ԼՈՒՌ ՊԱՐԱՊՈՒԹԻՒՆ
Ինչքա՜ն պիտի ուզէի, որ այս տողերուն փոխարէն դէմդ դրուած ըլլար ճերմակ մաքուր էջ մը. չմրոտուած անծայրածիր պարապութիւն մը պարզապէս, որ չ՚երգեր ունայնութիւնը մարդոց յոյզերուն եւ սին վրդովմունքը կեանքի էութեան. այս թուղթերը զոհերն են մեր ապրումներուն ու խռովքներուն, մտածումներուն եւ գաղափարներուն. լուռ ունկնդիրներն ու հանդիսատեսները մեր քաոսային գոյութեան:
Յաճախ կը գրենք, սակայն ժամանակ մը ետք կը նկատենք, որ ամենէն ազդու խօսքերը անոնք են, որոնք տակաւին չեն գրուած. անոնք՝ որոնք հո՛ն են, պարապութեան մէջ, սակայն չունին գոյն, չունին բառեր: Այդ պարապութիւնը հայելին է մեր միտքերուն, հայելին լուռ երազներուն, որոնք իրենց խորհրդաւոր գաղտնութեան մէջ ունին սահմռկեցուցիչ անյստակութիւն մը: Նման յոյզերու դիմաց մարդ արարած ինչքա՜ն պիտի ուզէր ունենալ հնարաւորութիւնը զանոնք արտայայտելու առանց բառերու, որովհետեւ բառերը պարզապէս շապիկներն են անոնց, որովհետեւ անոնց գոյութեան իսկական էութիւնը վերացական ու փիլիսոփայական կնճռոտ մշուշով մը պատուած են:
Այն պարապութիւնը, սակայն, որ ես կը տեսնեմ, ամբողջութեամբ տարբեր է այն պարապութենէն, զոր դո՛ւն կը տեսնես, որովհետեւ իւրաքանչիւրին համար իր ունեցած պարապութիւնը սրբութիւն մըն է՝ սեփական գաղտնիքներով ու յոյզերով լեցուն. սրբավայր, ուր մարդ դէմ յանդիման կու գայ իր վախերուն, երազներուն, յուսախաբութիւններուն ու մաքառումներուն: Միայն լռութեան եւ պարապութեան մէջ կարելի է աւելիով ըմբռնել այդ բոլորը, միայն հո՛ն կրնանք տեսնել մեր ներաշխարհի խորութիւնը, մեր զգացումներու բարդութիւնը, ինչպէս նաեւ մեր միտքի անսահման հնարաւորութիւնները, որոնք բառեր չունենալով շղթայուած են այդտեղ՝ ամայութեան մէջ լուռ ու անբարբառ: Այդ բոլորը աւելի սրբազան կը դառնան լռութեան մէջ, որովհետեւ միայն պարապութիւնը գիտէ գնահատել անոնց մաքուր ու անարատ էութիւնը, ուր մարդը աւելի ազատ ու անկեղծ է՝ քան մարդկային կեանքին մէջ: Լռութեան մէջ կայ անկեղծութիւն մը, որ կարելի չէ գտնել այլուր եւ միայն հո՛ն է որ մարդ առիթը կ՚ունենայ հաշուեյարդար ընել ինքն իր անձին հետ:
Աչքի առջեւէ անցուցէք ձեր մարդկային կեանքը. ձեր արցունքներուն ամենէն անկեղծը հոսած է լռութեան ու մենութեան մէջ. ձեր յոյզերուն ամենէն փոթորկալի վիճակները եղած են այդտեղ՝ հոգիի պարապութեան մէջ. Աւետիս Ահարոնեան իր չնաշխարհիկ «Լռութիւնը» աշխատութեան մէջ հետեւեալ տողերը կը գրէ. «Բոլոր ծանօթ ընտանի պատկերները չքանում էին, եւ ես ինձ զգում էի մենակ, անընկեր, մի հրաբխային լեռան վրայ քայլելիս, որ ուր որ է պայթելու է ահագին որոտով, եւ որի մռայլ անդունդների մէջ ես պիտի կորչիմ յաւիտեան». այդ պարապութեան մէ՛ջ է որ Ահարոնեան կը տեսնէ «հրաբխային լեռ», որ պատրաստ է պայթիլ եւ այդ պայթումը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ մարդուն ներքին պայքարը: Այդ հրաբխային լեռը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ մարդուն ներաշխարհին մէջ գոյութիւն ունեցող բուռն յոյզերն ու մաքառումները, որ ամէն մարդ ունի իր մէջ: Ընտանի պատկերներուն հեռանալը պարզապէս զգացումն է սեփական խնդիրներուն հետ մեկուսի հանդիպելու, ուր ամէն ապրում ունի իր ամենէն մաքուր ու հարազատ դէմքն ու պատկերը:
