ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սը շա­բա­թա­վեր­ջին հիւ­րըն­կա­լեց Ան­տիո­քի Ա­սո­րի Կա­թո­լիկ ե­կե­ղեց­ւոյ պետ Իգ­նա­տիոս Եու­սէֆ Գ. Եու­նան Պատ­րիար­քը։ Տե­սակ­ցու­թիւ­նը տե­ղի ու­նե­ցաւ Պիք­ֆա­յա­յի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին վան­քին մէջ։ Ան­թի­լիա­սի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դումն­րով, հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին ար­ծար­ծուե­ցան Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի կա­ցու­թեան, քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու դի­մագ­րա­ւած դժուա­րու­թիւն­նե­րուն եւ Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի Ե­կե­ղե­ցի­նե­րու խոր­հուր­դին հետ ա­ռընչուած մտա­հո­գու­թիւն­ներ ու ծրա­գիր­ներ։

Եու­նան Պատ­րիար­ք լայն տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին Սու­րիոյ մէջ վեր­ջերս ծայ­րա­յե­ղա­կան­նե­րու կող­մէ ի­րենց ե­կեղեց­ւոյ պատ­կա­նող վան­քի դէմ կա­տա­րուած յար­ձա­կու­մին եւ ե­ղած քան­դում­նե­րուն մա­սին։

Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս դա­տա­պար­տեց ծայ­րա­յեղ տար­րե­րուն կող­մէ ե­ղած բո­լոր տե­սա­կի վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը ու շեշ­տեց քրիս­տո­նեայ-իս­լամ հա­մա­կե­ցու­թիւ­նը ամ­րապն­դե­լու եւ այս գծով հրա­մա­յա­կա­նը։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը ընդգ­ծեց իս­լամ կրօ­նա­կան թէ քա­ղա­քա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն դե­րա­կա­տա­րու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։

Հան­դիպ­ման ա­ւար­տին Եու­նան Պատ­րիարք 2015-ի մթնո­լոր­տին մէջ իր յար­գան­քն ու զօ­րակ­ցու­թիւ­նը ար­տա­յայ­տեց հայ ժո­ղո­վուր­դին նկատ­մամբ։ Ա­պա, ան շրջե­ցաւ Ս. Աս­տուա­ծա­ծին վան­քէն ներս ու մօ­տէն ծա­նօ­թա­ցաւ այն­տեղ կա­տա­րուած շի­նա­րա­րու­թիւն­նե­րուն ու բա­րե­զար­դում­նե­րուն։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 24, 2015