«ՁԿՆՈՐՍՆԵՐՈՒ ԽՐԱԽՃԱՆՔ»

Լոս Անճելըսի պոլսահայ միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Ձկնորսներու խրախճանք» մը, որ մեծ ոգեւորութեան առիթ դարձաւ։ Շուրջ 150 հոգի համախմբուեցաւ ընթրիքի սեղաններուն շուրջ, մինչ ճաշացուցակը պատրաստուած էր ծովային ճոխ տեսականիով։ Գործադրուեցաւ նաեւ երաժշտական յայտագիր։

Միութեան հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Էտի Սարաֆօղլու հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024