ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԷՔՐԷՄ ԻՄԱՄՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Տեսակցութիւնը տեղի ունեցաւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետարանին մէջ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը Էքրէմ Իմամօղլուն շնորհաւորեց՝ վերընտրութեան առթիւ եւ յղեց յաջողութեան մաղթանքներ։ Քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց այս այցելութեան եւ բարեմաղթութիւններուն համար։ Զրոյցի տեւողութեան շօշափուեցան թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի օրակարգի զանազան հարցեր, որոնց լուծման ճանապարհին դերակատարութիւն կրնայ վիճակիլ քաղաքապետարանին։ Իմամօղլու այդ բոլորով հետաքրքրուելու համար տեղւոյն վրայ պաշտօնի կոչեց՝ քաղաքապետարանի պատկան պաշտօնատարներէն մին։

Հանդիպման ընթացքին Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) ատենադպիր Լեւոն Քուզիքօղլու եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան։

Երեքշաբթի, Մայիս 28, 2024