40-ԱՄԵԱԿ՝ ԽՈՐԷՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐՐՈՐԴ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Այս տարի լրացաւ 40-ամեակը պատմական իրադարձութեան մը. 1984 թուականին Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Սրբատառ կոնդակով պաշտօնապէս վաւերացուեցաւ Խորէնեան Պատարագը եւ գործածութեան մէջ դրուեցաւ հայոց եկեղեցիներու մէջ:

Պատարագի հեղինակը՝ Խորէն Մէյխանէճեան, մեր եկեղեցւոյ եւ հոգեւոր երաժշտութեան նուիրեալներէն է, որ այսօր ալ անբիծ նուիրումով կը կատարէ իր գործը:

Խորէն Մէյխանէճեան սուրիահայ է: Ան տակաւին խորհրդային տարիներուն Սուրիայէն Հայաստան փոխադրուած եւ իր կեանքը նուիրուած է երաժշտութեան:

Քսանհինգ տարի ան եղած է Մայր Տաճարի երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարը, Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ է, այժմ կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ խմբավարն է արդէն շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր:

Հայոց եկեղեցիներու մէջ հնչող երեք պատարագներէն մէկը իր անունով կոչելու պատիւը ան կը կրէ համեստօրէն եւ յուզմունքով կը յիշէ 1980-ականներու այն օրերը, երբ Ամենայն Հայոց Հայրապետի առաջարկով ինք գրած է բազմաձայն պատարագ մը, որ այսօր կը գործածուի ամէնուրեք:

Խորէնեան պատարագը երրորդ եւ վերջինն է Եկմալեան եւ Կոմիտասեան մշակումներով հանրածանօթ պատարագներուն:

Քրիստոնէութեան պատմութենէն յայտնի է, որ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը վերջին ընթրիքի ժամանակ հաստատած է Յիսուս Քրիստոս: Իր զոհաբերութեան խորհուրդն է Պատարագը, որով ամէն հաւատացեալ պահ մը կը վերանայ եւ հոգիով կը վերապրի Անոր տառապանքը եւ Անոր անսահման սէրը հանդէպ մարդոց, որոնց համար Ան զոհուեցաւ: Մեր եկեղեցւոյ հայրերը Սուրբ Պատարագը կը հաւասարեցնեն Սիրոյ խորհուրդին, որովհետեւ անով Հայր Աստուած սրբագործուած հացն ու գինին Ս. Հոգիի ներգործութեամբ կը վերածէ Իր Միածին Որդիի Մարմնին ու Արեան՝ զանոնք բաշխելով ու ճաշակողներուն միաւորելով Իր հետ:

Հայ երաժիշտները Ա. եւ Բ. հազարամեակներու ընթացքին, սկսած Ս. Ներսէս Շնորհալիէն, Խաչատուր Տարօնացիէն, իրենց ձիրքերով եւ տաղանդներով հարստացուցած են Հայ Եկեղեցւոյ շարականներու հաւաքածոն: Իսկ վերջին երկու դարերու ընթացքին Մակար Եկմալեանի եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտական գործերը իւրայատուկ ճոխութիւն հաղորդած են հայոց Սուրբ Պատարագին:

Անցեալ դարու 1980-ականներուն նոր պատարագ մը ստեղծելու հանգամանքի առջեւ կեցած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը: Ինք՝ Խորէն Մէյխանէճեան, իր կարգին միշտ երազած է, որ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երգուի կամ կատարուի պատարագ մը, որ ստեղծուած ըլլայ հայ գեղջուկ երգի ակունքներէն սնուելով եւ ըլլայ պատարագ մը, որ որեւէ գիտական նպաստ կը բերէ երաժշտական կեանքին մէջ: Մէյխանէճեան, ամէն կիրակի Մայր Աթոռին մէջ կը նկատէր, որ պատարագի ժամանակ մեներգներէն մէկը, որ կ՚երգէր հայ հոգեւոր երգերու ու տաղերու անզուգական կատարող Լուսինէ Զաքարեան, դանդաղ կը հնչէր: Վազգէն Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին կարգադրած էր, որ քիչ մը քաջալերական երգուի այդ հատուածը, սակայն մեներգչուհին կրկին շարունակած է դանդաղ երգեցողութիւնը: Այս խանգարիչ հանգամանքը ճշգրտելու համար Խորէն Մէյխանէճեան փոքրիկ մշակում մը կատարած եւ սորվեցուցած է երգչախումբին: Վեհափառ Հայրապետը շատ բարձր գնահատած է զայն եւ կարգադրած, որ ստեղծած այդ գործին նախորդ համարն ալ փոխուի եւ կատարուի պատարագի ընթացքին:

