ԿԸ ՔԱԼԵՄ…
Այդ երեկոն, տարիներու հեռաւորութենէն ե՛ւ կարօտով, ե՛ւ լուսաւոր զգացումով կը յիշեմ: Որոշած էի ծննդավայրիս փողոցներով անցնիլ: Քալել: Միայն քալել:
Ամիսը արդէն կիսուած էր: Պարզ գիշեր էր եւ դուրսը ծոյլ քամի մը կար: Անձրեւը դարձեալ նոյն հողն էր որ կը ծեծէր: Շաբաթէ մը ի վեր ժամեր շարունակ երկինքը թաց տաղտուկ մը ձգած էր: Անօրինակ տաղտուկ մը կար նաեւ մտքիս մէջ:
Ու… արդէն սկսած եմ քալել: Կը քալեմ եզակի, սակայն հաստատ ինքնագոհութեամբ մը, թէեւ հոգիս պաշարուած էր երկիւղով, եւ կսկիծը կը հոսէր սրտէս: Նոյնիսկ ներքին ձայներ սկսան ինծի անհանդարտ, վշտալի ու խռովալի սրտի նման բաներ մը յուշել: Բայց կը քալեմ:
Թերեւս շատերու համար անիմաստ եւ ապարդիւն, սակայն ինծի համար հաճելի: Որովհետեւ, հետս են երազներս, անհամար յուշերս ու հին ու նոր սէրերս, որոնք իրենց տէրերը կը փնտռեն:
Կը քալեմ միաժամանակ փնտռելով այն բոլոր դէմքերը, որոնք ճակատագրի հարուածներէն ոչնչացած էին: Նոյնիսկ անուններ եւ դէմքեր, որոնք օր մը ինքնակամ գաղթեցին: Դէմքեր, որոնք պահուեցան ճակատագրին քմահաճ ծիծաղներուն տակ: Ու յամառօրէն կը քալեմ փնտռելու համար մեր տունը, մեր թաղերը, նոյնիսկ թաղիս կատուները, խանութներու եւ տուներու լոյսերը, գիշերային պահակը:
Կը քալեմ փնտռելու համար մեր փողոցի ծառերը, որոնք տերեւներով ծածկուած կ՚ըլլային: Կը փնտռեմ տերեւները կեանքի, որոնք կ՚իյնային ոտքերուս առաջ:
Կը քալեմ փնտռելու համար եկեղեցւոյս խաչը եւ մզկիթէն արձագանգող աղօթքը, թաղիս ու փողոցներու մէջ պտտող փոքրերուն կանչը, տուներէն ներս օրօրոցները ու սիրային փսփսուքները: Այս բոլորին հետ կ՚ուզեմ հաղորդակցիլ իրենց ինծի ժառանգած անցեալին հետ:
Ու յանկարծ կը զգամ, որ դարձեալ փոխան բառերու, լռութեամբ կը խօսիմ ու անհամբեր եւ հետաքրքիր շուրջիններուս կը հարցնեմ, թէ ո՞ւր են այն թաղերը, փողոցներն ու հրապարակները, որոնք նռան կուտերուն նման կը վխտային մարդոցմով, վաճառողներով, մսավաճառներով, ձկնավաճառներով, դպրոցականներով: Ու ամէն քայլափոխի սիրտս փլուզումներու ահն էր որ կը զգար: Անդադար կարօտ մը, որ կոկորդդ կը սեղմէ ու ներքնապէս կը հիւծէ մարմինդ:
Կը քալեմ, իբրեւ երկրորդ հայրենիքի զաւակ, իբրեւ հայ մարդ այս ամբողջութեան մէջ, խաղաղ, հաշտ եւ նոյնքան ալ անհաշտ: Բարդ զգացում եւ ինքնածին՝ զգացական պոռթկում:
Ու հիմա կը տեսնեմ.- ատելութիւն կայ, ցանուած է ամէն տեղ: Ու վախս կը մնայ իր տեղը:
Է՜հ, կար ժամանակ, որ աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ մեր կեանքը կ՚արժեւորէինք: Իսլամ դրացիին հետ հաց կը կիսէինք հանդարտօրէն ու հաշտ, մեր ուրոյն եւ սակայն պատմական մտածողութեամբ: Սովորութեան ուժով եւ միշտ հաւատք ընծայելով, թէ հինը, եթէ նոյնիսկ դառնութիւն ունի, այդ մէկն ալ հաճելի է: Ու այս մէկը մեզի անսահման ուրախութիւն կը բերէր: Հոգի կը դնէր մեր երգերուն մէջ եւ շունչ կու տար մեր առօրեային:
Իսկ հիմա, ա՛յս վայրկեանիս, քալելու այս պահուս, երբ խոր ցնցումը ներսս է ենթագիտակցութեանս մէջ, կը տեսնեմ ատելութեան ծուխը, որ կը կուրցնէ աչքերս: Կը փակեմ աչքերս ու կը տեսնեմ, որ Աստուած ինքն ալ իր աչքերը փակած է այդ ծուխէն, աշխարհի մարդոց ամօթէն: Որովհետեւ, յանկարծ խաղաղութիւն, ամօթխածութիւն, արդարութիւն սուտ դարձած են:
Յուսախաբ ու տխրութեամբ կը մտածեմ՝ միաժամանակ մեղքի զգացումը ապրելով: Սակայն ի տես այս իրավիճակներուն, մէջս նահանջող կամքը, զարմանալիօրէն ներքին հաշտութիւն մը կը բերէ:
Կ՚ըսեն, որ յուսահատութիւնը երբեմն այսպէս տիրաբար դուռը կը բանայ, որ նոյնիսկ անկարելին յանկարծ կը թուի ըլլալ միակ նախապատուելին: Իրաւ էին:
Կը զգայի հեւքոտ կեանքի տառապանքը հայրենակիցներուս, որ կաթիլ-կաթիլ կուտակուելով, ժամերուս ջերմութիւնը կը գողնային:
Բայց կ՚ուզեմ կրկնել, հոն, այդ քաղաքիս մայթերուն վրայ, տեսանելի է իր անցեալը: Հայկականութիւն բուրող: Յաւերժական պատումով, ներդաշնակ ու խոր: Տակաւին՝ իր մօտիկ անցեալին մէջ միշտ ժպիտ կար, արցունքէն աւելի, եւ ուրախութիւն՝ վիշտէն:
Հո՛ն նուիրեալներու սերունդ մը կար, օրինակելի ու նոյնքան ալ պատմական: Հոն կ՚իշխէր հայ աւանդոյթը, որ կը կառավարէր հայ կեանքը եւ կը սահմանէր մեր բոլորին մտածումները:
Մէկ խօսքով պարզութիւն կար մեր այդ ապրած կեանքին մէջ: Մեզի համար երանելի ու անկրկնելի աշխարհ մը:
Անոր համար աշխոյժ եւ երջանիկ էինք:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ընկերամշակութային
- 11/28/2024