ՀՈՐԻԶՈՆԸ ՅՍՏԱԿԱՑԱԾ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Իսմէտ Եըլմազի հետ խորհրդակցելով որոշեց խորհրդարանական ընտրութիւններու վերանորոգուիլը։ Պաշտօնաթերթի հերթական համարին մէջ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի այս որոշումը արդէն հրապարակուեցաւ ու պաշտօնապէս դարձաւ ի զօրու։ Հանրապետութեան նախագահը այսօր ալ կը մէկտեղուի Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ՝ որպէսզի անոր յանձնէ նախընտրական շրջանի ժամանակաւոր կառավարութիւնը ձեւաւորելու առաքելութիւնը։ Այս կառավարութեան ձեւաւորման համար կը նախատեսուի հինգ օրուան ժամկէտ մը։
Էրտողան երէկ երեկոյեան նախագահական պալատին մէջ տեսակցեցաւ Իսմէտ Եըլմազի հետ։ Դռնփակ այս հանդիպումը տեւեց 4 ժամ 20 վայրկեան։ Յունիս 7-ին տեղի ունեցած 25-րդ գումարման Ազգային մեծ ժողովի ընտրութիւններուն յաջորդած ժամանակաշրջանին, սահմանադրութեամբ նախատեսուած ընթացակարգով կարելի չէ եղած ձեւաւորել նոր կառավարութիւն մը։ Այս պայմաններուն ներքեւ սահմանադրութեան տրամադրութիւններով, 104-րդ եւ 116-րդ յօդուածներուն հիման վրայ Էրտողան օգտագործեց իրեն վերահապուած լիազօրութիւնները։ Իսմէտ Եըլմազի հետ խորհրդակցութիւն մը ունենալէ վերջ Էրտողան որոշում կայացուց, որպէսզի նոր ընտրութիւն մը տեղի ունենայ երկրին մէջ։ Հանրապետութեան նախագահութեան մամլոյ կեդրոնին կողմէ կատարուած յայտարարութեան մէջ ընդգծուեցաւ, թէ առկայ պայմաններով յայտնի դարձած է, որ անկարելի է ձեւաւորել նոր կառավարութիւն մը։ Հետեւաբար անհրաժեշտութիւն ստեղծուած է ընտրութիւններու կրկնութեան ուղղութեամբ։
Այս բոլորը արդէն անկանխատեսելի իրադարձութիւններ չեն նկատուիր։ Երկար շաբաթներէ ի վեր արդէն ակնյայտ էր, որ երկիրը կ՚ընթանայ դէպի նոր ընտրութիւն մը։ Այս հանգրուանին հանրային կարծիքին ուշադրութիւնը կեդրոնացած է նոր ստեղծուելիք ժամանակաւոր կառավարութեան կազմին վրայ։ Ծանօթ է, որ խորհրդարանէ ներս ներկայացուած բոլոր կուսակցութիւնները, իրենց աթոռներու թիւին հետ ուղիղ համեմատութեան մէջ՝ իրաւունք ունին նախարար տալու կառավարութեան։ Նկատի ունենալով, որ ՃՀՓ եւ ՄՀՓ կողմնակից չեն ժամանակաւոր կառավարութեան մաս կազմելու, Տավուտօղլու հետամուտ է լուծման եզր մը գտնելու այս դժուարութիւնը յաղթահարելու ուղղութեամբ։ Տեղական մամուլէն զանազան թերթեր կը գրեն, որ վարչապետը կը ծրագրէ խորհրդարանէ դուրս անուններով լայնախարիսխ նոր կառավարութիւն մը ձեւաւորել եւ կամ ընդդիմադիր երկու կուսակցութիւններուն՝ ՃՀՓ-ին եւ ՄՀՓ-ին վիճակելիք նախարարութիւններուն գլուխը բերել այդ կառոյցներուն խորհրդականները։ Եթէ ՃՀՓ եւ ՄՀՓ մերժեն այս կառավարութեան մաս կազմելը, ապա Ահմէտ Տավուտօղլու մտադիր է առաջարկ տանելու այնպիսի անուններու, որոնք հանրային կարծիքին կողմէ այդ երկու կուսակցութիւններուն մօտ կը նկատուին։
Ստեղծուելիք ժամանակաւոր կառավարութիւնը պիտի գործէ մինչեւ նոր խորհրդարանի ընտրուիլն ու գումարուիլը։ Նախարարները ընտրելու իրաւասութիւնը վերապահուած է վարչապետին։ Այս վերջինը իրաւականօրէն առանձինն կրնայ ճշդել նախարարներուն անունները։ Հանրապետութեան նախագահը, որ ունի Նախարարաց խորհուրդը վաւերացնելու լիազօրութիւնը, կրնայ իր հաստատման ներկայացուած նախարարները մերժել։ Ժամանակաւոր կառավարութեան պարագային խորհրդարանին կողմէ վստահութեան քուէ ստանալու անհրաժեշտութիւն մը խնդրոյ առարկայ չէ։