ՍԱՐՍԱՓԻ ՊԱՏՃԱՌԸ

Եթէ «Տաւուշը՝ յանուն հայրենիքի» շարժումը որեւէ ձեւով չի սասաներ Փաշինեանի գահը, ապա ո՞րն է իմաստը, որ ՔՊ-ականները («Քաղաքացիական պայմանագիր» իշխանական կուսակցութինը) եւ իշխանութեան այլ քարոզիչները առաւօտէն երեկոյ անոր մասին կը խօսին։

Ըստ երեւոյթին, կայ բան մը, որ իրենց կ՚անհանգստացնէ։ Հակառակ պարագային քանի մը տասնեակ ելոյթներով Ազգային ժողովի մէջ ու տարբեր եթերներու վրայ չէին փորձեր փճացնել Բագրատ սրբազանը՝ մասնաւորապէս զայն կապելով Քոչարեանի եւ Ռուսաստանի հետ։ Եկեղեցին հարկելու սպառնալիքը նոյն շարքէն է: Ես բարձր կարծիք չունիմ ՔՊ-ականներու մտային կարողութիւններուն մասին, բայց անոնց «շէֆը» ինչ-ինչ, բայց քաղաքական յոտառութիւն ունի:

Ո՞րն է, ուրեմն, այդ շարժման իւրայատկութիւնը, որ կը տարբերի այն նախորդ շարժումներէն՝ ի հեճուկս ՔՊ-ականներու, որոնք կը պնդեն, որ որեւէ տարբերութիւն չկայ: Ամենայն յարգանքով բոլոր քաղաքական գործիչներուն նկատմամբ, արձանագրենք, որ Բագրատ սրբազանը Վազգէն Մանուկեան կամ Իշխան Սաղաթելեան չէ։ Ան ունի իր առաւելութիւնները եւ թերութիւնները:

Թերութիւնը, ի հարկէ, քաղաքական պայքարի մարտավարութեան նրբութիւններուն չտիրապետելն է։ Կարելի չէ պահանջ դնել՝ «քեզ հեռանալու համար մէկ ժամ կու տանք» եւ հետը չըսել՝ «եթէ ոչ այս բանը կ՚ընեմ»: Նման սխալները, ինչ խօսք, բազմաթիւ են:

Բայց կայ նաեւ առաւելութիւն, որը ես կ՚անուանէի «էթիք առանցք», որ չի սահմանափակեր շարժման նպատակները զուտ իշխանափոխութեան պահանջով, այլ կը պարունակէ մարդկային եւ ազգային արժանապատուութիւնը վերականգնելու, վերագտնելու պատգամը: «Տաճարը պիտի յաղթէ փողոցը», իմ կարծիքով, կը նշանակէ, որ փողոցային ծայրայեղականներու մտածելակերպը, փողոցի մէջ մարդոց վրայ թքող «վերնախաւի» աշխարհընկալումը պէտք է փոխարինուի պարկեշտ, զուսպ, ոչ-նիւթական տեսլականներ ունեցող մարդոց աշխարհընկալմամբ:

Դուք գուցէ առարկէք, որ փողոցի մէջ բողոքողներու եւ ընդհանրապէս ընդդիմադիր հայեացքներ ունեցողներու շարքին նոյնպէս կան ծայրայեղականներ եւ հայհոյախօսներ, եւ սա, ընդհանուր առմամբ, ճիշդ է: Բայց մէկ բան է, երբ կան այս կամ այն անհատները, մէկ այլ բան՝ երբ ծայրայեղականութիւնը, մերժողականութիւնը, անհաւատութիւնը, ցինիզմը «հաւատամք» են:

Ահա այդ «հաւատամքի» դէմ դուրս եկած է Բագրատ սրբազանի ղեկավարած շարժումը: Այս պահուն, այո, այն վտանգ չի ներկայացներ Փաշինեանի համար՝ իշխանութիւնը ի վիճակի է փողոց հանել աւելի շատ ոստիկաններ, քան ընդդիմութիւնը՝ ցուցարարներ: Բայց եթէ հասարակութիւնը ընկալէ այդ շարժման հիմնական պատգամը, ապա ոեւէ «գունաւոր պերետաւոր» չի կարողանար զայն խանգարել: Սա կը սարսափեցնէ իշխանութիւնը:

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երկուշաբթի, Յուլիս 1, 2024