Այս բոլորն են, որ մարդը մարդ կը դարձնեն. յաւիտեան պայքար մը յայտնիի եւ անյայտի միջեւ, աղմուկին ու լռութեան միջեւ ու կը գիրկընդխառնուին մարդկային ամենէն անկեղծ ու խարդախուած զգացումները:
Սակայն գոյութիւն ունի առեղծուած մը. մարդ մէկ կողմէ կը սարսափի այդ պարապութեան հետ առերեսուելէ, սակայն միւս կողմէ կ՚ուզէ ըմբոշխնել այդ պարապութիւնը. աշխարհի վրայ կա՞յ այլ զգացում մը, խորհրդաւոր պահ մը, որ մարդ ցաւելով անցաւ դառնայ, լալով իր լացին վերջ տայ, իր պոռթկումներուն մէջ խաղաղութիւն հաստատէ. պահ՝ ուր հիներն ու նորերը կը պայքարին պայծառ հորիզոն մը կերտելու սին յոյսերով. պարապութեան այդ պահերը ոչնչացման եւ միաժամանակ վերածնունդի պահեր են, ճի՛շդ այն սպաննող թոյնին նման, որով կը յաջողին դեղ շինել: Այդ պարապութեան մէջ մղուած պայքարն է, որ մարդը աւելիով մարդ կը դարձէ, հաշտութիւն մը կնքելով անձին եւ իր ես-ին միջեւ: Այդ պայքարին տուած դասերով է, որ կը յաջողինք աւելի իմաստութեամբ նաւարկել կեանքի բարդութիւններուն դէմ, մարդկային մեր տկարութիւններով դիմանալ փորձելով վտանգներով յղի ալիքներուն ու տագնապներուն:
Ո՞վ իր մարդկային կեանքին մէջ նուազագոյնը մէկ անգամ ինքզինք չէ՛ նետած այդ պարապութեան եւ լռութեան գիրկը. մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի խօսքերն են.
«Լռութիւն է: Խորունկ: Խորհրդաւոր:
Ամէ՜ն ինչ է լռել: Եւ լռել է այնպէս,
Ինչպէս բառարանում բառն է լռում...»։
Մեր կեանքն ալ վերջապէս նման չէ՞ այն բառերուն, որոնք օր մը պիտի լսուին, արտասանուին, սակայն ժամանակ մը ետք տրուին մոռացութեան. որոշ բառեր երկա՜ր պիտի ապրին, սակայն ուրիշներ մոռացութեան տրուելով պիտի անհետանան. նոյն անարդար պայքարը չէ՞ մեր ամբողջ կեանքը։
Այս բոլորին լոյսին տակ երանելի կը նկատենք այն բոլորը, որոնք պարապութեան մէջ կը տոկան եւ կը յաջողին անաղմուկ պահել ա՛յն լռութիւնը, որ հազար խօսք, հազար բառ ու բացատրութիւն կ՚արժեն:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Զգացումները պէտք է արտայայտե՞լ, թէ ոչ պէտք է լռել:
Պատասխան. Հիմնականին մէջ զգացումները պէտք է արտայայտել՝ քան լռել, որովհետեւ արտայայտելը կը նպաստէ յուզական առողջութեան, առողջ յարաբերութիւններու եւ արդիւնաւէտ հաղորդակցութեան: Զգացումները լռեցնել եւ ճնշելը կրնայ մարդը առաջնորդել ներքին հոգեկան պայքարի եւ վրդովմունքի, ինչ որ թէ՛ հոգեկան եւ թէ մարմնական առողջութեան կրնայ վնասել: Զգացումներու արտայայտութիւնը թոյլ կու տայ, որպէսզի մարդիկ մշակեն իրենց յոյզերը, նպաստելով աւելի ամուր կապեր հաստատել ուրիշներու հետ: Վերջապէս, կարեւոր է արտայայտել զգացումները, որպէսզի դրական ազդեցութիւն ունենայ մարդկային յարաբերութիւններուն մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024