ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱՃԵԼԻ ՔԱՅԼԵՐԹ
Շիշլի մարզակումբի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի համատեղ նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ քայլերթ մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ «Աթաթիւրք» քաղաքային անտառին մէջ տեղի ունեցաւ քայլերթը, որու մասնակիցներու շարքին էին համայնքային վարիչներ, թրքահայ շրջանակներէն զանազան գործիչներ, ինչպէս նաեւ Կէտիկփաշայի հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլու։
Քայլերթի աւարտին Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բակին մէջ սարքուեցաւ նախաճաշ մը։ Այս փուլին ելոյթներ ունեցան Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Թեքպըչաք եւ Օրթագիւղի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի փոխ-ատենապետ Սայաթ Տելիճէ։
Նկատի ունենալով, որ համայնքային հոծ թիւով վարիչներ համախմբուած էին՝ երիտասարդ պատմաբան Խաչատուր Ներսէսօղլուն ալ հրաւիրուած էր ներկայացնել իր գիրքը, որ կը կոչուի «Հայ մամուլին մէջ Լոզանի դաշնագիրը»։
Վերապատուելի Գրիգոր Աղապալօղլուի փակման աղօթքէն վերջ, բոլոր ներկաները արձակման փուլին շնորհակալութիւն յայտնեցին քայլերթի կազմակերպիչներուն։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024