ՍՈՒՐԲ ՕԳՈՍՏԻՆՈՍԻ ՈՐԴԻԱԿԱՆ ՍԷՐԸ

Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս Աւ­րե­լիոս ծնած է Ափ­րի­կէի Տա­գաս­տէ քա­ղա­քը՝ նախ­կին Նու­մի­տիան, այժմ Ալ­ճե­րիա, 354 թուա­կա­նին։ Ե­կե­ղեց­ւոյ մե­ծա­գոյն հայ­րե­րէն Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս բարձ­րա­ցած է աս­տուա­ծա­յին Սի­րոյ եւ Միու­թեան գա­գաթ­նա­կէ­տե­րը։ Ա­նոր աշ­խար­հա­ծա­նօթ «Խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ»ուն մէջ՝ ան­կեղ­ծօ­րէն հրա­պա­րա­կուած է այս մեծ հո­գե­ւո­րա­կա­նին մեղ­քե­րը, քա­ջա­բա՛ր, ի՛նչ որ կը պակ­սի շա­տե­րու…։ Ան իր «Խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ»ուն մէջ կը խոս­տո­վա­նի՝ փա­ռա­բա­նե­լով Աս­տու­ծոյ ան­հո՜ւն ո­ղոր­մու­թիւ­նը։ Իր բո­լոր գրու­թիւն­նե­րը մէկ նպա­տակ ու­նե­ցած են՝ մար­դիկ երկ­նա­յին եր­ջան­կու­թեան ա­ռաջ­նոր­դել։

Ան ու­նե­ցաւ սրբա­կեաց մայր մը՝ որ փոքր տա­րի­քէն կը սեր­մա­նէր իր զաւ­կին հո­գիին մէջ քրիս­տո­նէա­կան  հա­ւատ­քի ճշմար­տու­թեան սեր­մե­րը։ Սա­կայն, եր­կա՜ր ժա­մա­նակ պի­տի համ­բե­րէր, մին­չեւ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քը մուտք գոր­ծէր եւ գրա­ւէր ա­նոր հո­գին։ Աշ­խար­հահռ­չակ ճար­տա­սան Կի­կե­րո­նի «Պար­տէ­զա­յին» գիր­քը խօ­սե­ցաւ Օ­գոս­տի­նո­սի սրտի­ն եւ հ­րահ­րեց զինք ի­մաս­տու­թեան եւ ճշմար­տու­թեան ո­րո­նու­մին։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ Սուրբ Օ­գոս­տի­նո­սի աչ­քով ու գրի­չով իր մայ­րը, ո­րուն շա՜տ բան կը պար­տէր ինք։

«Սի­րե­լի մայր, այ­լեւս պի­տի չտես­նեմ քեզ այս աշ­խար­հի վրայ։ Դուն, ան­գամ մը եւս, ին­ծի հետ միա­սին պի­տի չկա­րե­նաս վե­րա­դառ­նալ հայ­րե­նիքդ։ Խա­ղա՜ղ հանգ­չէ ու ննջէ իմ հան­գու­ցեալ քաղցր մայրս, որ ին­ծի կեանք պար­գե­ւե­ցիր։

«Թան­կա­գին մօրս խնկե­լի մար­մի­նը Ի­տա­լիոյ հո­ղին յանձ­նե­լով, ա­կա­մայ կը բաժ­նու­իմ իր­մէ, ու կրկին կը մեկ­նիմ դէ­պի Ափ­րի­կէ։

«Նե­րէ՛ Աս­տուած իմ, նե­րէ՛, զաւ­կի մը սրտին կսկծա­լի՜ պոռթ­կում­նե­րուն, Դո՛ւն գի­տես, թէ ինչ­պի­սի՜ մայր մը կորսն­ցու­ցի։ Ո՛չ ոք կրնայ կա­տա­րե­լա­պէս հասկ­նալ, թէ՝ ո՛չ միայն իմ այս մահ­կա­նա­ցու կեանքս, այլ կեան­քէս շա՜տ ա­ւե­լի ար­ժէ­քա­ւոր գան­ձեր կը պար­տիմ իմ ան­գին մօրս։ Ա­նոր սրտին մե­ծա­գոյն փա­փա­քը ե­ղած էր միշտ՝ զիս երկ­նա­յին, աս­տուա­ծա­հա­ճոյ կեան­քի մը ա­ռաջ­նոր­դել։

