ԵԹԷ ՉԷՔ ՈՒԶԵՐ
Եթէ բոլոր ընդդիմադիր ուժերը համաձայն են, որ Փաշինեան պէտք է հեռանայ, ապա անոնք, ըստ ամենայնի, պէտք է համաձայն ըլլան նաեւ, թէ Հայաստանի մէջ չկայ քաղաքական գործիչ մը, որ երկիրը կրնայ աւելի վատ ղեկավարել, քան ներկայ վարչապետը: Եւ խնդիրը այն չէ, որ ան ամենաանտաղանդն է: Շարք մը հարցերու մէջ՝ մասնաւորապէս, որոշ մտաւոր մակարդակ ունեցող զանգուածի սիրտը շահելու գործին մէջ ան շատ ալ տաղանդաւոր է:
Բայց խնդիրը, կը կարծեմ, այն է, որ Փաշինեան արտաքին խաղացողներուն այնքան խոստումներ տուած է, իր վրայ այնքան պարտականութիւններ վերցուցած է (ընդ որում, տարբեր խաղացողներու պարագային՝ տարբեր), որ խճճուած է այդ խոստումներու եւ պարտականութիւններու մէջ: Նոյնիսկ մեծ ցանկութեան պարագային ան ոչինչ կրնայ ընել՝ բացի իրավիճակը վատթարացնելէ: Եւ, հետեւաբար, ոեւէ այլ ղեկավար Հայաստանի համար բարիք պիտի ըլլայ:
Եթէ ընդդիմադիրները այս մէկը կը հասկնան, ուրեմն պէտք է վերջ տան մանկական քմահաճոյքներուն՝ ես անոր կողքը չեմ նստիր, ասոր կողքը չեմ կանգնիր, իսկ այս մէկը ընդհանրապէս չեմ ուզեր տեսնել: Չէք ուզեր տեսնել, իրարու արանքին ծառեր տնկեցէք:
Կու գա՞յ նախկին դատախազը հանրահաւաքներու, ողջունեցէք զինքը: Յետոյ, երբ ժամանակը գայ, հաշիւ կը ներկայացնէք: Եթէ ներկայացնելու բան կայ:
Զղջացա՞ծ է «Լուսաւոր Հայաստանը», որ պատերազմէն յետոյ պարտութիւնը «կերտողի» կողքին կանգնած էր, շատ լաւ է՝ պէտք չէ ՔՊ-ի («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) ոճով ըսել՝ «պա որ դուն…»:
Դիւր չի՞ գար ձեզ (ինչպէս եւ ինձ), թէ 2016 թուականին ինչ ըրած են «Սասնայ ծռերը», սա ժամանակաւորապէս մէկ կողմ դրէք: Ի՞նչն է աւելի վատ՝ յարձակուիլ ոստիկանական գունդի՞ վրայ, թէ թշնամիին յանձնել Արցախը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի սահմանամերձ տարածքները:
Եթէ կայ այդ ըմբռնումը, մնացեալ հարցերը պէտք է յետաձգել: Եթէ չկայ, ուրեմն քաղաքական խաղերու ժամանակը դեռ չէ անցած:
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի