ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԼՓԻԱՐ (1864-1919)

Հայ երգիծաբան, լրագրող եւ արձակագիր Յարութիւն Ալփիարը ծնած է 12 յուլիս 1864-ին, Իզմիրի մէջ:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Արամեան եւ Շահնազարեան վարժարաններէն ներս:

Ուսումը աւարտելէ ետք կարճ ժամանակներով ապրած է Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ Եգիպտոսի մէջ:

1896-1898 եւ 1901-1902 Եգիպտոս եղած տարիներուն, հրատարակած է «Փարոս» թերթը:

Ալփիար նաեւ աշխատակցած է զանազան թերթերու, անոնց տրամդրելով արձակ գրութիւններ եւ երգիծական քրոնիկներ առօրեայ կեանքի զանազան հարցերու մասին: Այսպէս, ան աշխատակցած է՝ «Մասիս»ին, «Արեւելեան Մամուլ»ին, «Սուրհանդակ»ին, «Հայ Գրականութիւն»ին, «Մանզումէի Էֆքեար»ին, եւ այլ թերթերու: Ան աշխատակցած է նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին: Թրքերէն երգիծական թերթի մըն ալ՝ «Քալեմ»ին աշխատակցած է, ուր ֆրանսերէնով երգիծական գրութիւններ հրատարակած է:

Ան իր անուան կողքին իր գրութիւնները ստորագրած է յաճախ հետեւեալ երկու գրչանուններով. Ռատամես եւ Քրիզանթէմ:

Յարութիւն Ալփիար որոշ ժամանակ մը եղած է նաեւ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան քարտուղար:

Ալփիարը նաեւ մի քանի ժողովածուներ կազմած է, այսպէս. «Առաջին անգամ: Ֆանթէզի նորավէպ» (1908, Կ.Պոլիս), «Որքան տեւելու է: Շոգ-մոգ» (1909, Կ.Պոլիս), «Ֆանթազիօ» (1913, Կ.Պոլիս) «Քմայքի ծաղիկներ: Զուարթ գրականութիւն» (1917, Կ.Պոլիս), եւ այլն:

Մահացած է 5 ապրիլ 1919-ին, Պոլսոյ մէջ:

***

Վարդան Մատթէոսեան թերթիս 31 դեկտեմբեր 2015-ի թիւին մէջ Յարութիւն Ալփիարի մէկ նամակը հրապարակելով, որ ուղղուած եղած է թերթիս հիմնադիրներէն՝ Սարգիս Գօչունեանին (1867-1926), այսպէս գրած է Ալփիարի մասին.

* Յարութիւն Ալփիար (1864-1919) կը պատկանի երգիծանքի յատուկ մէկ հոսանքին, որ ծաղկած է ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին, եւ որ օրուան ճաշակին համապատասխան կը քալէր՝ առանց բարոյախօսական ծանր յաւակնութիւններու։ Ան մշակած է ֆրանսական թեթեւ գրականութեան համապատասխան սեռ մը՝ ֆանթէզին (fantaisie)։ Մայիս 1913-ին, ֆրանսացի գրագէտ Թրիսթան Տըրէմ (Tristan Derème) կը գրէր. «Պէտք է սահմանել ֆանթէզին եւ առաջադրել, որ ան անոյշ անկախութեան ձեւ մըն է, երբեմն՝ մելամաղձոտ կերպարանքով մը, որ կը քօղարկէ երկդիմի ժպիտ մը»1։ Պատահական չէ, անշուշտ, որ Ալփիարի երախայրիքը՝ «Առաջին անգամը» (1908), «Ֆանթէզի նորավէպ» ենթավերնագիրը կրած ըլլայ, իսկ երրորդ հատորը, որ սովորաբար կը յիշուի գրական պատմութեան մէջ, արդէն «Ֆանթազիօ» վերնագրով լոյս տեսած է 1913-ին։ Ռուտոլֆ Սամիկեան՝ Պարոնեանի եւ Ալփիարի բաղդատականը ընելով 1911-ին, կը գրէր, թէ վերջինս «աւելի modern[e], աւելի նրբացած, հետեւած է (...) պաճուճազարդ ու խաբուսիկ գրականութեան, որ «սիկառէթի մը լայն ծուխին պէս կը ցնդի» ինչպէս գրած է Պրիւնթիէռ, բայց այս ծուխը մինչեւ որ անհետանայ, մեր աչքին առջեւ կը պարզէ ցնորական, ծաղրական եւ այլանդակ մարդապատկերներու ուրուագիծերը»2։ Սամիկեանի դիտողութիւնը արդէն ցոյց կու տար Ալփիարի գրականութեան անցողակի բնոյթը. «Զուարթացուցիչ ու զովացուցիչ գրականութի՞ւն մը։ Ինչո՞ւ չէ։ (...) [Ի]նչո՞ւ չի ճանչնանք, թէ չի հաւատանք թէ զուարթ ու աշխարհիկ գրականութիւն մը Ալփիարի կողմէ մշակուած այնքան ճարտարօրէն ու այնքան արժանօրէն»3։ Եւ սակայն, ինչպէս որ համաշխարհային առաջին պատերազմը պիտի գար իրար խառնելու գրականութեան բոլոր ըմբռնումները, նոյնը պիտի պատահէր պոլսահայ ու արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Ալփիար 55 տարեկան հասակին մահացած է Պոլիս, 1919-ի առաջին ամիսներուն, ու անոր անունը, եթէ չհաշուենք 1986-ին Պէյրութ լոյս տեսած «Արձակ-համարձակ» վերնագրով ժողովածուին հրատարակութիւնը, լրիւ մոռցուած է մեր գրականութեան մէջ (Ամբողջ գրութիւնն ու Ալփիարին Սարգիս Գօչունեանին ուղղած նամակը կարդալ հետեւեալ յղումով. https://shorturl.at/W2iso)։ 

