ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ԱՐԱՄԵԱՆ-ՈՒՆՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՓԱՌԱՏՕՆ

Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ կրթական շրջանի վերջին օրերը բնորոշուեցան աւանդական փառատօնով։ Ըստ վերջին տարիներու ձեւաւորուած նախընթացին՝ իւրաքանչիւր կրթական շրջանի եզրափակիչ փուլին դպրոցին մէջ կը կազմակերպուի փառատօն մը, որ մէկ կողմէ խանդավառութեան առիթ կը հանդիսանայ, իսկ միւս կողմէ հնարաւորութիւն կ՚ընձեռէ աշակերտներու հմտութիւններու դրսեւորման։

Այս տարուան փառատօնը ունէր ճոխ ծրագիր մը, որու բոլոր մասնակիցները արժանացան գնահատանքի։ Բազմակողմանի նախագիծը ունէր թէ՛ խմբային եւ թէ անհատական երեսակներ։

Փառատօնի աւարտին շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ վարժարանի տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու։

Երեքշաբթի, Յունիս 25, 2024