ՄՂՁԱՒԱՆՋԻ ԲԵՄԱԳԻՐ

Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանի յայտնի փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներ աշխատած է «Քարնեկի» հիմնարկին մէջ, «Foreign Affairs»ի հրապարակած յօդուածին մէջ յայտնեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացումը պիտի նշանակէ Հայաստանի հարաւային սահմանի Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի կողմէ համակարգուած զաւթում։ Իր խօսքով՝ այդ միջանցքի բացումը կրնայ ըլլալ Պաքու-Մոսկուա նոր գործարքին էութիւնը։ Այսինքն, Ղարաբաղէն ռուսական ուժերու դուրսբերման դիմաց կրնայ առնուիլ այսպիսի քայլ մը։ Ատրպէյճան կրնայ համաձայնիլ Ռուսաստանի անվտանգային վերահսկողութեան՝ Հայաստանի հարաւով ծրագրած երթուղիի վրայ։

Տը Վաալ շեշտած է, որ սա մղձաւանջ մը կ՚ըլլայ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Արեւմուտքի տեսակէտէ։ «Հայերը կը կորսնցնեն վերահսկողութիւնը ռազմավարական կենսական նշանակութեամբ սահմանային շրջանին մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներն ու իր արեւմտեան դաշնակիցները կը տեսնեն, որ Ռուսաստան մեծ քայլ կը կատարէ Իրանի հետ ճանապարհային եւ երկաթուղային բաղձալի կապը ստեղծելու համար։ Հայաստան ինքնուրոյն հնարաւորութիւններ չունի Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի գործողութիւնները կանխելու», համոզուած է տը Վաալ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 5, 2024