Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ԿԱԶԻ ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԾԱՒԱԼՆԵՐ
Անգարա-Պաքու համագործակցութեան առանցքին մնալ կը շարունակէ ուժանիւթի ոլորտը։ Վերջերս Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ բնական կազի գծով համագործակցութեան նոր համաձայնագիր մը։ Իսթանպուլի մէջ փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ երկու երկիրներու ուժանիւթի նախարարներուն՝ Ալփարսլան Պայրաքթարի եւ Միքայըլ Ճապպարովի կողմէ։
Կողմերը կը նախատեսեն մինչեւ 2030 թուականը Կասպից տարածաշրջանի Ատրպէյճանի բնական կազը յաւելեալ ծաւալով Թուրքիա տեղափոխել։ Այդ բնական կազի մէկ մասը Թուրքիոյ վրայով դէպի Եւրոպա պիտի տարանցուի։
Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024