«ՀԱՅԵՐԸ ԵՒ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԸ»
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքը ներկայիս հանդէս կու գայ շատ կարեւոր նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Լիզպոնի մէջ կազմակերպուած է շահեկան ցուցահանդէս մը, որ կը կոչուի «Հայերը եւ Երուսաղէմը»։ Գեղարուեստականն ու գիտականը շատ կատարեալ ու նպատակասլաց ձեւով համատեղուած են այս նախագծի պարագային։ Արդարեւ, ցուցահանդէսը պատմական անգնահատելի հաստատումներով հիւսուած է ու կը վերահաստատէ սաղիմահայութեան խոր անցեալը եւ նախընթացները։ Փորթուգալէն Սուրբ Քաղաքի վրայ բացուած այս պատուհանէն անուրանալի ճշմարտութիւններու լոյսը կը ճառագայթէ ամբողջ աշխարհին համար՝ մինչ Հայ Երուսաղէմը կը դիմագրաւէ գոյաբանական լրջագոյն մարտահրաւէրներ։
2023 թուականին Փարիզի մէջ ի յայտ եկած Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենդարանի կառուցման վերաբերեալ արխիւները մեկնակէտը եղած են այս ցուցահանդէսին, որ կ՚անդրադառնայ հայերու եւ Երուսաղէմի սերտ կապին, ինչպէս նաեւ ազգային երախտաշատ բարերար հոգելոյս Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեանի Սուրբ Քաղաքի հետ անձնական կապին։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժանմունքի եւ «Կիւլպէնկեան» արուեստի գրադարանի եւ արխիւի համատեղ ջանքերով կազմակերպած է սոյն ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ սփիւռքի առաջին եւ ամենահին հայկական համայնքին հազարամեայ պատմութիւնը։ Երուսաղէմի հայկական թաղամասը Հին քաղաքի չորս թաղամասերէն մին է՝ անզուգական կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեամբ։
Ցուցահանդէսին գծով ներկայացուած են նորայայտ փաստաթուղթերու ընտրանի մը՝ Կիւլպէնկեանի եւ իրեն ժամանակի նախկին պատրիարքներու նամակագրութեանց, եկեղեցական կամ կրօնական իրեր, Երուսաղէմէն փոխառնուած հազուագիւտ եւ եզակի յախճապակեայ կտորներ, ինչպէս նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութենէն փոխառնուած Սրբոց Յակոբեանց Մայր տաճարի՝ Սուրբ Գլխադրի մատրան 18-րդ դարու ասեղնագործ վարագոյր մը Նախիջեւանէն։ Այս վերջինը Լիզպոն փոխադրեց Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան «Հելէն եւ Էտուարտ Մարտիկեան» թանգարանի տեսուչ Տ․ Արշակ Աբեղայ Ղազարեան, որ եւս ներկայ էր ցուցահանդէսի բացման արարողութեան։ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն տքթ. Ռազմիկ Փանոսեան եւ ամբողջ անձնակազմը ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին թէ՛ անոր եւ թէ բոլոր մասնակիցներուն նկատմամբ։
Հոգելոյս Գալուստ Սարգիս Կիւլպէնկեան մշտապէս ամուր հոգեւոր կապի մէջ եղած էր Սուրբ Քաղաքին եւ Հայ Երուսաղէմին հետ։ Ան զգալի բարեգործական ծրագրեր իրականացուցած էր Սուրբ Աթոռէն ներս՝ ներառեալ իր նուիրատուութեամբ կառուցուած էր «Կիւլպէնկեան» մատենադարանը, որ ձօնուած է ազգային բարերարի բարեյիշատակ ծնողներուն՝ Սարգիս եւ Տիրուհի Կիւլպէնկեաններու յիշատակին։ «Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ցայսօր հաւատարիմ կը մնայ իր հիմնադրի աւանդին՝ աջակցելով Երուսաղէմի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանին եւ Հայոց Պատրիարքութեան։
Լիզպոնի ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբերի 22-ը, հիմնարկի կեդրոնատեղիի Արուեստի գրադարանի ատրիումին մէջ։