«Հա­զիւ բա­ցուե­ցաւ մա­նուկ հո­գիիս ի­մա­ցա­կան ար­շա­լոյ­սը, մայրս սկսաւ իմ սրտիս նո­րա­բող­բոջ տեն­չե­րը դէ­պի Քե­զի՜ ուղ­ղել՝ ո՜վ Աս­տուած… եւ ես ալ հե­տե­ւե­լով մայ­րա­կան ձայ­նին, Քու պաշ­տե­լի Ա­նունդ սկսայ թո­թո­վել՝ ա­ռանց Քեզ ճանչ­նա­լու։ Ի՛նչ որ մօրս շրթներն ին­ծի կը թե­լադ­րէին, ման­կա­կան պար­զու­թեամբ կը կրկնէի եւ կը խոս­տա­նա­յի Քեզ միշտ սի­րե՛լ, եւ Քեզ չլքել եր­բե՛ք։

«Ո՜ր­քան ան­հա­ւա­տար­մու­թիւն ի՛մ կող­մէս։

«Ո՞ւր մնա­ցին խոս­տում­ներս, կը մեծ­նա­յի, եւ իմ յա­ռա­ջա­ցող տա­րի­նե­րուս հա­մե­մատ՝ ու­ղիղ չըն­թա­ցաւ կեանքս։ Փորք տա­րի­քիս, մայրս ան­դա­դար կը սեր­մա­նէր հոգ­ւոյս մէջ ա­ռո՛ղջ սեր­մե­րը գե­ղե­ցիկ ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու, բայց ա­պե­րախտ հո­ղին վրայ կը ցա­նէր զա­նոնք։

«Մայ­րա­կան քնքուշ սի­րով, ա­մէն հնարք կը գոր­ծա­ծէր, որ իմ մէ՛ջս արթն­նայ Քու օ­րէնք­նե­րուն սէ­րը, սա­կայն ա­մէն ինչ ի զուր էր։ Եւ ես, կորս­տա­բեր մո­լո­րու­թիւն­նե­րու անձ­նա­տուր, Քեզ­մէ կը հե­ռա­նա­յի, ա­նոր զոյգ աչ­քե­րը՝ ա­ղե­կէզ ար­տա­սու­քի աղ­բիւր­նե­րու վե­րա­ծե­լով։ Ոե­ւէ մայր՝ իր միա­մօր զաւ­կին գե­րեզ­մա­նին վրայ ա՛յն­քան ար­ցունք չէ թա­փած, որ­քան իմ մայրս ար­տաս-ւեց իմ հոգ­ւոյս կորս­տեան վրայ, երբ զիս կիր­քե­րու եւ մեղ­քե­րու մէջ մո­լո­րած տե­սաւ։

«Եր­կա՜ր, շա՜տ եր­կար տե­ւեց ո­ղոր­մե­լի վի­ճակս եւ ա՛յն­քան ժա­մա­նակ, ո՜վ Աս­տուած իմ, որ Քեզ­մէ հե­ռո՛ւ էի, մօրս վիշտն ու ցա­ւը ու ար­տա­սուքն ալ վերջ չէ՛ր գտներ։

«Կեն­սու­նակ եւ ա­ռոյգ էի, սա­կայն մօրս հա­մար, կար­ծես մե­ռած ըլ­լա­յի ա՛յն­պէս, իբ­րեւ թէ իմ ան­կեն­դան մար­մինս ա­նոր աչ­քե­րուն առ­ջեւ ըլ­լար միշտ։ Քե­զի, ո՜վ Տէր, ծա­նօթ են՝ ա­նոր սրտին խոր հա­ռա­չանք­նե­րը։ Օր մը չան­ցաւ, որ ան բա­րե­պաշտ մղու­մով՝ Քու վեհ տա­ճարդ չմտնէր՝ օ­րը եր­կու ան­գամ։ Եւ երբ, Ան­մեղ Զո­հը, Սուրբ Պա­տա­րա­գը կը նուի­րա­գոր­ծուէր՝ որ աշ­խար­հի կեանք կու տայ, մա՛յրս ալ իր ա­ղօթք­նե­րը եւ հա­ռա­չանք­նե­րը Քե­զի կ՚ըն­ծա­յէր իմ հոգ­ւոյս փրկու­թեա­նը հա­մար։ Եւ դար­ձեալ, երբ մայրս ե­կե­ղե­ցիին մէջ ջեր­մե­ռանդն հո­գիով եւ ու­շա­դիր, հո­վուա­կան քա­րո­զը մտիկ կ՚ը­նէր, որ Աս­տու­ծոյ խօս­քը, իբր կեան­քի հաց, ժո­ղո­վուր­դին կը բաշ­խէր, կամ երբ, ինք­նամ­փոփ լռու­թեամբ՝ յա­ւի­տե­նա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րու վրայ կը մտա­ծէր, ես ալ, միշտ, մօրս աչ­քին առ­ջեւն էի, որ ո­ղոր­մու­թիւն, նե­րում եւ օգ­նու­թիւն կը հայց­էր, իմ հոգ­ւոյս հա­մար։

