ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքը խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուաւ դպրոցի այս տարուան հունձքին։ Վարժարանի շրջանաւարտութեան հանդէսը համախմբեց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի ընտանիքի պատասխանատուները, դպրոցի կրթական մշակներն ու անձնակազմը, ծնողներ եւ հիւրեր, որոնք բոլորն ալ ողջունեցին երիտասարդները, որոնց մաղթեցին ապագայ յաջողութիւններ։
Շրջանաւարտութեան հանդէսին յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սեսիլ Կիւնտիւզի եւ Այպերկ Թաշըեանի։ Ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի տնօրէն Սերքան Քըյըճը եւ սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Նուպար Տինչէօզ։ Ընթացաւարտներուն անունով արտայայտուեցան՝ Մատլինա Կէզ, Տանիէլ Ասա եւ Սեզկին Սելամէթ։
Յայտագրի գործադրութեան աւարտին վարժարանի պարտէզին մէջ սարքուեցաւ ընդունելութիւն մը, որու ընթացքին եւս շարունակուեցաւ ոգեւորութիւնը։ Տղաքը ծափողջոյններու ներքեւ հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը՝ մինչ բոլորը բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին իրարու եւ յոյս յայտնեցին, թէ ապագային ալ չի խզուիր իրարու հետ կապը։
Թրքահայ կեանք
- 11/28/2024
- 11/28/2024