. այդ կարծուածները մեր ազգը հասցուցին այս վիճակին:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Քրիստոնեան պէ՞տք է այլազգի հետ ամուսնանայ:

Պատասխան. Քրիստոնեային այլազգի հետ ամուսնանալու որոշում կայացնելը խորապէս անձնական որոշում է եւ կախեալ է անհատական համոզումէն եւ այլ կրօններու հանդէպ ունեցած մօտեցումէն եւ ըմբռնումէն: Օտար կրօններու հետ ամուսնութիւն կնքելը եզակի մարտահրաւէրներ առաջ կը բերէ. կարեւոր է նախքան ամուսնութիւն անոնք ազնիւ զրոյցներ ունենան եւ հասկնան իրարու կրօնական համոզումները, սովորութիւնները եւ ըստ այնմ կողմնորոշուին, կանխելու համար ապագայ խնդիրները:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Մայիս 22, 2024