Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏԻՑ ՀԱՆԴԷՍ
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի այս տարուան հունձքը հրաժեշտ առաւ հանդիսաւոր արարողութիւնով մը։ Համալսարանի 64-րդ շրջանաւարտները թիւով 123 են՝ զանազան ճիւղերէ։ Արարողութեան ընթացքին ելոյթով մը հանդէս եկաւ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեան։
Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս շրջանաւարտից հանդէսը համախմբեց Լիբանանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, երկրի կրթական շրջանակներէ հեղինակաւոր դէմքեր եւ բազմաթիւ հիւրեր։
Չորեքշաբթի, Յունիս 12, 2024