ՕՏԱՐԱՆԱԼՈՒ ՀԱԿԱՄԷՏ ԵՆՔ
Մերօրեայ հայը անցեալին հայերէն ինչո՞վ կը տարբերի. այս մէկը լուրջ վերլուծութեան խնդիր է, սակայն աւելի քան պարզ է, որ մերօրեայ հայը աւելի նուազ հայ է՝ քան անցեալի հայը. սակայն զաւեշտալի ճշմարտութեամբ մը, մերօրեայ հայը շա՛տ աւելի հայ է՝ քան վաղուան հայը: Այդ տարբերութիւնը եթէ անցեալին կը նկատուէր սերունդներու փոփոխութիւնով, այսօր օրերու տարբերութեամբ կը կատարուի:
Այդ տարբերութիւնն ու համեմատականը մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած է. այս գաղափարը կարելի է փաստել, օրինակի համար, մեր թուականէն 143 տարիներ առաջ՝ 1881 թուականին հրապարակախօս, թարգմանիչ ու մանկավարժ Մատթէոս Մամուրեանի «Անգլիական նամականի կամ հայու մը ճակատագիրը» աշխատութեան 136-րդ էջին մէջ գրած հետեւեալ տողով. «Այս իրաւ է, որ անցելոյն հայն ներկայի հայուն հետ բաղդատելով՝ այնքան մեծ տարբերութիւն կը գտնեմ որչափ երկու հակոտնեայ ժողովուրդներու մէջ». գրողը իր օրերու եւ անցեալի հայուն մէջ այնքա՜ն տարբերութիւն կը գտնէ, որ զանոնք ամբողջութեամբ տարբեր ազգի ներկայացուցիչներ կը կարծէ: Վստահաբար կը հաւատանք, որ Մամուրեան, ինչպէս նաեւ ուրիշ գրողներ այդ փոփոխութիւնը միայն արտաքինին մէջ չէ՛ որ կը գտնեն։ Արտաքինը բնականաբար կը փոխուի, սակայն մտահոգեցուցիչ է, երբ արտաքինին հետ միասին մարդ կը փոխէ հոգին, ինքնութիւնն ու դիմագիծը:
Մարդկային արժէքներու փոփոխութիւնները մի՛շտ ալ գոյութիւն ունեցած են, սակայն վերջին հարիւր տարիներուն, ի տարբերութիւն միւսներուն. այդ փոփոխութիւնները դարձան կտրուկ։ Ի յայտ եկան հայեր, որոնք սկսան հաւատալ, որ հայկական ինքնութեամբ կարելի չէ նաւարկել կեանք կոչուող փոթորկոտ ծովուն մէջ եւ հետեւաբար իրենց կեանքի նաւը անբեկանելի դարձնելու համար մերկացան իրենց ինքնութենէն եւ ընտրեցին անորը՝ որ աւելի մեծ ու զօրաւոր նկատեցին: Անոնք իրենց կեանքն ու ապագան ապահովելու սիրոյն յանձն առին ծաղրածուի մը նման ծպտուիլ եւ պատսպարուիլ այն քաղաքակրթութեան հովանիի տակ՝ որ ի սկզբանէ իրենցը չէր եւ գուցէ երբեք ալ չկրցաւ ըլլալ. անոնք լոկ կապկեցին ու նմանակեցին՝ կեղծ փոփոխութեամբ մը պարզապէս:
Վերջին հարիւր տարիներու մեր հայկական ինքնութիւնը եղաւ բոյն՝ բազմահազար հակասութիւններու, որովհետեւ հայը հոգիով սիրեց իր հայրենիքը՝ սակայն ինչքան կրցաւ փորձեց հեռանալ, երթալ հեռու՝ անվերադարձ. սիրեց իր եկեղեցին, սակայն ջանք չխնայեց այլ եւ այլ աղանդներու ճամբով մոլորեցնելու ժողովուրդը. հոգեպէս եւ գործնական ձեւով ըրաւ այն ամէնը՝ որ բարոյապէս յոռի ու խոտոր կը նկատէր ու վերջաւորութեան ինքզինք գտաւ դագաղի մը առջեւ՝ որուն վրայ գրուած էր Հայրենիք, գրուած էր Ազգ: Այս բոլորին մէջ հայը նմանեցաւ այն պոռնիկին, որ ամբողջ կեանքը խօսեցաւ կուսութեան կարեւորութեան մասին, սակայն երբեք նկատի չունեցաւ այն վիճակը՝ որուն մէջ կը գտնուէր ի՛նք:
