ՀԱՄԱՐՁԱԿՈՒԹԵԱՆ ԿՈՉ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն հերթական անգամ քննարկեցին Կովկասի տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան ու բարգաւաճման աջակցելու հնարաւորութիւնները։

Երէկ, Ֆիտան եւ Պլինքըն հանդիպում մը ունեցան Փրակի մէջ, ուր Չեխիոյ տանտիրութեամբ կազմակերպուած էր ՆԱԹՕ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը։ Անոնք զրուցեցին Կազզէի մէջ հրադադարի հաստատման ուղղեալ բանակցութիւններու ընթացքին եւ Պաղեստինի հիմնախնդրի լուծման հեռանկարներուն շուրջ։ Զրուցակիցները արժեւորեցին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները եւ քննարկեցին Ուքրայնայի առկայ վիճակը։ Թէեւ թրքական կողմի հաղորդումներուն մէջ ուղղակիօրէն չէ մատնանշուած, սակայն, ամերիկեան կողմին հրապարակած տեղեկութիւններուն մէջ ընդգծուած է, որ օրակարգի վրայ եկած են նաեւ Կովկասի վերաբերեալ նիւթեր։

Բաց աստի, «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Իսլամապատի մէջ ընդունուած է Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շերիֆի կողմէ։ Պաքուի աղբիւրները այս կապակցութեամբ հաղորդեցին հետեւեալը. «Բոլոր ոլորտներու մէջ Ատրպէյճան-Փաքիստան-Թուրքիա եռակողմանի համագործակցութեան ձեւաչափի աշխուժութեան ամրապնդումը յատկապէս կը նպաստէ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան եւ կը ծառայէ այս երեք երկիրներու տարածաշրջանային ու համաշխարհային դիրքերու ամրապնդման։ 

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանն ալ երէկ յայտնեց, որ Թուրքիա կը շարունակէ ջանքեր ներդնել, որպէսզի խաղաղութիւնը, անդորրութիւնն ու կայունութիւնը գերիշխեն լայն աշխարհագրութեան մը մէջ՝ Փաքիստանէն, Աֆղանիստանէն ու Լիպիայէն սկսեալ, մինչեւ Սոմալի, Սուտան, թրքալեզու հանրապետութիւններ եւ Պալքաններ։ Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիա այդ մէկը կ՚ընկալէ իր սրտի աշխարհագրութիւնը։ Այդ բոլոր երկիրներու անվտանգութիւնը թրքական կողմը համահաւասար կը դասէ սեփական անվտանգութեան։ Էրտողան ըսաւ.

«Երեսուն տարի անց Ղարաբաղի ազատագրումով մեր տարածաշրջանէն ներս մշտական անդորրութեան համար պատմական հնարաւորութեան պատուհան մը բացուած է։ Մենք համոզուած ենք, թէ սա պէտք չէ մսխուի։ Հայաստան խաղաղութեան պիտի մօտենայ այնքան՝ որքան պիտի ձերբազատուի օտար ուժերու եւ սփիւռքի գերութենէն։ Հայ ժողովուրդը պէտք է տեսնէ ու հասկնայ, թէ իր ապագան ո՛չ թէ արտաքին ուժերու եւ գրգռիչներու հետ է, այլ իր հարեւաններուն հետ. հարեւաններ, որոնց հետ դարերէ ի վեր ապրած է ու պիտի շարունակէ ապրիլ»։ Ուստի, Էրտողան շեշտեց, որ անհրաժեշտը պէտք է կատարել համարձակօրէն։

Ուրբաթ, Մայիս 31, 2024