ՎԱԽ

Երբեմն մարդ յառաջ կը քշէ ուղեղը, երբեմն ալ սիրտը։ Իրականութեան մէջ, անոնք զիրար կը լրացնեն, մարդուն մէջ մարմին գտած է անոնց համադրութիւնը։ Մարդ թէ՛ միտք է եւ թէ զգացում, հաւասարապէս։ Երբեմն կը խախտի հաւասարութիւնը՝ թէկուզ այդ խախտողն ալ, անշուշտ, կ՚ըլլայ նոյնինքն մարդը։ Սլաքը որոշ չափով կամ որոշ ժամանակ կրնայ սահիլ դէպի մէկը կամ միւսը։ Կամքը մարդ արարածին թէ՛ կառավարիչն է եւ թէ իրաւարարը։

«Ով որ կ՚ապրի վախու մէջ, կը մահանայ վախէն», կ՚ըսէ Լէոնարտօ տա Վինչի։

Շաբաթ, Յունիս 22, 2024