ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ՄԻԱԲԱՆՆԵՐ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ՍԻՍԻ ԵՐԲԵՄՆԻ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՏԱՐԱԾՔԸ, ՈՒՐ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՂՕԹՔ

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի թե­լադ­րու­թեամբ Կի­լիկեան Ա­թո­ռէն խումբ մը միա­բան­ներ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լե­ցին Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քը։ Ան­թի­լիա­սի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ Շա­բաթ, Օ­գոս­տո­սի 22-ին տե­ղի ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին հո­գե­հանգս­տեան ա­ղօթք մը կա­տա­րուե­ցաւ 1293 թուա­կա­նէն մին­չեւ 1915 Սի­սի մէջ գա­հա­կա­լած կա­թո­ղիկոս­նե­րուն հոգ­ւոցն ի հան­գիստ։ Նոյն առ­թիւ ըն­թեր­ցուե­ցաւ նաեւ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սին պատ­գա­մը։

Սիս այ­ցե­լած միա­բան­ներն էին՝ Կիպրա­հա­յոց Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Նա­րեկ Արք. Ա­լեէ­մէ­զեան, Ան­թի­լիա­սի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց վարիչ Տ. Յու­սիկ Ծ. Վրդ. Մար­տի­րո­սեան, Դպրե­վան­քի տե­սուչ Տ. Թոր­գոմ Վրդ. Տօ­նո­յեան եւ լսա­տե­սո­ղա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Տ. Պետ­րոս Վրդ. Մա­նուէ­լեան։ 

Ան­թի­լիա­սի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­ները տե­ղե­կա­ցու­ցած են, որ Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մին բնա­գի­րը եւ միա­բան­նե­րու այ­ցե­լու­թեան տե­սե­րի­զը պի­տի հրա­պա­րա­կուին յա­ռա­ջի­կայ օ­րերուն։ Սոյն այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ հա­ղոր­դագ­րու­թեան մէջ մէջ­բե­րուած է Կա­թո­ղի­կո­սի պատ­գա­մին հե­տե­ւեալ ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը. «Հա­յու քրտին­քով ու ա­րիւ­նով թրծուած կի­լի­կեան հո­ղին ու յատ­կա­պէս Սի­սի պատ­մա­կան կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի միւ­ռո­նա­բոյր հո­ղին վրայ կանգ­նած՝ մեր դա­րա­ւոր կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նին վե­րա­դար­ձը կը պա­հան­ջենք եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի պա­հան­ջա­տի­րու­թիւ­նը կը վե­րա­հաս­տա­տենք, հա­ւա­տա­րիմ նա­հա­տակ­նե­րու սրբա­զան կտա­կին»։­

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս դատ բա­ցած է Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ՝ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի տա­րած­քի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­ձեռք­բե­րե­լու նպա­տա­կով։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 25, 2015