***

Այժմ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հատուածներ Յարութիւն Ալփիարի գրիչէն: Այսպէս.

* Ալփիար իր «Ֆանթազիօ» գիրքին սկիզբը տեղադրած է հետեւեալ երկու խօսքը.

Ընդհանրապէս բոլոր գրքերու առաջին երեսին վրայ, հեղինակները Երկու Խօսք կ՚ուղղեն իրենց ընթերցողներուն:

Ես պիտի ուղղեմ Երեք, աւելի լաւ հասկնալու համար զիրար:

Ա. Այս հատորը՝ հասարակութեան բարոյականը պատուաստելու նպատակաւ գրուած չէ: Ամէն ազգ իր զուարթ գրականութիւնը ունի: Ո՞վ ըսաւ որ հայերը պէտք է որ մինչեւ վերջը լան:

Բ. Աշխարհիս վրայ եւ որեւէ լեզուով գիրք չի կայ որ անբարոյական ըլլայ:

Մինակ երբեմն ընթերցողներ կան, որոնց բարոյականը հաստատ հիմերու վրայ դրուած չէ:

Գ. Անչափահաս տղոց եւ դպրոցական աղջիկներուն կը յանձնարարեմ, այս գիրքս անպատճառ կարդալ:

Եթէ թող չի կարդան ըսելու ըլլամ, կը վախնամ որ 5000 օրինակ աւելի կը ծախուի («Ֆանթազիօ», Կ.Պոլիս, 1913, էջ 5):

* Դարձեալ, նոյն գիրքին մէջ կը կարդանք.

- Աւելի լաւ է մտիկ ընել թշնամիի մը բերնին հոտը, քան բարեկամի մը… ոտքինը:

*

- Բժիշկները հիւանդանոցներու մէջ ճեփ-ճերմակ շապիկներ կը հագնին: Քահանաները սեփ-սեւ կը հագնին երբ յուղարկաւորութեան կ՚երթան:

Պատճառին եւ արդիւնքին միջեւ գտնուած պզտիկ տարբերութիւնն է այս:

*

- Ի՞նչ տարբերութիւն կայ աղջկան մը եւ ժամացոյցի մը միջեւ:

Ինձմէ առաջ galant մարդիկ ըսած են.

*

- Ժամացոյցը ժամերդ յիշեցնել կու տայ, իսկ աղջիկ մը մոռցնել կու տայ զանոնք:

Փաղաքուշ ասացուածք մը, բայց քիչ մը ratatiné:

Ես աւելի իրապաշտ բայց ոչ նուազ galant, կ՚ըսեմ.

