ԱՅՆ Ի՛ՆՉ ՈՐ ԳԻՏԵՆՔ ԿԱՄ ՉԵՆՔ ԳԻՏԵՐ
«Միակ գիտցածս ո՛չինչ գիտնալս է»։ Բոլորիս ծանօթ է Սոկրատէսի այս խօսքը։ Արդարեւ, այս խօսքերը յայտնի համեստութեան մը արտայայտութիւնը չէ՛, այլ՝ ճշմարտութեան դրսեւորո՛ւմը։ Իրապէս, իր լայն առումով, գիտութիւնը անսահման ովկիանոս մըն է, որուն կատարելապէս թափանցել կարելի չէ՛։ Ան կը նմանի հորիզոնին՝ որ որքան կը մօտենանք եւ հասնիլ կը կարծենք, միշտ հեռու է, եւ անոր հասնիլ անկարելի է։
Եւ Սոկրատէս իր վերոյիշեալ խօսքը արտասանած է։ Այլապէս, ո՞վ կրնայ հակառակը պնդել եւ ըսել, թէ ինք «գիտէ»։ Մարդը, բնութեան նկատմամբ միշտ պակաս տեղեկութիւն ունի, դարերու ընթացքին մարդ տեւապէս գիտնալու հետամուտ եղած է, եւ այսօր, եւ միշտ ան գիտութեան ամբողջութեան պիտի չկարենայ տիրանալ։
Հաւանաբար, «յառաջդիմութիւն» ըսուածը այս ընթացքն է. ընթացք մը՝ որուն վերջաւորութիւնը անծանօթ է եւ միշտ անծանօթ պիտի մնայ։
Գիտութիւնը «զարմանք», «սքանչացում» կը պահանջէ։ Ան, որ չի զարմանար, չի կրնար գիտնալ։ Տգէտ մնալու երկրորդ մէկ պատճառն է՝ «գիտնալ կարծել». երբ մարդ կը կարծէ, թէ գիտէ, սորվելու պահանջքը չի զգար եւ անուս, նեղմիտ կը մնայ։ Զարմանքը սորվելու, գիտնալու համար անհրաժե՛շտ է, ըսինք. բայց զարմանալու համար հետաքրքրութիւն պէտք է ունենայ մարդ. հետաքրքրութիւն եւ զարմանք գիտութեան մղիչ ուժերն են՝ սկիզբը եւ վախճանը…։ Գիտութիւնը զօրութի՛ւն է, եւ զօրութիւնը ազատութիւն կը ստեղծէ։ Զոր օրինակ, երբ մարդ լեզու գիտէ, ատիկա անոր զօրութիւն մը կու տայ, եւ ուրիշի մը թարգմանութեան պահանջքը չի զգար եւ ազատ կ՚ըլլայ։ Այս օրինակը կարելի է ընդհանրացնել եւ ըսել. մարդ իր գիտութեանը սահմաններուն մէջ, զօրաւոր կը զգայ ինքզինք եւ այդ տարածքին ազատօրէն կը գործէ։ Նորածինը երբ միջոց մը ետք քալել սորվի, այլեւս քալելու համար իր ծնողներուն օգնութեան չի կարօտիր՝ ազա՛տ է։
Մարդիկ սորվելու եւ գիտնալու համար տարիներ կը վատնէ, երբեմն ալ ամբողջ կեանքին ուսանող կը մնայ։ Իրականին՝ կեանքը դպրոց մըն է՝ ուր ամէն պահ մարդ նոր բան մը կը սորվի բայց երբեք ամենագէտ չի կրնար ըլլալ։ Մարդ, մօտաւորապէս 13.728 ժամ սորվելու կը յատկացնէ՝ մանկապարտէզէն սկսեալ, մինչեւ որ վարժարանի մը լիսէի բաժնէն շրջանաւարտ ըլլայ։
Դպրոցական ուսուցումէ զատ, մարդ ամբողջ կեանքի ընթացքին շատ մը կենցաղավարական եւ կենցաղագիտական ծանօթութիւններ կը ստանայ։ Բոլոր այս գիտելիքները կեանքը կը դիւրացնեն եւ կեանքը հաճելի կը դարձնեն։ Գիտութիւնը, մարդս յառաջդիմելու կը մղէ. դարերու ընթացքին մարդիկ սորված, գիտցած է, անցեալին գիտութիւնը այսօրուան գիտութիւնը չէ, ապագայի գիտութիւնն ալ այսօրուանը պիտի չըլլայ եւ միշտ պիտի գտնայ մարդ եւ պիտի յառաջդիմէ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