ՄԱՅՐԱԿԱՆ ՆԵՐՈՂԱՄՏՈՒԹԻՒՆ

Մարդ, ընդ­հան­րա­պէս, իր ծո­ցին մէջ կը կրէ ա­ղէ­տա­բեր սեր­մը, որ ա­մէն ինչ կը փճաց­նէ իր գաղտ­նի թոյ­նով, կոյր եւ ծած­կեալ ամ­բար­տա­ւա­նու­թեամբ։ Մար­դը կը բար­կա­նայ մե­ղա­ւո­րին, սխալ ըն­թաց­քի վրայ քա­լո­ղին վրայ, քա­նի որ ինք­զինք ա­ւե­լի լաւ, ան­մեղ եւ ար­դար կը հա­մա­րի եւ այն­պէս կը խոր­հի, թէ ա­ռա­քի­նու­թեան գա­գա­թը հա­սած է՝ երբ յան­ցա­ւո­րին դէմ կը զայ­րա­նայ։

Բայց «քար­կո­ծե­լու հա­մար, քա­րեր ժող­վե­լէ ա­ռաջ», իւ­րա­քան­չիւր անձ պէ՛տք է իր նե­րաշ­խար­հը, իր ներ­քին ծալ­քե­րը քննէ, թէ ար­դեօք միշտ աս­տուա­ծա­յին օ­րէնք­նե­րուն հա­ւա­տա­րիմ մնա­ցա՞ծ է, եւ ո՛վ որ ինք­զինք Բարձ­րեա­լին աչ­քին առ­ջեւ ան­կեղծ ու ար­դար կը հա­մա­րի, թող «ա՛ն նե­տէ ա­ռա­ջին քա­րը»։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս կէ­տին, կը հան­դար­տի բո­լոր ա­նոնց աղ­մու­կը՝ որ մե­ղա­ւո­րին դէմ վրէ՜ժ կը գո­ռա­յին։ Սո՛ւտ նա­խան­ձախն­դիր­ներ, այդ պա­հուն, լուռ եւ ա­մօ­թա­հար՝ կը քա­շուին եւ հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նան։ Ա­նոնց խճմտան­քը բա­ւա­կան բան ու­նի լրջօ­րէն ազ­դա­րա­րե­լու։ Եւ երբ մէ­կը հա­մար­ձա­կի ը­սել, թէ ինք ու­րիշ մար­դոց պէս չէ՝ ինք մեղք չու­նի, ա­հա, կը լսուի սար­սա­փե­լի՜ ձայն մը, որ կ՚ո­րո­տայ եւ ա­նոր սու­տը կը փաս­տէ բարձ­րա­ձայն։

Բայց ո՞վ է նե­րո­ղա­մի­տը, ո՞վ է եր­կայ­նա­մի­տը։ Մա՛յրն է՝ ան, որ գի­տէ նե­րել ա­մէն յան­ցա­գոր­ծու­թեան՝ մա­նա­ւանդ թէ յան­ցա­գոր­ծը զա­ւա՛կն է։ Ար­դա­րեւ, ա­մէն մայր նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու է իր զաւ­կին նկատ­մամբ, քա­նի որ ա­նոր սխալ գոր­ծե­լուն շար­ժա­ռի­թը, կեր­պով մը ի՛նք ե­ղած կրնայ հա­մա­րուիլ, քա­նի որ մա­նուկ­նե­րու ա­ռա­ջին դաս­տիա­րա­կը, կրթի­չը՝ մա՛յրն է։ Եւ ա­մէն մայր, երբ իր որ­դին յան­ցանք մը կը գոր­ծէ, պէտք է ինքն ի­րեն հարց­նէ՝ թէ ի՞նչ թե­րու­թիւն ու­նե­ցած է զա­ւա­կը լաւ հասց­նե­լու գոր­ծին մէջ։ Ուս­տի ծնող­ներ, մա­նա­ւանդ մայ­րը, ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով ալ ըլ­լայ, յան­ցա­կից եւ ու­րեմն ամ­բաս­տա­նա­կից է զաւ­կին ո­րե­ւէ յան­ցան­քին։ Այս կը նշա­նա­կէ՝ որ մայ­րը ա­ւե­լի ու­շա­դիր եւ բծախն­դիր ըլ­լա­լու է իր զա­ւա­կը ամ­բաս­տա­նե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ա­տեն, քա­նի որ ի՛նք ալ որ­պէս բնա­կան եւ նախ­նա­կան դաս­տիա­րակ՝ բա­ժին ունի իր զաւ­կին յան­ցա­գոր­ծու­թեան։ Ու­րեմն մայ­րը ա­ւե­լի՛ եր­կայ­նա­միտ եւ նե­րո՛ղ ըլ­լա­լու է զաւ­կին հան­դէպ։

