ՄԱՅՐԸ՝ ԻՐ ՎԵՀՈՒԹԵԱՆԸ ՄԷՋ

Սո­վո­րու­թիւն է, տա­րին ան­գամ մը յի­շել մայ­րե­րը՝ «Մայ­րե­րու օր»ուան տօ­նին առ­թիւ։ Ը­սե­լիք չու­նինք այդ մա­սին ան­շուշտ, բայց երբ կա՛յ մայ­րու­թեան մեծ տի­պար մը՝ Աս­տուա­ծա­մայ­րը, ա­պա ու­րեմն մենք ալ կ՚ու­զենք ամ­բողջ շա­բաթ մը յի­շել մայ­րե­րը՝ Աս­տուա­ծա­մօր Վե­րա­փոխ­ման յա­ջոր­դող օ­րե­րուն, քա­նի որ ըստ Ե­կե­ղեց­ւոյ, տօ­նը կը տե­ւէ ի­նը լման օ­րեր։ Այ­լա­պէս, ա­յո՛, մայ­րե­րը յի­շենք «Մայ­րե­րու օր»ը, բայց յի­շենք նաեւ մայ­րե­րու մեծ տօ­նին առ­թիւ ալ, ամ­բողջ շա­բաթ մը։ Ի­րա­կա­նին, մայ­րե­րը յի­շուե­լու պա­հանջ­քը չու­նին. քա­նի որ ա­նոնք ա­նոնք միշտ, ա­մէն օր մե­զի հետ են եւ եր­բեք չե՛ն մոռ­ցուիր, որ յի­շենք զի­րենք։ Նա­խա­պէս ը­սինք՝ «մայր»ը միայն ծնող չէ՛, այլ՝ խնա­մող, հո­գա­տար նաե՛ւ։

Ուս­տի ըլ­լա՛յ «օր» մը, ըլ­լա՛յ «շա­բաթ» մը մայ­րա­կան սի­րոյ եւ անձ­նա­զո­հու­թեան փա­ռա­բա­նու­թիւ­նը կա­տա­րել չի՛ բա­ւեր։ Ե­թէ ստոյգ է, թէ ազ­գե­րու ճա­կա­տա­գի­րը եւ ա­պա­գան մայ­րե­րու ձեռ­քը դրուած է, ա­պա ու­րեմն չկա՛յ խնդիր մը՝ այն­քան այժ­մէա­կան եւ կեն­սա­կան, ո՛ր­քան գիտ­նալ, թէ մա­նա­ւանդ ներ­կայ փո­թոր­կա­լից ժա­մա­նակ­նե­րուն մէջ ի՛նչ կ՚ակն­կա­լուի եւ կը պա­հանջուի ար­դի մօր­մէ։ Ի­րա՛ւ է, թէ մօ­րը հի­նը եւ նո­րը չկայ, մայ­րու­թիւ­նը եւ մայ­րա­կան սէ­րը ան­ժա­մա­նակ է՝ հին­նալ չի գի­տեր, եւ սա­կայն ստոյգ է եւ ան­վի­ճե­լի նաեւ, որ յի­սուն-վաթ­սուն տա­րի ա­ռաջ՝ մեր մա­նուկ կեան­քին մէջ «մայր ըլ­լալ» ի՛նչ որ կը նշա­նա­կէր, այ­սօր տար­բեր պայ­ման­նե­րու եւ մի­ջա­վայ­րե­րու մէջ ծնած ու մեծ­ցած տղուն կամ աղջ­կան մայր ըլ­լալ, զա­նոնք պա­հել, պատս­պա­րել եւ ա­նոնց կեան­քին ըն­թաց­քը ո­րո­շել՝ ուղ­ղու­թիւն տալ, բո­լո­րո­վին տար­բեր յատ­կու­թիւն­ներ կը պա­հան­ջեն մօր­մէն։

Այս տե­սան­կիւ­նէն դի­տե­լով՝ որ­քան ալ սուրբ եւ նուի­րա­կան է մայ­րու­թեան գա­ղա­փա­րը, պէ՛տք է ը­սել՝ թէ կան մայ­րեր, որ ա­նար­ժան են ի­րենց վեհ կո­չու­մին, եւ դժբա՜խտ են ա­նոնց խնամ­քին յանձ­նուած զա­ւակ­նե­րը։ Եւ ո՜ր­քան ե­րի­տա­սարդ­ներ, դժբախ­տա­բար ի­րենց բա­րո­յա­կան ան­կու­մին ա­ռա­ջին քայ­լը տու­նէն՝ ըն­տա­նի­քէն կ՚առ­նեն, ի­րենց ան­պա­տաս­խա­նա­տու եւ ան­գի­տա­կից մօր պատ­ճա­ռով մա­նա­ւանդ։

Միայն ե­րի­տա­սար­դի մը սի­րա­հա­րիլ, հա­մակ­րիլ, քիչ ժա­մա­նակ վերջ ե­կե­ղե­ցին՝ հո­գե­ւո­րա­կա­նի ներ­կա­յու­թեան սի­րոյ եւ հա­ւա­տար­մու­թեան ուխտ ը­նել, յե­տոյ ըն­տա­նիք կազ­մել, տան մէջ բնա­կու­թիւն հաս­տա­տել, մի­ջոց մը ետքն ալ զաւ­կի մը տէր ըլ­լալ՝ զայն գրկել, գգուել, փայ­փա­յել եւ կամ մա­նու­կը սնու­ցա­նել, հա­գուեց­նել, քնաց­նել. այս չա­փը ա­մէն մօր հա­մար բնա­կան է եւ սո­վո­րա­կան, մա­նա­ւա՛նդ բնազ­դա­կան։ Ար­դա­րեւ կարգ մը ան­բան-ա­նա­սուն կեն­դա­նի­նե­րու մայ­րերն ալ չա­փով մը նոյն բա­նե­րը կ՚ը­նեն ի­րենց ձա­գե­րուն։ «Մայ­րու­թիւն»ը ու­րիշ բան մըն է։

