ՆԱԽԱՐԱՐ ԵՈՒՍՈՒՖ ԹԵՔԻՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԷՅՊԵԼԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԸ

Ազգային կրթութեան նախարար Եուսուֆ Թեքին երէկ այցելեց Հէյպելի կղզիի յունաց վանքը, ինչ որ արձագանգ գտած է նաեւ տեղական մամուլին մէջ։ Տասնամեակներէ ի վեր փակ է այս վանքը եւ անոր վերաբացումը միշտ օրակարգի վրայ է՝ հաշուի առնելով, որ առարկայ է միջազգային հետաքրքրութեան։

Նախարար Թեքին հիւրընկալուեցաւ վանահայր մետրապոլիտ Վասիլի Նիքոլասի ու տեղւոյն մատակարար մարմնի ատենապետին՝ Ճորճիոս Ստեֆանոփուլոսի գլխաւորութեամբ։ Այս համալիրէն ներս ներկայիս կը գործէ լիսէ մը։ Եուսուֆ Թեքին թէ՛ շրջեցաւ լիսէի շէնքը եւ թէ տեղւոյն վրայ ուսումնասիրեց վանքի բաժնէն ներս ձեռնարկուած վերանորոգութեան ընթացքը։ Ան շեշտեց, որ այս շէնքը պատմական նշանակութիւն ունի եւ կարեւորեց անոր՝ բուն դիմագիծին համապատասխան վերանորոգուիլը։ Նախարարը մասնաւոր հետաքրքրութիւն ցոյց տուաւ վանքի գրադարանին նկատմամբ, ուր շուրջ 80 հազար գիրք կը գտնուի։

Հանրապետութեան նախագահ Էրտողան, որ վերջերս այցելած էր Աթէնք, Յունաստանի ղեկավարութեան հետ բանակցութիւններուն ընդառաջ յայտնած էր, որ Հէյպելիի վանքի վերաբացման ուղղութեամբ աշխատանքները կը շարունակուին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 29, 2024