*

- Ժամացոյցը աւրուինէ կը շինեն, աղջիկ մը՝ ճիշդ հակառակը կ՚ըլլայ:

*

- Հայերէն լեզու «կոչական»ներու բաշխման մէջ շատ անիրաւ, շատ անգութ եւ շատ քիչ galant գտնուած է հանդէպ կիներուն:

Ծօ կոչականը տուած է էրիկ մարդոց եւ քա՝ կիներուն:

Հիմա, էրիկ մարդու մը իրարու վրայ ծօ, ծօ ըսէ, մարդը ձայնը չի հաներ:

Բայց կարելի՞, ներելի՞ է որ կնկան մը իրարու վրայ երկու անգամ քա ըսենք. անշուշտ ոչ:

*

- Մարդիկ երեք բնական թշնամիներ ունին յաղթելիք՝ ժամանակը, հեռաւորութիւնը եւ ծանրութիւնը:

Կիները՝ չորս ունին. վերինները, մէյ մ՚ալ… կեսուրը:

- Ասոր եւ անոր իտէալները:

Ռուբէն Զարդարեանինը.- Ա՛խ, Եփրեմ խանը ես ըլլայի…:

Քրիզանթէմինը.- Ա՛խ, Խավեար խանը իմս ըլլար…:

*

- Իմաստութեան սկիզբը՝ Աստուծոյ վախն է. իսկ անխելքութեան վախճանը… ամուսնութիւնը:

***

Թէոդիկ, իր «Ամէնուն տարեցոյցը»ին մէջ, «Յ. Ալփիարը ինքն իր մէջ» վերնագիրին տակ փունջ մը մտածումներ կը ներկայացնէ Ալփիարէն, որ այստեղ կը ներկայացնենք:

* Սիրոյ պարգեւաբաշխութեան մէջ՝ է՛ն շատ փնտռուած մրցանակն է համբոյրը, եւ ամուսնութեան մէջ՝ էն շատ գործածուած բարենիշը:

* Աղջիկներու սիրտը քարետախտակ մըն է, որուն վրայ թուանշաններ կը գրեն:

* Տուն փեսայ երթալը գէշ բան ըլլալու չէ, երբ մանաւանդ Տիկին զոքանչդ tactը ունեցած է... կանուխ կարգուելու:

* Մեր «էոնաֆ» մարդերուն քսակն է թաշկինակը, որ՝ գողերու ձեռքին մէջ՝ ձայնարգել մըն է:

* Երջանկութիւնը բառ մըն է որ ա՛յնքան նշանակութիւն ունի՝ որքան մարդիկ կան այս կլոր երկրագնդիս վրայ:

* Կնոջ սիրտը - օձէն եւ կրակէն ետքը - ամենէն վտանգաւոր բանն է երկնից կամարին տակ:

* Հաւաքում մը ուր կնիկ աղջիկ չիկայ, կը նմանի հացկերոյթի մը՝ ուր գինին մոռցուած է:

* Բանաստեղծութիւն մըն է համբոյրը որ գրի չ՚առնուիր. նուագ մը՝ որ ամէն ցեղերու մէջ կ՚երգուի, առանց սակայն որեւիցէ երաժշտութեան մէջ համաձայն խազ մը ունենալու:

* Նոր հարս - Ճերմակներու մէջ թախուած աղջիկ որ պսակուած պահուն կը յիշէ թէ խօսքը որո՛ւն տուած է, կը տեսնէ թէ ձեռքը որո՛ւն կու տայ կոր, եւ կը փնտռէ թէ սիրտը որո՛ւն պիտի տայ:

* Բարոյականը դրամին կը նմանի: Չունեցողը ունենալ կը ձեւացունէ, եւ ունեցողը՝ չունենալ:

* Շատ զաւակ ունենալը կանացի անհաւատարմութեան դէմ արգելք մըն է, ըսողներ կան: Խնդիր է գիտնալ թէ անհաւատարմութիւնը - կնիկներուն համար - ծննդաբերութենէն առա՞ջ կը սկսի թէ ետքը:

* Սէրը տեւական ըլլալու համար փոքրիկ dose-ով պէտք է առնուի, առսենիքին պէս: Չափազանց սէրը ո՛չ միայն տեւական չի կրնար ըլլալ, այլ նոյնիսկ չ՚ապահովեր երկու կողմի երջանկութիւնը:

* Բոլոր ճշմարիտ սէրերը համբոյրով մը կը սկսին եւ կը վերջանան… Դատաստանական խորհուրդին առջեւ («Ամէնուն տարեցոյցը», Թէոդիկ, Բ. տարի 1908, Կ.Պոլիս, էջ 30):

***

Մերուժան Պարսամեանը Յ. Ալփիարի ձօնած է բանաստեղծութիւններու հաւաքածոյ գրքոյկ մը, որ կը կրէ «Քրիզանթէմ» անունը, լոյս տեսած է 1908-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ: Գիրքին սկիզբը զետեղուած է Յ. Ալփիարի գրութիւնը այդ բանաստեղծութիւններուն մասին, որ այստեղ կը ներկայացնենք.

