ՁՈՒԿԵՐԸ ԿԸ ՀԵՏԱՊՆԴԵՆՔ ՄԱՐՄԱՐԱՅԻ ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Մութ երկնքի ու մութ ծովուն վրայ կ՚ընթանայինք հովուն դէմ:

Նախ կորսնցուցի Գումգաբուի գաճաճ փարոսին պլպլացող կարմիր լոյսը, իսկ արդէն կէս ժամ վերջ բոլորովին աննշմար եղան քաղաքին բոլոր լոյսերը:

Այլեւս Մարմարան մեզ իր փրփրադէզ գրկին մէջ առած էր:

-Է՜հ, ըսաւ Տաճատ րէիսը, կը տեսնես որ այլեւս սպասելէ ուրիշ ընելիք բան մը չունինք:

Զոյգ մը մեծ նաւակ (իրենց խօսքով կըրկըրներ) մեր գտնուած մօթօռին ետին կապուած էին: Մութին մէջ հազիւ կը նշմարէի նաւակներուն մէջ քնացողները: Անոնց համար հիմա հանգիստի ատեն էր, որովհետեւ մեր մօթօռը կը քաշէր զանոնք: Բայց երբ ձուկի “վօլի”ն տեսնուէր, ահա այն ատեն տակնուվրայ պիտի ըլլար ամէն ինչ եւ թիավարողները իսկոյն գործի անցնելով մեծ շրջանակ մը պիտի կազմէին ծովուն վրայ, ուր պիտի նետուէին ուռկանները:

Նաւակներուն մէջ միայն րէիսին հրամանին սպասող “կօյկօյճիներու պետերը” արթուն էին: Հաստ բաճկոններնուն լայն օձիքները վեր առած էին մինչեւ իրենց մազերը եւ սիկառ կը ծխէին: Րէիսը ինծի սիկառ մը երկարեց եւ ըսաւ.

-Նէֆէս մը քաշէ, աս ցուրտին ուրիշ բան չ՚ըլլար: Րէսիը չ՚ըլլար ըսաւ, բայց մտածեցի որ եթէ շիշ մը օղի ըլլար, ճիշդ տեղն էր եւ կը տաքնայինք: Րէիսին դառնալով հարցուցի.

-Եթէ օղի ըլլար, չէի՞ր խմեր:

-Օղի մի՞:

-Այո, եթէ ըլլար մէյմէկ պուտ կը քաշէինք: Ցուրտին դէմ լաւ է:

-Իշտէ հոն կեցիր նայինք: Մեր ամէն բանը աղէկ է ամա, մեզի համար մեր գործը օրհնուած է: Մենք գործի ատեն կը մեռնինք տէ իչքի բերաննիս չենք դներ: Ամէն բան իր ատենը ունի:

Այս խօսակցութենէն վերջ երկար պահեր լուռ մնացինք: Նաւակին ծայրը գտնուող քարիւղի տակառին վրայ նստայ: Տաճատ րէիս մօթօռին ծայրն էր եւ անշարժ կեցած արագօրէն մեր երկու քովէն սահող ծովուն մութ ջուրերուն կը նայէր: Ձո՞ւկ կը փնտռէր արդեօք: Հոն առանձին ձգեցի րէիսը եւ ղեկավարին մօտեցայ:

-Այս մութին ձուկը ի՞նչպէս կը տեսնէք:

-Եթէ ուշադրութիւն ընես դուն ալ պիտի տեսնես:

Նայէ սա կողմը: Եւ ձեռքովը աջ կողմը, բացերը ցոյց տուաւ:

-Հիմա այդ կողմերը եթէ մօտենանք, ուշադրութեամբ նայէ կը տեսնաս, ըսաւ:

Հազիւ թէ րէիսին տուած սիկառէն մուխ քաշած էի, իսկոյն ծովուն մութ ջուրերուն մէջ փայլուն բաներ նշմարեցի, որոնք աջ ու ձախ կը փախչէին:

Ղեկավարը խօսք առաւ.

