ՎՃՌՈՐՈՇ ՃԱՆԱՊԱՐՀ…
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան համոզուած է, թէ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման գործընթացը թէեւ բարդ ու ցաւոտ է, սակայն միակ ճանապարհն է։ «Անկախութեան եւ ինքնիշխանութեան շարժումն է, որ պէտք է հասցնենք իր հանգրուանին։ Ես ու մեր քաղաքական խումբը սա կը համարենք մեր առաքելութիւնը։ Սա վճռորոշ ճանապարհ մըն է», յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան։
Երէկ երեկոյեան վարչապետը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ուղղեալ պատգամով մը։ Խօսք ուղղելով քաղաքացիներուն ան ըսաւ. «Մեր կեանքին մէջ տեղի կ՚ունենայ իրական Հայաստանի հաստատումը»։ Ան շեշտեց, որ խաղաղութեան տեսլականն ու իրական Հայաստանը խորապէս կապուած են իրարու հետ։ «Եթէ մեր ռազմավարական տեսլականը իրական Հայաստանը չէ, ապա առանց այդ ալ դժուար խաղաղութիւնը հնարաւոր պիտի չըլլայ, որովհետեւ մեր միջավայրը մեզ պիտի համարէ ռազմավարական սպառնալիք։ Ի հեճուկս տարբեր գնահատականներու՝ մեր կառավարութիւնը ոչ թէ կը տարանջատէ, այլ կը փորձէ միաւորել, նոյնացնել հայրենիք եւ պետութիւն հասկացութիւնները», յայտնեց ան։
Ի դէպ, վարչապետը ընդգծեց, որ այն քննարկումները, որոնք այսօր կը ծաւալուին երկրէն ներս, իրեն համար անակնկալ չեն։ Արդարեւ, ինքն ալ անցած է այդպիսի տառապագին ճանապարհէ՝ պատմական Հայաստանի հոգեբանութենէն դէպի իրական Հայաստանի հոգեբանութիւն։ «Այդ նոյն ճանապարհը հիմա կ՚անցնինք միասին», նշեց Փաշինեան։
Քաղաքացիներուն խօսք ուղղելով վարչապետը ընդգծեց. «Այսօր մեր երկիրը կատարեալ չէ նաեւ այն պատճառով, որ աւետեաց երկրի մեր անվերջանալի փնտռտուքը մեզ թոյլ չի տար ձեւակերպել այն հարցի պատասխանը, թէ ո՛ր տարածքին մէջ, ի՛նչ դիրքով, ի՛նչ չափի տուն, պետութիւն կ՚ուզենք կառուցել։ Սահմանազատման գործընթացը այս հարցի պատասխանը կը ձեւակերպէ սիւն առ սիւն»։ Վարչապետին խօսքով՝ յստակ սահմաններով, ինքնիշխան ու ժողովրդավարական, իրական Հայաստանը պէտք է դառնայ ազգային ու պետական գաղափարախօսութիւն։