* Սիրելի Պարսամեան

«Մեծ վիշտերովս պզտիկ երգեր շինեցի եւ այս երգերս կ՚ուզեմ ձեր անունին նուիրել», կը գրէք ինծի:

Ինծի համար շատ փաղաքուշ կը գտնեմ ձեր այդ մտադրութիւնը եւ այս առթիւ ձեր ցոյց տուած բարեկամութեան համար խորապէս շնորհակալ եմ:

Յիմար եսասիրութեամբ մը կ՚երեւակայէի թէ օրին մէկը պիտի գտնուէին բարեկամներ որ ծաղիկի պսակներ ղրկել պիտի ուզէին դագաղիս. բայց երբեք միտքէս չէր անցներ թէ՝ բանաստեղծութիւններու փունջ մը նուիրող մը պիտի ըլլար ինծի կենդանութեանս:

Եթէ ոչ անմահութեան՝ բայց գոնէ չմոռցուելու հաճոյքին համը կու տաք ինծի, զոր շատ անուշ կը գտնեմ:

Եղածին վրայ խնդացող, -ինչպէս որ եմ-, եւ չեղածին վրայ լացող, -ինչպէս կ՚ըլլան բոլոր բանաստեղծները-, շատեր պիտի մտածեն թէ՝ գիրքի մը կողքին վրայ զետեղուած ձեր եւ իմ անունը շատ չեն յարմարիր իրարու:

Եւ իրաւունք պիտի ունենան, որովհետեւ շատ կը տարբերինք իրարմէ:

Դուք, սիրելի՛ պուէտ, կ՚ուզէք որ կին ըսուած արարածը ամպերու վրայ բարձրացած ըլլայ. ես կը փափաքիմ որ սաւաններու մէջ ընկողմանած ըլլայ ան: Դուք՝ ծաղիկը ոտանաւորներու մէջ կը դնէք. ես՝ լամբակիս կ՚անցընեմ: Ձեզի համար նեկտարը գերբնային, զգլխիչ ըմպելի մըն է. ինծի համար յիսուննոց սպասուհի մը՝ որ մեր լաթերը կը լուայ: Դուք՝ աղջիկները հրեշտակներու կը նմանցնէք եւ կը ժպտիք. ես կու լամ ամէն անգամ ու կը մտածեմ թէ էրիկնին խաբող կիները՝ աղջիկներ եղած են ժամանակին եւ ainsi de suite:

Ուրիշ գլխաւոր տարբերութիւն մըն ալ եթէ կայ իմ եւ ձեր մէջը, ան ալ սա է թէ, դուք՝ ազնիւ բանաստեղծ, կ՚ընէք չէք ըներ, երկու ծայրը իրարու կը բերէք, բան մը՝ որ կեանքիս մէջ չեմ կրցած ընել:

Ընթերցողները սակայն շուտ պիտի մոռնան այս անպատեհութիւնը, որովհետեւ ձեր հատորին առաջին երեսը միայն իմ անունովս պղծուած պիտի ըլլայ, իսկ մնացած բոլոր էջերը ձեր հոգիովը օծուած:

Վերջացնելէ առաջ, սիրելի Պարսամեան, կը մաղթեմ որ՝ ձեր առաջիկայ հատորը փոխանակ մեծ վիշտերով շինուած պզտիկ երգեր պարունակելու, պզտիկ իրականութիւններէ ներշնչուած՝ մեծ երգերով լեցուն ըլլայ:

Յ. ԱԼՓԻԱՐ

Իզմիր, 17/30 յուլիս 1906

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ


1 Philippe Kekus et Antoine Piantoni, “Fantaisie et histoire littéraire”, 6 Octobre 2015 (www.fabula.org):

2 Ռ. Սամիկեան, «Յ. Ալփիար», Հայ գրականութիւն, թիւ 4, 1/14 հոկտեմբեր 1911, էջ 25։

3 Անդ, էջ 22։

Շաբաթ, Յունիս 29, 2024