-Տեսա՞ր եա, ըսաւ, իշտէ ասանկ ֆօսֆօրի պէս կը փայլի: Աս տահա բան մը չէ, եթէ վօլիի հանդիպինք, այն ատեն կը տեսնաս:

Դարձեալ երկար պահեր անցան: Մինչ այդ՝ մօթօռին ձայնը եւ մեր նաւակներուն ճեղքած ջուրի ալիքներուն հնչիւնը լսեցի միայն:

Մեր մօթօռին կապուած կըրկըրներուն բարձր կայմերուն վրայ դէտերը իրենց տեղերը գրաւած էին:

Տաճատ րէիս յաճախ անոնց կը նայէր: Սակայն անոնք անշարժ եւ լուռ էին:

Բայց ծովուն պարգեւը երբեք յայտնի չ՚ըլլար: Հազիւ թէ մէկ քանի րոպէ անցած էր, մեզ շրջապատող սեւ ջուրի տարածութեան մէջ փայլուն բաներ մը տեսնուեցան: Ահա այդ պահուն, Տաճատ րէիսի լուռ կարաւանը տակնուվրայ եղաւ: Հազարումէկ աղմուկ, աղաղակներ, պոռչտուքներ...

Սակայն այս բոլորին վրայ տիրապետող ձայն մը լսուեցաւ.

-Ձուկի վօլին աջերնիս է, հայտէ թայֆաներ, դարձուցէք...

Տաճատ րէիսին սպասած վօլիին հանդիպած էինք: Վայրկենաբար ամէն բան տակնուվրայ եղած էր:

Երկվայրկեանի մը մէջ մեզի կապուած երկու նաւակները բաժնուեցան մօթօռէն, մարդիկը յանկարծ թիերուն փարեցան եւ քառասունի մօտ թիեր սկսան կշռութաւոր բախումներ տալ ջուրին:

Նաւապետները ղեկին գլուխը անցած էին եւ կը պոռային:

Տաճատ րէիս հապճեպի մէջ էր եւ հոն աջ ու ձախ հրամաններ կ՚արձակէր.

-Ուշադրութիւն, ուռկաններուն ուշադրութիւն:

Քիչ վերջ պոռաց բոլոր ուժովը.

-Հայտէ, գոցեցէք աղին բերանը:

Երկու նաւակները միանգամայն ուռկանը արձակել սկսած էին ծովուն մէջ եւ խոշոր շրջանակ մը գծելով ծովուն վրայ միացան իրարու:

Տաճատ րէիսին ձայնը դարձեալ լսուեցաւ.

-Նետէ, նետէ...

Աշխատողներէն մէկը հաստ պարանի մը կապուած փայլուն բան մը ծով նետեց եւ սկսաւ արձակել չուանը:

Ատկէ վերջ է որ նշմարեցի ուռկաններուն մէջ բանտարկուող ձուկերը, որոնք կարծես թէ հասկցած ըլլային որ ծուղակը ինկած էին: Հետզհետէ սեղմուող շրջանակին մէջ սկսած էին իրենց վերջին յոյսերը փորձել:

(ԺԱՄԱՆԱԿ, 25 ՄԱՅԻՍ 1952)

*

ԺԱՄԱՆԱԿ, 26 ՄԱՅԻՍ 1952

Ի ՎԵՐՋՈՅ ԾՈՎՈՒՆ ՊԱՐԳԵՒԸ ԿԸ ՏԵՍՆԵՆՔ

Րէիսը հրամայեց եւ բոլոր աշխատաւորները սկսան միանգամայն ձեռք տալ ուռկանին: Կշռութաւոր եղանակով մը կը մռլտային բոլորը: Մինչեւ այդ՝ ուռկանները զօրաւոր բազուկներու կողմէ կը քաշուէին եւ հետզհետէ կը նեղնար պարփակեալ ձուկերուն աշխարհը: Սակայն այդ պահուն րէիսին ձայնը ամէն ինչ տակնուվրայ ըրաւ.

-Ուշադրութիւն ըրէք, ըսի, ուռկանը պատռեցաւ:

Րէիսը բոլորէն առաջ տեսած էր պատահածը: Իրապէս քաշուող ուռկաններուն վրայ մեծ ծակեր բացուած էին: Այս դէպքը ձուկերուն գործին եկած էր: Տեսայ որ ձուկերու թիւը նուազիլ սկսած էր: Սակայն այդ աղաղակներուն մէջ տեսայ մօթօռին ղեկավարը, որ երկաթէ ծայրով գաւազան մը ի ձեռին, յաճախ կ՚աշխատէր ուռկաններէն փախչիլ աշխատող ձուկերը մօթօռ նետել: Պէտք է խոստովանիլ թէ իր այս ձեռնարկին մէջ կը յաջողէր, որովհետեւ գրեթէ տասը վայրկեանի չափ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ, կրցած էր քսանէ աւելի ձուկ մօթօռ առնել:

Երբ ուռկանները բոլորովին նաւակներուն մէջ առնուեցան, հաւաքուած էր գրեթէ քառասունի մօտ թօրիք, որոնց հասակը մօտաւորապէս վաթսուն սանթիմէթր էր:

