ԱՆՊԱՏՇԱՃ ՈՒԺԻ ՑՈՅՑ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը արձագանգեց 28 Մայիսին՝ Հայաստանի մէջ Հանրապետութեան տօնի նշման ժամանակ Սարդարապատի յուշահամալիրէն ներս պատահած ցաւալի դէպքին, երբ ոստիկանութիւնը խոչընդոտած էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին մուտքը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան երէկ այս կապակցութեամբ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը։ Համահայկական աշխարհատարած այս կազմակերպութեան Նիւ Եորքի կեդրոնէն հաղորդուեցաւ, թէ Պերճ Սեդրակեան մտահոգ է Հայաստանի առկայ լարուածութեամբ, որ տակաւ կ՚ահագնանայ։ ՀԲԸՄ, որ աշխարհի մեծագոյն հայկական բարենպատակ կառոյցն է եւ ունի աշխարհատարած մեծ ցանց մը, այս ցնցիչ իրադարձութեան դիմաց հանդէս եկած է տեղին յայտարարութիւնով մը։

Նախագահ Պերճ Սեդրակեան յայտարարութեան մէջ յիշեցուցած է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ներկայիս արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ՝ մինչ հայկական հասարակութիւնը հետզհետէ կը ճնշուի լարուածութեան ու պառակտման ներքեւ։ Յայտարարութեան մէջ այս համայնապատկերին վրայ մեկնաբանուած է Սարդարապատի ցաւալի դէպքը, որ ներկայ շաբթուան տեւողութեան խոր մտահոգութեան պատճառ դարձած է։ Պերճ Սեդրակեան դէպքը արժեւորած է հաստատութենական մօտեցումով ու զայն որակած՝ արդի ընդունուած արժէքներու քայքայման վառ օրինակ մը։ Ան շեշտած է, որ Հայաստանի ոստիկանութիւնը առանց հիմնաւոր ու արդար պատճառաբանութեան թոյլ չէ տուած Վեհափառ Հայրապետին եւ իր շքախումբին մուտքը Սարդարապատի յուշահամալիր։ Նորին Սրբութիւնը Սարդարապատ մեկնած էր՝ ոգեկոչելու համար նահատակները։ Նախագահ Սեդրակեանի խօսքով՝ Նորին Սրբութեան մուտքին թոյլ տրուելէն վերջ ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ մերկացած է՝ ոստիկանութեան կողմէ կատարուած անպատշաճ ուժի ցոյցը։

Ի շարունակութիւն, ՀԲԸՄ-ի նախագահը ընդգծած է, որ պետական պաշտօնեաներու կողմէ ազգային եկեղեցւոյ բարձրագոյն իշխանութեան դէմ անարգանքը կը համարուի անհանգստացուցիչ եւ անարգա՛նք բոլոր բարեպաշտ ու հաւատացեալ հայոց դէմ։ Ան համոզուած է, թէ այս կէտին վրայ ի յայտ կու գայ կարիք մը։ Այսպէս, նոր ու միասնական նուիրում մը պէտք է ցուցաբերել թէ՛ ժողովրդավարական սկզբունքներուն եւ թէ ազգային եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն նկատմամբ։ Պերճ Սեդրակեան ընդգծած է, որ այդ աւանդութիւնները հազարամեակներ շարունակ ամբողջ աշխարհի մէջ հանդիսացած են հայկական ինքնութեան սիւն։

Հարկ է նշել, որ ՀԲԸՄ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը տասնամեակներէ ի վեր կը ծաւալեն սերտ համագործակցութիւն, որու արդիւնքով Հայաստանի մէջ կ՚ապահովուին շատ կարեւոր ներդրումներ եւ յատկացուած միջոցները կը ծառայեցուին բազմաթիւ ուղղութիւններով, բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ։ Աւելին, ՀԲԸՄ տասնամեակներէ ի վեր կը հանդիսանայ ամբողջ հայաշխարհէ ներս հայաստանակեդրոն մտածելակերպի հետամուտ հիմնական կառոյցներէն մին։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024