Ազգասիրութիւն, պայքար, զոհողութիւն, յաղթանակ, գոյամարտ եւ նման մի քանի տասնեակ բառերու զօրեղ հնչիւնաբանութեամբ պայմանաւորուած է հայու հայրենասիրութիւնը. Բաւական է մէկը բարձրանայ բեմ եւ արտասանէ հայրենիք, ազգ, միութիւն, միասնականութիւն, պայքար ու յեղափոխութիւն բառերը, ծափահարութիւն մը ծայր տայ, մի քանի վայրկեանի համար ձեռքերը բռունցքի վերածուին ու վերջ. աւարտին հասաւ հայրենասիրութիւնը... արդէն ժամանակն է ինքնասիրութեան եւ փառասիրութեան, որ աւելի ծանր կը կշռէ՝ քան հայրենիքը:
Նման հայու մը վիճակը ինչքա՜ն սիրուն ձեւով կը նկարագրէ Նշան Պէշիկթաշլեան. ան իր աշխատութիւններէն մէկուն մէջ կ՚ըսէ. «Հայը կապուած է իր ցեղին, իր լեզուին, քիչ թէ շատ իր օրաթերթին ու գրականութեան եւ մշակոյթին: Սակայն վայ, եթէ օտար լեզու մը սորվի կարդացածը հասկնալու չափ. կամացուկ մը «մնաս բարով» կ՚ըսէ իր մշակոյթին՝ վերէն նայելով անոր վրայ ու կը բռնէ այլասերման նրբուղին». այսօր այդ «վա՜յ»ին մէջն է որ կ՚ապրինք եւ այլասերման ճամբան արդէն իսկ «նրբուղի» մը չէ, այլ մայրուղի մը՝ բազմահազար հայերով ողողուած:
Մամուրեան, Պէշիկթաշլեան, Շահնուր եւ բազմաթի՜ւ ուրիշներ կը քննադատէին իրենց օրերու հայը. այդ մէկը շատ շատերու կողմէ կը դիտուէր որպէս «հայատեացութիւն», սակայն անոնք աւելի հայրենասէր էին՝ քան զիրենք հայատեաց կարծողները, որովհետեւ մեր մտաւորականներէն շատեր լաւապէս կը գիտակցէին, թէ այս ընթացքով ո՞ւր կրնայ հասնիլ ապագայ հայ սերունդը. գուցէ իրենք եւս չունենային այն սպասումը, որ հայը կրնայ հասնիլ հոն՝ ուր որ է այսօր:
Դարձեալ Մամուրեանն է գրողը. հայերը «օտարանալու հակամէտ են. շուտ կը յարմարին իրենց ընտրած հայրենիքին կլիմային, բարուց ու օրինաց եւ միայն իրենց կրօնական սկզբունքն ամուր կը պահեն»։ Է՜հ սիրելի Մամուրեան, հիմա այդ կրօնական սկզբունքն ալ չմնաց. հիմա լիովին կը ձուլուին ու կը յարմարին, իրենց հայու տեղ ամերիկացի կամ եւրոպացի նկատելով. դուք բախտաւոր էիք, որ տակաւին բան մը կար պահուած, իսկ հիմա... իսկ վա՞ղը:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ժամացոյցի գիւտէն առաջ ինչպէ՞ս կը հասկնային ժամը:
Պատասխան. Մինչեւ ժամացոյցի գիւտը մարդիկ կ՚օգտագործէին տարբեր մեթոտներ, հասկնալու համար ժամանակը. ամենէն տարածուած մեթոտը երկինքի մէջ արեւի դիրքն էր, որ կը ծառայէր արեւային ժամացոյցի օգտագործան: Արեւային ժամացոյցը, որ առաւելաբար կը տեսնենք եգիպտական եւ յունական քաղաքակրթութեան մէջ, արեւի գծած ստուերին համաձայն ցոյց կու տար ժամը։ Բացի արեւայինէն մարդիկ օգտագործած են նաեւ ջրային ժամացոյցներ, ինչպէս օրինակ՝ չինացիները։ Անոնք ժամանակը կը չափէին մէկ սափորէն միւս սափորը ջուր լեցնելով եւ անոր հոսքի տեւողութիւնը կ՚ընդունէին որպէս ժամանակ: Յաճախ մարդիկ ժամանակը գիտնալու համար կը գործածէին նաեւ մոմը եւ կամ աւազի ժամացոյցը: Այս բոլորը մերօրեայ ժամերու առումով ճշգրիտ ժամ կամ ժամանակ ցոյց չէին կրնար տալ, սակայն կ՚օգնէին, որ հին դարերուն ապրող մարդը յաջողի փորձել ստուգել ժամն ու ժամանակը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024