Հիմա խնդիրը շահուն եւ կամ ձուկի քանակի վրայ չէր: Շահէն շատ աւելի էր վնասը: Որովհետեւ ուռկանը բազմաթիւ տեղերէ պատռած էր: Կարելի է քիչ վերջ մեր կարաւանը ուրիշ վօլիի մը պիտի հանդիպէր... Այն ատեն ի՞նչ պիտի ըլլար մեր այսօրուան այս տանջանքներուն արդիւնքը: Րէիսին հարցուցի թէ ի՞նչ պատճառաւ պատռած էր ուռկանը:

-Ես գիտէի գլխուս գալիքը, ըսաւ: Այս ջուրերը հէմ ցած հէմ տէ խայալըխ են: Խայաները պէրպատ ըրին աղերը:

Ատկէ վերջ գրեթէ ժամէ մը աւելի սկսան նորոգել, այսինքն կարել ուռկանները:

Ծովը անշարժ էր, բայց պէտք է ընդունիլ թէ ցուրտը ազդեցիկ էր: Նաւակներուն մէջ ջահեր վառեցին եւ սկսան ուռկաններով զբաղիլ: Ես ղեկավարին հետ սկսայ ձուկերը հաւաքել:

Ուռկանները նորոգուած ու մենք վերստին ճամբայ ելած էինք: Կարաւանը շրջագայիլ սկսած էր Չէքմէճէի բացերը:

Բայց այս անգամ բախտը մեզ հալածել սկսաւ: Երկար պտտեցանք սեւ ջուրերուն մէջ եւ առաւօտեան շողին տակ, բայց ոչ մէկ բանի հանդիպեցանք: Րէիսը միշտ յուսալից էր եւ միշտ անշարժ՝ շուրջը կը դիտէր մօթօռին քիթը կեցած:

 Քիչ մը տաքնալու համար մօթօռին սենեակը մտայ: Առաջին պահուն իրապէս տաք էր հոս: Ժամը նայեցայ՝ չորսին կը մօտենար, առաւօտեան չորսին:

Նստայ հոն գտնուող աթոռակի մը վրայ եւ սկսայ կէս մը մրափել:

Սակայն անկարելի էր քնանալ, որովհետեւ մօթօռին աղմուկը խցիկին ապակիները կոտրելու բաւական էր:

Այսուհանդերձ մարդ դիւրաւ կը վարժուի եղածին, երբ չկայ իր փնտռածը: Քանի մը վայրկեան վերջ սկսած էի քնանալ:

Յանկարծ մէկը ուսիս զարկաւ: Աչքերս բացի: Տեսայ որ րէիսն էր:

-Հայտէ, ըսաւ, բաներ մը ուտենք: Քուկին ալ փորդ անօթեցած ըլլալու է:

Մօթօռին վրայ հաց մը եւ քանի մը հատ չիրոզ դրուած էր: Սպասեցինք որ տաքնան մօթօռին տաքութենէն:

Ետիս նայեցայ: Կ՚երթայինք շարունակ: Մեր ետին կապուած մեծ նաւակները աջ ու ձախ ճօճիլ սկսած էին: Րէիսը ինծի դառնալով ըսաւ.

-Վաղը օդը աղուոր պիտի ըլլայ: Կը յուսամ որ բաներ մը ընենք:

-Մենք հիմա ո՞ւր կ՚երթանք:

-Ետ կը դառնանք: Երթանք խախվէ մը տէ, տաք չայ մը խմենք:

-Ետքը ի՞նչ պիտի ընէք:

-Նորէն ձուկի պիտի ելլանք: Ըսինք ա, այսօր օդը աղուոր է:

-Բնաւ չպիտի՞ պառկիք:

-Մեր քունը ատ է իշտէ, տեղ մը եթէ քիչ մը շէքէրլէմէ քէստիրմիշ ընենք, կ՚օգտէ:

Վկայ եմ որ այս մարդիկը օրը մէկ երկու ժամ հազիւ քնանան:

Հացն ու չիրոզները տաքցած էին: “Առ” ըսաւ րէիսը եւ սկսանք ուտել միասին:

Հեռուէն նշմարեցի Գումգաբուի լոյսը: Նոյն զգուշութեամբ ներս մտանք ալեբեկէն եւ ցամաք ելանք:

