ՅԱՏՈՒԿ ԱՆՈՒՆՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԷՆ - Գ -
Ստորեւ կը շարունակենք ներկայացնել յատուկ անուններ՝ Սուրբ Գիրքէն, մեր սիրելի՜ ընթերցողներուն։
ԿԵՍԱՐԻԱ. Պաղեստինի մէջ այս անունով կը կոչուէին երկու քաղաք.
ա) Կեսարիա՝ որ նաւահանգիստ էր Միջերկրականի ափին եւ նստավայրը հռոմայեցի փոխարքաներու։
բ) Փիլիպեան Կեսարիա՝ որ կը գտնուէր Յորդանան գետի ակունքին մօտիկ, ոչ հրէական տարածքին մէջ։ Այս կողմերն էր, որ Պետրոսի խոստովանութիւնը տեղի ունեցաւ։ (ՄԱՐԿ. Ը 27)։
ՅԱԿՈԲ. Իսահակի որդին։ Իսահակ որդին էր Աբրահամի, հետեւաբար Յակոբ, ժամանակագրական կարգով, Աբրահամի ժողովուրդին նախնիներէն երրորդն էր։ Անոր զաւակներէն յառաջացած են Իսրայէլի տասներկու ցեղերը։
ՈՐԴԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ. Յիսուսի տրուած գլխաւոր տիտղոսներէն մէկը՝ որ հանդէս կու գայ Մարկոսի առաջին նախադասութեան մէջ։ Ան դրուած է նաեւ հռոմայեցի հարիւրապետի բերանը՝ Յիսուսի խաչելութեան ժամանակ։
ՈՐԴԻ ՄԱՐԴՈՑ. արտայայտութիւն՝ որ աւետարանիչները բացառաբար կը դնեն Յիսուսի բերանը՝ մատնանշելու համար անոր Անձը իր զօրութեան եւ տկարութեան մէջ։
ՊԵՏՐՈՍ. Յիսուսի կողմէ տրուած անուն իր առաքեալներէն մէկուն՝ որուն սկզբնական անունը Սիմոն էր։ Ան նահատակուած է 64 կամ 68 թուականին, հոկտեմբեր ամսոյն։
ՊՕՂՈՍ. թէեւ անիկա մաս կազմած չէր տասներկու առաքեալներու խումբին, բայց սկզբնական Եկեղեցիի ամենաերեւելի դէմքերէն մէկը եղած է։ Ան հրեայ էր՝ փարիսեցի եւ նախապէս կը հալածէր քրիստոնեաները, սակայն յետոյ, 36 կամ 37 թուականին՝ այսինքն Յիսուսի մահէն վեց-ութը տարի վերջ, քրիստոնեայ դարձաւ եւ հիմնեց բազմաթիւ քրիստոնեայ համայնքներ, իսկ հաստատուած ուրիշ շատ համայնքներու այցելութիւններ տուաւ։
Ան անոնց գրեց բազմաթիւ նամակներ կամ թուղթեր՝ որոնք մաս կը կազմեն Նոր կտակարանին։ Նահատակուեցաւ Հռոմի մէջ 64 կամ 67 թուականին, օգոստոս ամսոյն։
ՍԻՈՆ. այն բլուրներէն մէկը՝ որուն վրայ կառուցուած է Երուսաղէմ։ «Սիոն» անունը գործածուած է երբեմն ամբողջ քաղաքը ցոյց տալու համար։
ՔՐԻՍՏՈՍ. «Քրիստոս» բառը առաջացած է յունարէնէն. համարժէք է եբրայեցերէն «Մեսիա» բառին՝ որ կը նշանակէ «օծեալ»։ Մարկոսի աւետարանը՝ սկիզբը Յիսուսը կը ներկայացնէ որպէս Քրիստոս։
Արդարեւ, Պետրոս առաքեալ կը խոստովանի. «Դո՛ւն ես Քրիստոսը». (ՄԱՐԿ. Ը 29)։
Մինչ այդ, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ուշադրութեան կ՚ուզենք յանձնել սա հրաշալի՜ իրողութիւնը եւ յիշեցնել, թէ՝ մեր այբուբենը կը սկսի «Ա» տառով՝ «Աստուած» եւ կը վերջանայ «Ք» տառով՝ «Քրիստոս»։
Իրապէ՛ս «հրաշք» է այբուբենը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024