Տարիներու հեռուէն Խորէն Մէյխանէճեան, յիշելով այդ ճշգրտումները, կը յիշէ նաեւ Վեհափառ Հայրապետի հաւանութիւնը, որ ըսած է. «Խորէ՛ն, Աստուած երրորդութիւն կը սիրէ, եթէ քեզ յաջողուի ասոր յաջորդ մասն ալ գրել, Ս. Պատարագի մէջ պիտի ստացուի գեղեցիկ երրորդութիւն մը, որը կը շարունակէ մէկը միւսին»:

Եւ այսպէս երաժիշտը գրած է այդ մէկը նոյնպէս, որն էր՝ «Տէր, ողորմեան»: Հայոց Հայրապետը ատկէ ետք կանչած եւ վերջնականապէս յանձնարարած է, որ Խորէն Մէյխանէճեան ստեղծէ պատարագ մը՝ նոյն այդ ոճով, հայ գեղջուկ երգի ոգիով եւ մանաւանդ՝ շարականատիպ: Հայոց Հայրապետը յանձնարարած եւ միաժամանակ ըսած է, թէ աճապարարել պէտք չէ, գործը կրնայ տարիներ տեւել: Խորէն Մէյխանէճեան, ընդունելով առաջարկը, այնուամենայնիւ, հարցուցած է. «Վեհափառ Տէ՛ր, մենք ունինք Կոմիտասեան պատարագ, Եկմալեան պատարագ, անհրաժեշտութիւն կա՞յ արդեօք, որ երրորդը ստեղծուի»:

Վեհափառ Հայրապետն ալ այսպէ՛ս պատասխանած է. «Խորէ՛ն, դուն երաժիշտ ես, շատ լաւ գիտես, որ օտարներ ունին բազմաթիւ պատարագներ՝ տասը, տասնհինգ, քսան, գուցէ եւ աւելին, ի՞նչ կ՚ըլլայ, որ հայ ազգը ունենայ երրորդ պատարագ մը եւս, ոեւէ մէկը մեղք չի գործեր այդ բանին համար»:

Եւ այսպիսի քաջալերական խօսքերէն ետք Խորէն Մէյխանէճեան անցած է տքնաջան աշխատանքի՝ 1980 թուականի հոկտեմբեր ամիսէն սկսեալ աշխատելով պատարագի ստեղծման վրայ:

Բոլոր կտորները, զորս ան կը գրէր, կը սորվեցնէր երգչախումբին, կը տանէր Էջմիածնի Մայր Տաճար եւ կիրակի օրերը պատարագի ընթացքին կը ցուցադրէր Վեհափառ Հայրապետին:

