ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐԿԷՅ ՔՈՓԻՐՔԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՆՉՈՒԱԾ

Հայաստան-Ռուսաստան առանցքին վրայ կուտակուած տարակարծութիւններու առկայ մթնոլորտին մէջ ուշագրաւ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Այսպէս, Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքին խորհրդակցութիւններու համար կանչուեցաւ Մոսկուա։ Այս մասին տեղեկացուց Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութեան։

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հանդէս եկած էր հերթական զգայացունց յայտարարութիւններով։ Ան նշած էր, որ ինք գիտէ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն առնուազն երկու երկիր, որ տեղեակ եղած է 44-օրեայ պատերազմէն, մասնակցած է Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած պատրաստութիւններուն եւ հրահրած ու սատարած։ Վարչապետը զգալի դարձուցած էր, որ այդ երկիրներէն մին Սպիտակ Ռուսիան է։ Վերլուծաբաններ եւ նոյնիսկ ռուս կարգ մը քաղաքական գործիչներ ի շարունակութիւն պնդած էին, որ Փաշինեանի արծարծած երկրորդ երկիրն ալ Ռուսաստանն է։

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ դեսպանները պարբերաբար խորհրդակցութեան կը հրաւիրուին Մոսկուա։

Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան այս կապակցութեամբ նշեց, որ Քոփիրքինի խորհրդակցութիւններու համար Մոսկուա հրաւիրուիլը ռուսական կողմի որոշումն է։

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024