ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՎԵՐԱՊԱՏՐԱՍՏԵԱԼ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ երէկ մէկտեղուեցաւ պոլսահայ վարժարաններու կրօնագիտութեան ուսուցիչներուն հետ, որոնք անցեալ շրջանին Պատրիարքարանի կողմէ կազմակերպուած վերապատրաստման դասընթացքներուն մասնակցեցան։ Կրթական շրջանի աւարտին արդէն այս դասընթացքներն ալ եզրափակուած են՝ մինչ Ամենեպատաիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը անոնց մասնակիցներուն երէկ յանձնեց վկայականներ։ Հաւաքոյթին մասնակցեցան դասընթացքի մասնագէտները, վերապատրաստուած կրթական մշակները եւ այլ հիւրեր։ Մասնակիցներուն անունով ելոյթ մը ունեցաւ Հերա Իսքէնտէրօղլու։ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրն ալ գնահատեց վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից կրթական մշակները՝ իրենց գիտելիքներու կատարելագործման ձգտումի համար։

Հուսկ, ընդունելութեան սեղանի շուրջ ստեղծուեցաւ ջերմ մթնոլորտ եւ բոլոր կրթական մշակները շնորհակալութիւն յայտնեցին՝ մասնաւորապէս Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանին, որ այս դասընթացքներու գլխաւոր պատասխանատուն էր։

Բաց աստի, Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ մէկտեղուեցաւ նաեւ համայնքային միջնակարգերու աւարտական դասարաններու սաներու երկրորդ խումբին հետ՝ այս անգամ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ։ Այս շաբաթավերջի լիսէներու մտից քննութեան ընդառաջ Նորին Ամենապատուութիւնը ի շարունակութիւն նախընթաց օր Ֆէրիգիւղի մէջ կազմակերպուած հաւաքոյթին՝ այս անգամ իր օրհնութիւնները տուաւ Տատեան, Անարատ Յղութիւն, Լեւոն-Վարդուհեան, Պէզճեան եւ Եշիլգիւղի վարժարաններու աւարտական դասարաններու աշակերտներուն, որոնց կ՚ընկերանային իրենց տնօրէններն ու ուսուցիչները։ Տղաքը բոլորով մասնակցեցան ժամերգութեան, որու աւարտին բացօթեայ հիւրասիրութեան մը մթնոլորտին մէջ իրարու յաջողութիւն մաղթեցին եւ կարելիութիւն ունեցան անմիջական ձեւաչափով շփուելու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետ։

Շաբաթ, Յունիս 1, 2024