ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՍԱՍՏԿԱՆԱՆ
Երեւան-Մոսկուա առկայ անհաղորդ իրավիճակին մէջ միշտ կը հնչեն փոխադարձ մեղադրանքներ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Միխայիլ Կալուզին յայտնեց, որ Հայաստան սկսած է խուսափիլ իր երկրի՝ Արտաքին գործոց եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններուն գծով շփումներէ։ Ան համոզուած է, թէ սա Արեւմուտքի ճնշման հետեւանքն է։ Այնուամենայնիւ, փոխ-նախարարին խօսքով, երկկողմանի շփումները չեն ընդհատուիր։ Ռուսական կողմը կ՚ակնկալէ՝ խնդրայարոյց հարցերու վերացման ուղղութեամբ աշխատիլ։ Բաց աստի, ան ընդգծեց, որ Մոսկուա կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը՝ աջակցելու համար Երեւան-Պաքու հաշտեցման։
ԹԱՍՍ գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ Կալուզին ըսաւ նաեւ հետեւեալը. «Չմտածուած քայլերը կրնան անհնար դարձնել Ռուսաստանի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) այլ երկիրներու հետ միասնական պաշտպանական տարածք ստեղծելու համատեղ աշխատանքին դառնալը»։ Ռուս բարձրաստիճան դիւանագէտի խօսքով՝ չմտածուած որոշումները, որոնք արեւմտեան երկիրներու համար կ՚ապահովեն ազգային տուեալներու շտեմարաններուն, զգայուն տեղեկութիւններուն ամբողջական հասանելիութիւն, ո՛չ միայն ի վերջոյ կը սպառնան պետութեան ինքնիշխանութեան, այլեւ կրնան առարկայականօրէն անհնար դարձնել Ռուսաստանի եւ ՀԱՊԿ-ի միւս դաշնակիցներուն հետ միասնական պաշտպանական տարածքի կառուցման համատեղ աշխատանքին վերադառնալը։
Կալուզին պնդած էր նաեւ, որ Հայաստանի մէջ հաստատուած Եւրոմիութեան դիտորդական առաքելութիւնը հետախուզական տուեալներ կը հաւաքէ Ռուսաստանի, Իրանի եւ Ատրպէյճանի դէմ։