Մէկ օր առաջուան նման, տեսայ թէ անկիւնի “աքշամճի քահվէսի”ն ահագին բազմութիւն կար: Րէիսը այս մասին բացատրութիւններ տուաւ: Այս բոլորը եկած էին սրճարան մէյմէկ տաք թէյ խմելու, ատկէ վերջ բոլորը միասին ծով պիտի բացուէին իրենց սեփական կարաւաններով:

Տաճատ րէիսին հետ ուրիշ սրճարան մը գացինք որ գոց էր տակաւին, բայց արդէն արթնցած էր սրճարանատէրը, որ մեզ ներս առաւ եւ ինք սկսաւ պատրաստել մեր տաք թէյերը:

Առաւօտեան դէմ վերստին ծով բացուեցանք եւ հասկցանք թէ այս կեանքը յարատեւ էր այս մարդոց համար, ծայրերը իրարու կապուած շղթայի օղակներու նման:

Հիմա որ մենք այս տողերը կը կարդանք մեծ քաղաքի ժխորին մէջ, ես այնպէս կը կարծեմ թէ Տաճատ րէիս սա պահուս ծովուն վրայ է եւ իր քաջարի ձայնովը աջ ու ձախ հրամաններ կ՚արձակէ, ըսելով.

-Ուշադրութիւն, ձուկի վօլին չփախցնենք...:

* * *

Ինծի համար իրական դաս մը եղաւ այս արկածախնդրութիւնը, որովհետեւ առիթը ունեցայ տեսնելու մաքուր տարբեր աշխարհ մը, ուր առնական քաջութիւնը տիրապետող գիծն է:

Այդ աշխարհին բնակիչները բնութեան կուրծք տալով տիրացած են ժայռի պէս ամուր նկարագրի եւ ունին փիլիսոփայութիւն մը, որ ուղղակի կեանքի փիլիսոփայութիւնն է:

Ես սիրեցի մեր ձկնորս եղբայրներուն պարկեշտ եւ ուղիղ կեցուածքը կեանքի դժուարութեանց հանդէպ ու վստահ եմ որ ընթերցողներս ալ պիտի սիրեն, եթէ ճանչնան:

*

ԺԱՄԱՆԱԿ, 27 ՄԱՅԻՍ 1952

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՐԷԻՍՆԵՐԸ ՆԱՒՈՒՆ ՄԷՋ ՁԱՅՆԱՍՓԻՒՌԻ ԳՈՐԾԻՔԸ ՄԵՂՔ ԿԸ ՀԱՄԱՐՈՒԻ

ՎԱՐԴԱՆ ՕԶԻՆԵԱՆ

19 Մայիսի առաւօտեան ժամը 4ին արեւածագէն առաջ Տաճատ Քէօյլիւեանի «Սերրիլ» մօթէօռով ծով բացուեցանք: Երկինքը ամպամած էր ու խենդ հով մը կը սպառնար բոլորիս:

Երկու օրուան ընթացքին չէինք կրցած տեսնել բոլոր ռէիսները, բայց պէտք էր զանոնք ճանչնալ անպատճառ:

Քէօյլիւեանի գործի ընկեր Կարապետ Այվազեան տուաւ հետեւեալ տեղեկութիւնները, թուելով բոլոր ռէիսները:

«Մեր թաղի ռէիսներուն ամենէն տարիքոտն է՝ Գրիգոր Քիւչիւքեանը: Տարիներու քայքայիչ ազդեցութիւնը ոչինչ կրցած է պակսեցնել իր եռանդուն ոգիէն: Ան ունի երկու զաւակներ մին Տօքթ. Քիւչիւքեան իսկ միւսը Յուսիկ: Այս վերջինն ալ ձկնորս է ու բոլորէս սիրուած է:

Գաբրիէլ Տիւլկէրեանի որդին Երեւուն իր հօրը յաջորդն է այժմ ու ձեռնհասօրէն կը վարէ հօրը գործը: Երիտասարդ է:

Պօղոս եւ Գրիգոր Ինճէեան եղբայրները ունին իրենց խումբը: Յիշեմ նաեւ Վրամ Ինճէեանն ու Կարապետ Այվազեանը:

Չմոռնամ Հիւսէյին եւ Մէհմէտ Տէնիզ եղբայրները, որոնք շատ լաւ բարեկամներ են: Մենք բոլորս Վառվառեան վարժարանէն ենք:

Այս միջոցին Տաճատ ռէիս միջամտեց:

-Եթէ Ամիրան չըլլար, բոլորս մեր սուրբէն իսկ պիտի զրկուէինք:

