ՔՆԱՑԱԾ ԳԵՂԵՑԿՈՒՀԻՆ

Չայքովսքիի «Քնացած գեղեցկուհին» նշանաւոր պալէն վերջերս ներկայացուեցաւ Երեւանի Օփերային մէջ, ինչ որ մեծ վայելք մը դարձաւ գեղարուեստասէրներուն տեսակէտէ։ Սեն Փեթերսպուրկի «Եաքոպսոն» պետական ակադեմական թատրոնին կողմէ ներկայացուեցաւ «Քնացած գեղեցկուհին», Երեւանի Օփերայի սիմֆոնիք նուագախումբին հետ։ Գեղարուեստասէրները վայելեցին հէքիաթային երաժշտութիւն, շքեղ բեմադրութիւն եւ իսկապէս փայլուն արուեստագէտներ, որոնք այնքան վարպետութեամբ բեմադրեցին գործը արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու։

Չորեքշաբթի, Յունիս 26, 2024