ՆՈՒՐԲ ՀԱՆԳԱՄԱՆՔՆԵՐ
Հայաստանի հիւսիսին պատահած հեղեղներու հետեւանքներու յաղթահարումով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները կը մնան առկայ։ Կը հաղորդուի, որ աղէտի գօտիէն ներս տակաւին կան փակ ճանապարհներ։ Կարգ մը գիւղերուն հետ կապն ու հաղորդակցութիւնը ապահովող անայլընտրանք կամուրջներ ալ կը շարունակեն երկկողմանի փակ մնալ։ Բաւական նուրբ հանգամանքներ խնդրոյ առարկայ են երկրի հիւսիսի Տաւուշի եւ Լոռիի մարզերուն մէջ՝ բոլոր առումներով։
Հայաստանի երկաթուղիի ցանցի վնասուած հատուածներու վերականգնման աշխատանքներն ալ յառաջ կը տարուին ամբողջ թափով։ Հայկական լրահոսին մէջ երէկ ուշադրութիւն գրաւեց, որ հեղեղներէն վերջ առաջին անգամ Վրաստանէն երկաթուղիով Հայաստան փոխադրուած է պենզինի եւ տիզել վառելանիւթի խմբաքանակ մը։ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեան յայտնեց, որ փոխադրութիւնը կատարուած է՝ աղէտէն վերջ վերանորոգուած կամուրջի միջոցաւ։
Միւս կողմէ, Գնել Սանոսեան նշեց, որ աղէտի հետեւանքով յառաջացած վնասը բազմաշերտ է։ Վնասները կը հասնին հսկայական համեմատութիւններու։
Ի լրումն, այս բոլորին, մտահոգիչ է, որ աղէտի գօտիէն ներս համաճարակի վտանգ մըն ալ գոյութիւն ունի՝ տիղմի եւ սատկած անասուններու պատճառով։