«Ա­մէն ա­րե­ւա­ծա­գին, կամ երբ գի­շե­րա­յին խա­ւա­րը սեւ վե­րար­կուն երկ­րի վրայ տա­րա­ծէր, մայրս լուռ, սե­նեա­կի մէջ ծնրա­դիր, Քու առ­ջեւդ կ՚ա­ղօ­թէր։ Եւ ա­ղօթ­քի պա­հե­րուն, հե­ծե­ծանք­նե­րու եւ ար­ցունք­նե­րու մէջ, իմ ա­նունս կու տար՝ հայ­ցե­լով Քու ո­ղոր­մու­թիւնդ՝ իմ ա­նօ­րէ­նու­թիւն­նե­րուս հա­մար։ Ինչ­պի­սի՜ թա­խան­ձանք­նե­րով՝ սուրբ եւ խո­հեմ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու կը պա­ղա­տէր, որ­պէս­զի ա­նոնք ա­զա­տել փոր­ձէին զիս, Մա­նի­քէա­կան ա­ղան­դի ան­միտ մո­լո­րանք­նե­րէն, ո­րոնց մա­հա­ցու թոյ­նը ես իմ սրտիս մէջ կը կրէի։

«Այս­պի­սի մայր մը ա­պե­րախ­տօ­րէն մոռ­նալ, կա­րե­լի՞ էր ար­դեօք. եր­բե՛ք։ Ո՜վ ան­գին Մայր, եր­բե՛ք պի­տի չմոռ­նամ քու վըշ-տա­լի սէրդ, եր­կիւ­ղա­լի հո­գերդ, դառն անձ­կու­թիւն­նե­րը սրտիդ, զորս դուն ին­ծի հա­մար կրե­ցիր՝ մշտա­տեւ գա­լա­րում­նե­րով, որ­պէս­զի Աս­տու­ծոյ ա­ռաջ­նոր­դել կա­րե­նաս զիս։

«Մի՜շտ պի­տի յի­շեմ այն սեւ օ­րը, երբ ես, իմ ան­մարդ­կա­յին վար­մուն­քովս, քեզ, սի­րե­լի՜ մայր, Ափ­րի­կէի ա­փին միայ­նակ լքե­ցի։ Հէ՜ք մայրս, այն ցա­ւա­տանջ վայր­կեան­նե­րուն, ին­չե՜ր չփոր­ձեց եւ ին­չե՜ր չը­րաւ, որ ես՝ յօ­ժա­րէի միայն, եւ թոյլ տա­յի, որ ինքն ալ ըն­կե­րա­նար ին­ծի դէ­պի Ի­տա­լիա։

«Հո­գիս հա­զա­րա­ւոր զզուե­լի վէր­քե­րով ծած­կուած, սիրտս եր­կա՜ր տա­րի­նե­րու մեղ­քե­րու կարծր կա­պանք­նե­րով շղթա­յուած, միտքս Մա­նի­քէա­կան ա­նաս­տուա­ծու­թեան մա­հա­բեր մո­լո­րու­թիւն­նե­րով մթագ­նած եւ Աս­տուծ­մէ հե­ռա­ցած, ես՝ դէ­պի Հռոմ ուղ-ղըւե­ցայ, ուր կը հրա­պուէր զիս իմ փա­ռա­սի­րու­թիւնս։ Իսկ հոգ­ւոյս հի­ւան­դու­թիւ­նը ա՜յն­քան յա­ռա­ջա­ցած էր, որ այ­լեւս չէի զգար զայն։ Սա­կայն մայրս կը զգար, որ ես հի­ւանդ էի մեղ­քե­րով ծան­րա­բեռ­նուած։ Ա­նոր բո­լոր յոյ­սե­րը, որ ես, օր մը, ուղ­ղու­թեան կու գամ, կը չքա­նա­յին եւ անմ­խի­թար կը մնար ան՝ երբ կը հե­ռա­նա­յի իր քո­վէն։