Ուս­տի այ­սօ­րուան մայ­րը, այ­դի մայ­րը յա­տուկ խնամ­քով, մաս­նա­ւոր բծախնդ­րու­թեամբ պատ­րաս­տուած պէտք է ըլ­լայ մայ­րու­թեան վեհ կո­չու­մին՝ ինչ­պէս ա­րուես­տա­գէ­տը կը պատ­րաս­տուի իր ա­րուես­տին, ի­րա­ւա­բա­նը՝ իր դա­տին, ու­սու­ցի­չը՝ իր դաս­տիա­րա­կու­թեան, պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ։ Կա­րե­լի՞ է խոր­հիլ, թէ օր մը թե­րեւս պի­տի գայ շրջան մը՝ որ ա­ռանց նա­խա­գի­տե­լիք­նե­րու եւ նա­խակր­թու­թեան թոյլ պի­տի չտրուի, որ աղ­ջիկ մը մայ­րա­նայ եւ ըն­տա­նի­քի տէր ըլ­լայ։ Ան­շուշտ շա­տեր պի­տի հա­կադ­րեն՝ ը­սե­լով, թէ մարդ­կա­յին ի­րա­ւունք­նե­րու եւ ա­զա­տու­թեան հա­կա­ռա՛կ է նման մտա­ծում մը։

Ի­րա­ւունք ու­նին ա­նոնք երբ հար­ցին նայուի ա­զա­տու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, բայց պէտք է խնդի­րը դի­տել նաեւ ըն­կե­րա­յին շա­հու, ա­պա­գա­յի ա­պա­հո­վու­թեան տե­սան­կիւ­նէն, եւ այն ա­տեն պի­տի տես­նուի, որ ո­րո­շում տա­լու մէջ պէտք է ա­ճա­պա­րել…։

Ուս­տի ար­դի մայ­րը պէ՛տք է նախ­նա­կան հմտու­թիւն, ի­մա­ցականու­թիւն ու­նե­նայ, մարմ­նա­կան եւ մա­նա­ւանդ հո­գե­կան ու բա­րո­յա­կան ա­ռող­ջա­պա­հա­կան տար­րա­կան սկզբունք­նե­րուն, մարմ­նոյ կազ­մու­թեան, մտա­յին կազ­մա­ւո­րու­թեան, պարզ հի­ւան­դու­թիւն­նե­րու դար­մա­նու­մին մա­սին, որ­պէս­զի կա­րող ըլ­լայ գիտ­նալ, թէ ի՛նչ­պէս խնա­մե­լու է մա­նու­կին մար­մի­նը, եւ ի՛նչ­պէս հասց­նե­լու, մեծց­նե­լու է զայն՝ որ ըլ­լայ ա­ռողջ, ու­ժեղ եւ կայ­տառ՝ թէ՛ մարմ­նա­պէս, թէ՛ հո­գե­պէս եւ թէ մտա­պէս։ Գի­տա­կից եւ պա­տաս­խա­նա­տու մայ­րերն են, որ կրնան հասց­նել ա­ռողջ սե­րունդ­ներ։

Մայ­րը պէ՛տք է տե­ղեակ ըլ­լայ նաեւ հո­գե­բա­նա­կան հիմ­նա­կան սկզբունք­նե­րուն, որ­պէս­զի կա­րե­նայ հսկել մա­նու­կին մտա­յին աճ­մա­նը եւ հասկ­նալ, թէ ի՛նչ աս­տի­ճան­նե­րէ կ՚անց­նի ա­նոր մտա­ւոր կեան­քը, եւ թէ ի՛նչ մի­ջոց­նե­րով մշա­կե­լու է ման­կան մտա­յին կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ար­դի մայ­րը ու­նե­նա­լու է նաեւ խո­րա­թա­փանց տե­սիլք, որ կա­րե­նայ տես­նել զաւ­կին մէջ «հո­գե­ւոր մարդ»ը, եւ կա­րող ըլ­լայ սնու­ցա­նել ա­նոր հո­գե­կան պէտ­քե­րը, երբ ա­նոնք փթթող ծա­ղի­կի մը նման կը բա­ցուին եւ օ­րէ օր կը յայտ­նուին։ Հո­գե­պէս ա­ռողջ մայ­րե­րու ձեռ­քին մէջ կը հաս­նին հո­գե­պէս կա­տա­րեալ զա­ւակ­ներ՝ ա­պա­գա­յին շի­նա­րար­նե­րը։

Բա՛րձր է մայ­րու­թեան կո­չու­մը, ո­րուն հա­մար թէ՛ տան մէջ, թէ՛ դպրո­ցին մէջ եւ թէ ե­կե­ղե­ցիին մէջ յատ­կա­պէ՛ս պատ­րաստուե­լու են ա­նոնք՝ որ օր մը պի­տի մայ­րա­նան եւ ազ­գին ու հա­մայն մարդ­կու­թեան մա՛րդ պատ­րաս­տե­լու սրբա­զան ու նուի­րա­կան պաշ­տօ­նը պի­տի ստանձ­նեն իբ­րեւ «ար­դի մայր», պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան գի­տակ­ցու­թեամբ։

Այս առ­թիւ ան­գամ մը ես կը շնոր­հա­ւո­րենք բո­լոր մայ­րե­րը եւ կին-մար­դի­կը, քա­նի որ ա­նոնց նուի­րուած է տօն մը՝ Աստուա­ծա­մօր հրա­շա­լի՜ տի­պա­րո­վը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Օգոստոս 21, 2015