Եւ երբ լիա­կա­տար ու ան­թե­րի կեր­պով չէ կա­տա­րած իր մայ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը զաւ­կին նկատ­մամբ, ա­պա ու­րեմն ինչ­պէ՞ս կրնայ ամ­բաս­տա­նել զայն իր թե­րու­թեա­նը, սխա­լին կամ յան­ցան­քին հա­մար։

Ո՜վ ալ ըլ­լայ, երբ խղճմտան­քը կ՚ամ­բաս­տա­նէ, նա­խընտ­րե­լի է խո­նար­հա­բար ծռել գլու­խը Բարձ­րեա­լին առ­ջեւ եւ քա­ջու­թիւ­նը ու­նե­նալ նախ ինք­զինք իր մէջ քննել, քննա­դա­տել եւ յե­տոյ ամ­բաս­տա­նել։

Ե­թէ մէ­կը կ՚ու­զէ, որ Ան նե­րո­ղամ­տու­թիւն ու­նե­նայ, նե­րէ իր սայ­թա­քում­նե­րուն, ա­պա ու­րեմն պէտք է նախ ինք ցոյց տայ իր ամ­բաս­տա­նած­նե­րուն նկատ­մամբ։ Եւ մայրն ալ, ընդ­հան­րա­պէս, իր զա­ւա­կը ամ­բաս­տա­նե­լէ ա­ռաջ պէտք է ինք­զինք դա­տէ, ինք­նաքն­նու­թիւն կա­տա­րէ, թէ զա­ւա­կը այդ յան­ցան­քը ի՛նչ դրդա­պատ­ճառ­նե­րով եւ ի՛նչ շար­ժա­ռիթ­նե­րով ու նկա­տում­նե­րով գոր­ծած է։ Ուս­տի ժա­մա­նա­կա­ւոր նե­րո­ղամ­տու­թիւ­նը ա­ռիթ կու տայ այդ ինք­նաքննու­թիւ­նը կա­տա­րե­լու եւ սխա­լը միա­սին սրբագ­րե­լու։ Ճիշդ այս պատ­ճա­ռով է, որ մայ­րեր նե­րո­ղա­միտ եւ եր­կայ­նա­միտ ըլ­լա­լու են ի­րենց զա­ւակ­նե­րուն հան­դէպ։ Եւ ի­րենց մայ­րա­կան կո­չու­մը եւ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը ա՛յս կը պա­հան­ջէ։

Ար­դա­րեւ ո՛վ որ ըլ­լայ ամ­բաս­տա­նո­ղը ու­րիշ մէ­կը, պէտք է զգոյշ ըլ­լայ, պէտք է գիտ­նայ, թէ միա՛յն Աս­տուած սուրբ է, եւ ան­միտ, ե­սա­մո­լա­կան գո­ռո­զու­թեամբ, ինք­զինք վեր բարձ­րա­ցած կար­ծել ան­խո­հե­մու­թիւն է։ Ուս­տի մա՛րդ ինք­զինք ա­ւե­լի լաւ հա­մա­րե­լու չէ՝ իր տկա­րա­գոյն նմա­նէն։

Եւ մայ­րը, ինչ­պէս նա­խա­պէս ը­սինք, ա­մե­նէն աս­տուա­ծան­ման էակն է, ու­րեմն պէտք է ա­ւե­լի բծախն­դիր ըլ­լայ մարդ հասց­նե­լու, խնա­մա­տա­րու­թեան աս­տուա­ծա­յին գոր­ծին, եւ կա­տա­րէ իր մայ­րա­կան պար­տա­կա­նու­թիւ­նը՝ կա­րե­լի ե­ղած չա­փով ան­թե­րի, որ­պէս­զի հաս­նին ա­ռողջ սե­րունդ­ներ, սկսե­լով  իր իսկ զա­ւակ­էն։ Զոր օ­րի­նակ, ե­թէ զա­ւակ մը յան­ցա­ւոր է իր հի­ւան­դու­թեան պատ­ճա­ռով, խոր­հիլ պէտք է, թէ որ­քան խնամք տա­րուած է որ չհի­ւան­դա­նայ, քա­նի որ հի­ւան­դու­թիւ­նը պատ­ճառ մը ու­նի, որ խնամք կը պա­հան­ջէ, ա­ռող­ջու­թիւ­նը իսկ անձ­նա­կան գործ չէ։

Ու­րեմն ծնող­նե­րու եւ մա­նա­ւանդ մօր պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը շատ լուրջ եւ ծանր է, քա­նի որ ա­նոր ա­ռար­կան՝ մա՛րդն է, սե­րունդ­ներ եւ հա­մայն մարդ­կու­թիւ­նը։