«Սի­րոյ թե­ւեր ա­ռած, մին­չեւ ծով ըն­կե­րա­ցաւ ին­ծի մայրս եւ երբ տե­սաւ, որ իր բո­լոր յոյ­սե­րը փո­շիա­ցան՝ իմ մէջս փո­փո­խու­թիւն տես­նե­լու եւ ուղ­ղու­թեան գա­լու, հե­կե­կա­լով եւ անմ­խի­թար, թա­խան­ձա­գին եւ ար­տա­սուա­լից աչ­քե­րով՝ եր­դուըն­ցուց զիս, հա­ւա­նե­լու, որ ինքն ալ ին­ծի հետ ճամ­բոր­դէ։ Ի­րի­կուն էր, ա­նոր բա­րե­պաշ­տու­թիւ­նը շա­հա­գոր­ծե­լով, այն­պէս ձե­ւա­ցու­ցի, թէ իր խնդրան­քին հա­մա­միտ եմ։ Խոս­տա­ցայ, որ ար­շա­լոյ­սին, միա­տեղ պի­տի ճամ­բոր­դէինք։ Մայրս փա­փա­քե­ցաւ, գի­շե­րը ջեր­մե­ռանդ ա­ղօթք­նե­րով, Սուրբ Կիպ­րիա­նո­սի նուի­րուած խո­րա­նին առ­ջեւ ան­ցը­նել։ Հա­ւա­տաց իմ խոս­տու­միս, եւ ես այդ մի­ջո­ցին, գաղ­տա­գո­ղի, նա­ւա­կիս ա­ռա­գաստ­նե­րը պար­զե­ցի, ճամ­բայ ե­լայ եւ հե­ռա­ցայ…։

«Սրտիս մէջ անջն­ջե­լի պի­տի պա­հեմ միշտ մօրս վեր­ջին խօս­քե­րը, ո­րոնց­մով մեր խօ­սակ­ցու­թիւ­նը վեր­ջա­ցաւ։ Երկ­նա­յին վեհ կեր­պա­րան­քովդ այս­պէս ը­սիր դուն.

«Որ­դեակ իմ, ին­ծի հա­մար ո՛չ մէկ հրա­պոյր ու­նի այս կեան­քը այ­լեւս, ո­րով­հե­տեւ յոյ­սե­րու ի­րա­կա­նաց­ման, եւ չեմ գի­տեր, թէ ին­չո՛ւ դեռ հոս եմ, եւ ի՛նչ կայ ը­նե­լիք այս­տեղ։ Գե­րեզ­ման իջ­նե­լէս ա­ռաջ, կ՚ու­զէի քեզ քրիս­տո­նեայ տես­նել։ Աս­տուած՝ իմ փա­փա­քէս ա­ւե­լի՛ն պար­գե­ւեց ին­ծի։ Քեզ ոչ միայն քրիս­տո­նե­այ կը տես­նեմ, այ­լեւս այն­պի­սի մէ­կը, որ բո­լո­րո­վին ար­հա­մար­հե­լով երկ­րա­ւոր բա­րիք­նե­րը՝ քրիս­տո­նէա­կան ա­ռա­քի­նու­թեան բարձ­րա­գոյն կա­տա­րե­լու­թեան հե­տա­մուտ ես։ Արդ, ու­րիշ բան չի մնար ին­ծի, բայց միա՛յն խա­ղաղ ու հան­գիստ փա­կել աչ­քերս»։­

Ա­հա­ւա­սիկ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ե­ռա­մեծն Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս իր կեան­քին տիպա­րով, ցոյց կու տայ, թէ՝ մայրեր ծնե­լէ ա­ւե­լին, շա՜տ ա­ւե­լին կու տան մարդ­կու­թեան եւ մարդ­կու­թիւ­նը շա՜տ բան կը պար­տի ա­նոնց…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 15, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 22, 2015