-Իսկ Աւետիս Ինճէեան Կեդրոնական ալ յաճախած է: Հագգը Միւսլիւմ լաւ կազմածներու տէր է: Արիֆն ալ կայ: Դուք Գէորգ ռէիսը չտեսա՞ք, տեսէք իր եղբայրը Համբարձում մեր ետեւն է:

Գէորգ ռէիսը անցեալ առաւօտ տեսած էի, սակաւախօս, յարմարող ու ազնիւ մէկն էր: Ինքն էր որ առաջին անգամ հիւրասիրեց մեզ, սրճարանին մէկ անկիւնը ու մէթէօրօլօժիի եւ ռատարի մասին գիտական մարդու մը հայեացքով խօսեցաւ, բայց երբ հարցուցի որ ռատիօ ունէ՞ր իր մօթէօռին մէջ, այն ատեն յօնքերը պռստելով ըսաւ.

-Շիտակը ծրագրած եմ շատ անգամ: Բայց կը խորհիմ որ արդեօք մե՞ղք կը համարէ Աստուած:

Այվազեան շարունակեց.

-Պիտի թուեմ նաեւ Զաւէն Հիւնէրեանը եւ եթէ յիշողութիւնս չի խաբեր զիս, ուրիշ չկայ:

Ես տեսած էի նաեւ Կ. Ինճէեանի երիտասարդ եղբօրորդին Ճապին ու շատ մը ուրիշներ բայց շատ երկար կ՚ըլլայ անոնց մասին արտայայտուիլ:

-Ազգային հաստատութեանց մասին ի՞նչ կը խորհիք:

Տաճատ ռէիս կարճ պատասխան մը տուաւ այս հարցումիս:

-Մեր նախակրթարանը այժմ ունի իր հինգ դասարաններ ու ուսուցիչները. Ուստի գոհ ենք:

Խօսեցանք իրենց տնտեսական կացութեան մասին: Ձկնորսները շատ փայլուն չեն տեսներ ապագան: Տաճատ ռէիսի կարգին ուրիշներ ալ միշտ նոյն կերպով կը խօսին: Անգամ մը Տաճատ ինծի սապէս ըսաւ.

-Թող լսեն մեր հարուստները, ձկնորսութիւնը մեր ձեռքէն պիտի ելլէ, այս դժբախտութիւնը աւելի կանուխ կ՚ըլլար, սակայն մեր ծովուն հանդէպ սէրն է որ թոյլ չտուաւ այս բանին:

Ան աւելի առաջ երթալով յայտարարեց որ, յաջորդ տարի իրենցմէ մէկ քանին արդէն ջուր փոխադրելու պիտի սկսէին:

Այս կացութեան պատճառը երբ հարցուցի ըսաւ.

-Կարճ խօսքով գործակցութիւն չկայ առնողին ու ծախողին միջեւ:

-Կարելի է՞ դարմանել այս վիճակը եւ ինչպէ՞ս:

-Շատ պարզ է, ըսաւ ան: Մեծահարուստ հայեր փոխանակ տասը հազարաւոր ոսկիներ խանութի օդի դրամ տալու, թող միանան ու ձուկ արտածեն եւ քօնսէռվայի գործարան մը հիմնեն: Այսպէսով կարելի կ՚ըլլայ առանց ոեւէ դժուարութեան թէ մեր ձուկերը աւելի մեծ շահով ծախել եւ թէ մեր կազմածներուն ներածումը աւելի աժանի ապրանք ընել:

Հակառակ պարագային Չուպուքլուէն Եշիլգիւղ ջուր պիտի կրեմ:

Ինչպէս վերը գրեցի՝ ես առիթը չունեցայ բոլորին հետ տեսակցելու, ուստի այս խօսքերը աւելի հաստատելու համար հարցուցի:

-Այս բոլորը լաւ, սակայն բոլոր ձկնորսներդ համամիտ է՞ք այս ըսածներուդ:

-Անշուշտ եղբայր, ամէնքս ալ հոս եղբօր պէս ենք ու ամէնուս խորհածը նոյնն է այս մասին:

Ձկնորսները գանգատեցան նաեւ աղբի մօթէօռներէն, որոնք վնասներ կը պատճառէին իրենց: Անոնք եզերքին մօտ կը թափեն իրենց աղբերը ու այսպէսով ձկնորսներուն ուռկանին կը կառչին թելեր ու թիթեղներ եւ կը պատռեն անոնք:

Մեր մօթէօռը Եղիլգիւղի բացերը եկած էր արդէն ու մենք հրաժեշտ առինք այս անկեղծ մարդոցմէ:

- վերջ -

  

Շաբաթ, Մայիս 25, 2024