ՃՇՄԱՐՏԱԶՈՒՐԿ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ տարակարծութիւնները հետզհետէ կը խորանան։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութիւնը վերջին օրերուն թափ տուած է լեզուակռիւին՝ մինչ ներքին քաղաքական բեմահարթակի վրայ հերթական դժուարութիւնները կը դիմագրաւէ։ Այս անգամուան ալեկոծումը ակնյայտօրէն իշխանութեան պահպանման մտահոգութիւններով պայմանաւորուած է՝ քանի «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը կը գլխաւորէ շրջանի թեմակալ առաջնորդը՝ Տ. Բագրատ Արք. Գալստանեան։
Երէկ, վերջին օրերու տխուր իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցած է բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, Հայաստանի եպիսկոպոսներն ու թեմակալ առաջնորդները գումարած են ժողով մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, Եկեղեցւոյ առաքելութեան վերաբերեալ հարցեր եւ այլ զանազան հիմնախնդիրներ, որոնք կը յուզեն հասարակութիւնը։ Նիստի մասնակիցները անդրադարձած են Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ վերջին օրերուն Հայ Եկեղեցւոյ հասցէին բարձրաձայնուած մեղադրանքներուն։ Այս բոլորէն վերջ ընդունուած է յայտարարութիւն մը, զոր հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք յայտարարութիւնը։
*
Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան զանազան ներկայացուցիչներ, ներառեալ վարչապետը, Տաւուշի մէջ սահմանազատման ու սահմանագծման անուան ներքեւ կատարուած տարածքային միակողմանի զիջումներուն դէմ հանրային ընդվզման այս օրերուն, սկսած են վերստին թիրախաւորել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ հրապարակ նետելով տարատեսակ կեղծ յայտարարութիւններ եւ ճշմարտազուրկ տեսութիւններ՝ Եկեղեցւոյ պատմական առաքելութեան ու ներկայ գործունէութեան վերաբերեալ։
Առաւել քան զարմանալի է, որ մերկապարանոց մեղադրանքներ կը հնչեցուին Եկեղեցւոյ կողմէ հարկեր չվճարելու առընչութեամբ, երբ պաշտօնական վիճակագրութիւնները ուղղակի կը փաստեն Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով սահմանուած հարկային պարտաւորութիւններու կատարման մասին։ Յատկապէս դատապարտելի է, երբ կառավարութեան ղեկավարը անհիմն մեղսագրումներով եւ անսքօղ դիտաւորութեամբ Հայ Եկեղեցին կ՚ամբաստանէ ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ այսօր «ազդեցութեան գործակալ» ըլլալով։
Ցաւ կ՚արտայայտենք, որ գործող իշխանութիւնները Եկեղեցի-պետութիւն յարաբերութիւններուն մէջ առկայ խնդիրները կ՚արծարծեն իրենց հանգամանքին անվայելուչ, նաեւ սպառնալիքներու, ճնշումներու եւ ապատեղեկատուութեան գործիքակազմերու օգտագործմամբ։
Հարկ է, որ Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութեան ներկայացուցիչները ազգի եւ հայրենիքի առջեւ իրենց պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ անդրադառնան Եկեղեցւոյ պատմական հայրենաշէն ու ազգապահպան դերակատարութեան, ինչ որ ամրագրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ եւ վերատեսութեան ենթարկեն որդեգրուած քաղաքականութիւնը։
Կ՚աղօթենք, որ Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ մեր հայրենիքին, բարօրութիւն ու ապահովութիւն մեր ժողովուրդին։