Մայ­րը կ՚ըն­կե­րա­նայ, կը գոր­ծակ­ցի Աս­տու­ծոյ եւ գոր­ծա­կա­տա­րը կը հան­դի­սա­նայ Ա­նոր գոր­ծին՝ ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ծրագ­րին։ Ու­րեմն «մայր»ը պէտք է ու­նե­նայ այս գի­տակ­ցու­թիւ­նը եւ հսկէ զաւ­կին, ա­մէն պահ, ա­մէն ժա­մա­նակ, մշտնջե­նա­պէս, որ ան չսայ­թա­քի, չսխա­լի, շի­տակ քա­լէ կեան­քի ճամ­բուն վրայ։

Բայց մայ­րա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան փո­խա­րէն, զա­ւակն ալ ու­նի հնա­զան­դու­թեան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը, այ­սինքն մայր-զա­ւակ, պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­նե­րը փո­խա­դարձ են։ Անհ­նա­զանդ ոչ­խա­րը կը թո­ղու իր փա­րա­խը եւ չ՚ու­զեր լսել հո­վի­ւին քաղցր ձայ­նը։ Եւ երբ կը թո­ղու իր փա­րա­խը եւ չ՚ու­զեր լսել հո­վի­ւին ձայ­նը, ան չ՚ու­զեր նաեւ իր չա­րու­թեան պա­տի­ժը կրել։ Բայց ի՛նչ­պէս որ «Բա­րի Հո­վիւ»ը անհ­նա­զանդ ոչ­խար­նե­րու հա­մար զո­հեց իր կեան­քը՝ բա­րի հո­վի­ւի հա­ման­ման մա՛յրն ալ պէտք չէ ան­մի­ջա­պէս ամ­բաս­տա­նէ, դա­տա­պար­տէ ու պատ­ժէ իր անհ­նա­զանդ ու յան­ցա­ւոր զա­ւա­կը, այլ ե­թէ պէտք է՝ զո­հէ իր կեան­քը, զո­հէ ու զո­հուի, քա­նի որ ինչ­պէս նա­խա­պէս ը­սինք, ան կեանք տուողն է մար­դուն։ Բայց նաեւ ա­նոր հա­մար պատ­րա՛ստ է իր կեան­քը տա­լու՝ որ­պէս գոր­ծա­կից եւ գոր­ծա­կա­տար «Բա­րի Հո­վիւ»ին։

Մայ­րը ար­դա՛ր է, եւ իր ար­դա­րու­թիւ­նը հա­սած է կա­տա­րե­լու­թեան, քա­նի որ ա­նոր մէջ կա՛յ սէր, ո­ղոր­մու­թիւն եւ գո՛ւթ, ան ըն­դե­լու­զուած է մա­ւա­նադ եր­կայ­նամ­տու­թեամբ։ Բռնու­թեամբ ու­ղիղ ճամ­բու չ՚ա­ռաջ­նոր­դեր իր զա­ւա­կը մայ­րը, մայ­րը՝ որ հա­ւա­տա­րիմ է իր մայ­րու­թեան կո­չու­մին եւ գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նի մա­նա­ւանդ իր «աստուա­ծան­մա­նու­թեան»։

Մօր պար­տա­կա­նու­թիւնն է սի­րա­լիր՝ ու­սե­րուն վրայ շի­տակ ճամ­բայ ա­ռաջ­նոր­դել իր զա­ւա­կը՝ Բա­րի Հո­վի­ւին նմա­նու­թեամբ։ Մայ­րը ո՛չ մէկ դժուա­րու­թե­նէ կ՚ընկ­ճուի եւ ո՛չ մէկ նե­ղու­թե­նէ կը փախ­չի, քա­նի որ մարդ­կու­թեան ա­պա­գան յանձ­նուած է ի­րեն։

Որ­քա՜ն ի­րա­ւա­ցի է Ժան Պօլ երբ կ՚ը­սէ.

«Ար­հա­մար­հան­քի ար­ժա­նի է այն մայ­րը՝ որ զա­ւակ­ներ ուի եւ ձանձ­րոյթ, յոգ­նու­թիւն կը զգայ զա­նոնք հասց­նե­լու, խնա­մե­լու նկատ­մամբ»։

­Մայ­րու­թիւ­նը վե­հա­գոյն դիրք մը, նուի­րա­կան պար­գեւ մըն է, ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ հա­ւա­տա­րիմ են ի­րենց մայ­րու­թեան, ե­րա­նի՜ ա­նոնց, որ կա­տա­րեալ կեր­պով, ան­թե­րի նա­խա­յօ­ժա­րու­թեամբ եւ նա­խան­ձախնդ­րու­թեամբ կը կա­տա­րեն ի­րենց պար­տա­կա­նու­թիւ­նը մարդ­կու­թեան տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օ­գոս­տոս 17, 2015, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015