ՀԱՆՐԱՊՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԿԱԼԱԹԱՍԱՐԱՅ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ, ՈՐՈՒ ԿԱԶՄԻՆ ՄԷՋ ԷՐ ՆԱԵՒ ՏԻԳՐԱՆ ԿԻՒԼԷՄԶԿԻԼ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Կալաթասարայ մարզակումբին կողմէ բազմանդամ պատուիրակութիւն մը։ Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Պեշթեփէի համալիրին մէջ, Անգարա։ Ակումբի վարչութեան նախագահ Տուրսուն Էօզպէքի գլխաւորած այս պատուիրակութիւնը Հանրապետութեան նախագահին այցելեց՝ ներկայացնելով ֆութպոլի մէջ անցեալ եղանակին նուաճուած բաժակները։ Արդարեւ, Կալաթասարայ մարզակումբի ֆութպոլի իգական եւ արական կազմերը անցեալ եղանակը եզրափակած են ախոյեանի տիտղոսով։ Կալաթասարայցիները այցելութեան ընթացքին նախագահին ներկայացուցին իրենց բաժակները՝ մինչ Տուրսուն Էօզպէք անոր նուիրեց նաեւ մասնաւոր մարզաշապիկ մը։

Նախագահ Էրտողանն ալ, իր կարգին, բարձր գնահատանքով եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ Կալաթասարայի կողմէ արձանագրուած նուաճումներուն մասին։ Միեւնոյն ժամանակ, ան յաջողութիւն մաղթեց յառաջիկայ եղանակին Եւրոպայի մրցաշարքերուն մէջ Թուրքիան ներկայացնելիք Կալաթասարայի խումբերուն համար։

Հարկ է նշել, որ երէկուան այցելութեան ներկայ էր նաեւ Կալաթասարայ մարզակումբի վարչութեան այժմ արդէն նախկին անդամ, համայքային յայտնի բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլ։ Այս վերջինը մինչեւ մօտաւոր անցեալը ակումբի վարչութեան մաս կը կազմէր եւ անցեալ տարի նուաճուած ախոյենութեան տիտղոսին մէջ այդ վարչական կազմը ունեցած էր իր դերը։ Մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած համագումարին Տիգրան Կիւլմէզկիլ արդէն անդամակցութիւն չէր առաջադրած նոր վարչութեան մաս կազմելու համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 6, 2024