ՅԱՐԱՏԵՒ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանիի հետ։ Միրզոյեան կրկնեց հայկական կողմին վշտակցութիւնները Իրանի մէջ՝ այժմ արդէն նախկին նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի մահուան կապակցութեամբ։ Իրանական կողմն ալ ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն յայտնեց Հայաստանի հիւսիսի Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերու հեղեղներու հետեւանքներուն համար։ Զրուցակիցները ընդգծեցին, որ երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու միջեւ բարիդրացիական կապերը խոր են ու ամուր, կը կրեն շարունակական բնոյթ։

Արարատ Միրզոյեան եւ Ալի Պաղերի Քանի անդրադարձան երկկողմանի եւ տարածաշրջանային օրակարգի խնդիրներուն։ Անոնք շեշտեցին կողմերու միջեւ ցարդ ձեռքբերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման եւ ընթացիկ ծրագրերու շարունակականութեան ապահովման հարցին մէջ փոխադարձ պատրաստակամութիւնը։

Իր կարգին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովն ալ այցելութեան ձեռնարկած է դէպի Իսլամապատ, ուր Փաքիստանի ղեկավարութեան հետ կը վարէ բանակցութիւններ։

Միւս կողմէ, Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրն ալ երէկ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Թուրքիա։ Կողմերը քննարկեցին ռազմաթեքնիք համագործակցութեան հեռանկարները։

Հինգշաբթի, Մայիս 30, 2024