Երկուշաբթի 25, Նոյեմբեր 2024
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄ
Երէկ երեկոյեան Ս. Խաչ դպրեվանքի մէջ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական երեկոյթ մը, որու պատուոյ հիւրն էր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Դպրոցի թատրոնի ակումբի ջանքերով պատրաստուած ներկայացում մըն էր այս մէկը, որու առանցքին կը գտնուէր անմոռանալի նկարիչ Արշիլ Կորքի։ Տղաքը թատրոնի մը ձեւաչափին մէջ եւ առաւել չափով պարերով հիւսուած ձեւով ներկայացուցին իրենց աշխատանքը՝ «Bizdeki Arshil Manug Gorky» խորագրին ներքեւ։
Ձեռնարկի աւարտին ներկաները ծափահարութիւններով ողջունեցին տղաքը։ Շնորհաւորութեան խօսք մըն ալ արտասանեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը, որու կողքին էին հոգեւոր հայրեր եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքէն պատասխանատուներ։
Շաբաթ, Յունիս 1, 2024