ՄԱՆՐԱԿՐԿԻՏ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի Հարաւային Կովկասի գծով աւագ խորհրդական եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնոն, որ շփումները աւարտելէ վերջ անցաւ Պաքու։ Ամերիկացի դիւանագէտը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի, անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային իրադարձութիւնները՝ մանաւանդ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։ Ընդգծուեցաւ սոյն գործընթացի շարունակականութեան ապահովման կարեւորութիւնը։ Հարաւային Կովկասէ ներս երկարաժամկէտ խաղաղութեան հաստատման հեռանկարները գնահատելու առընթեր, հանդիպումներուն ընթացքին շօշափուեցան երկկողմանի յարաբերութեան նիւթերը։

Միրզոյեան եւ Պոնօ մանրամասնօրէն աչքէ անցուցին Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացի վերջին իրադարձութիւնները՝ ներառեալ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրի նախագծի պարագային առանցքային հարցերու շուրջ մօտեցումներն ու անոնց համաձայնեցման ուղղեալ ջանքերը։ Անոնք կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերուն շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ Արարատ Միրզոյեան ներկայացուց վերջին քննարկումներն ու հայկական կողմի մօտեցումները, որոնք կը շարունակեն համահունչ ըլլալ արդէն հանրահռչակուած՝ ինքնիշխանութեան ու ազգային օրէնսդրութեան նկատմամբ յարգանքի, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու։

Ուրբաթ, Մայիս 24, 2024