Պատարագէն յետոյ Հայրապետը միշտ կը կանչէր իր քովը եւ իր տպաւորութիւնները կու տար լսած կտորներուն մասին. «Խորէ՛ն, այսինչ կտորը քիչ մը այլապէս ըլլալու է, այսինչ կտորը քիչ մը տեղը չէ նստած»: Եւ Մէյխանէճեան նորէն կ՚աշխատէր այդ գործին վրայ, նկատի կ՚առնէր դիտողութիւնները եւ երբ Վեհափառը կը հաւնէր, կ՚ըսէր. «Խորէ՛ն, կատարեալ է, առաջ անցիր»: Եւ կը ստեղծուէր յաջորդ գործը: Մասնագէտներ կը վկայէին, որ Մէյխանէճեան ողջ պատարագի ընթացքին ձայնատարութիւնները այնպէս մը ըրած է, որ բոլոր սիրողական երգիչները կարողանան կատարել, բոլորը գրուած են շարականային երգեցողութեան սկզբունքներով: Մեղեդիները ստեղծուած են հնադարեան ոճով եւ հիմնականը յօրինուած իր՝ Մէյխանէճեանի կողմէ: Հեղինակը ըսած է, թէ ինք կարող էր գուսանական, աշուղական Սայաթ Նովայի ժամանակաշրջանի երգեցողութեան ոճը գործածել, բայց ուզած է գեղջուկ երգեցողութիւնը ընտրել իբրեւ առաջնորդող ոճ: Ժամանակի ընթացքին պատարագը հարազատ դարձած է եւ շատեր սկսած են ընդունիլ անոր խորութիւնը, թարմութիւնը, հայաշունչ ոճը եւ աղօթքի ոգին: Այդ ժամանակ Վեհափառ Հայրապետը կարգագրած է, որ Սուրբ Էջմիածնի վանքերուն մէջ երգուին երեք պատարագները՝ մէկ կիրակի Կոմիտաս, յաջորդը՝ Եկմալեան եւ երրորդ կիրակին՝ Խորէնեան եւ այսպէս՝ ամբողջ տարին շարունակ: Ստեղծագործութիւնը աւարտուած է 1983 թուականին եւ զայն կատարուած է Մայր Տաճարին մէջ՝ Հայաստանի Պետական երաժշտանոցի յանձնախումբին առջեւ, կային նաեւ երաժշտագէտներ՝ հրաւիրուած Վեհափառ Հայրապետի կողմէ: Բոլորի կողմէ զայն արժանացած է հաւանութեան, որոշ աննշան առաջարկներ եղած եւ փոփոխութիւններ կատարուած են: Եւ յաջորդ տարին՝ 1984-ին Վեհափառ Հայրապետի Սրբատառ կոնդակով արտօնուած է այդ գործը կատարել Հայաատանեայց Առաքելական բոլոր եկեղեցիներու մէջ, իբրեւ Խորէնեան պատարագ:

Այսպիսով, երգչուհի Լուսինէ Զաքարեանի մէկ յապաղումը ճակատագրական եղած է եւ ատոր շնորհիւ է, որ ստեղծուած է նոր պատարագ մը:

Յարկ է նշել, որ պատարագ գրելը խորհրդային տարիներուն յանդգնութիւն մըն էր՝ անբաղձալի տարիներ էին կրօնքի, հաւատքի եւ հոգեւոր կեանքի համար: Սակայն թէ՛ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ թէ երաժիշտ Խորէն Մէյխանէճեանին յաջողուած է ընել այդ մէկը:

Խորէնեան պատարագը հրատարակուած է 1999 թուականին՝ Հայ Եկեղեցւոյ դպրաց դասերու ընկերակցութեան կողմէ, հրատարակուած է նաեւ Նիւ Եորքի մէջ:

2007 թուականին լոյս տեսած է երաժիշտ Խորէն Մէյխանէճեանի ստեղծագործութիւններու ժողովածոն՝ «Կեանքիս երգերը» խորագրով: Անոր մէջ ընգրկուած են խմբերգներ, մշակումներ, հեղինակային երգեր, նաեւ՝ հոգեւոր եւ աշխարհիկ ստեղծագործութիւններ: Խորէն Մէյխանէճեանը հեղինակն է նաեւ Գէորգեան ճեմարանի օրհներգի երաժշտութեան:

Տարիներ առաջ ան կրկին Հայաստան ժամանած եւ իրականացուցած է իր մէկ նուիրական երազանքը՝ ձայնագրած է Խորէնեան պատարագը: Զայն ձայնագրուած է Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, իսկ այս տարի Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած է Խորէնեան պատարագի յոբելենական համերգային կատարումը՝ նուիրուած պաշտօնականացման 40-ամեակին: Խորէնեան պատարագի 40-ամեակի առթիւ Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ ԱՄՆ-ի Արեւելեան թեմէն ներս նախատեսուած են նաեւ այլ ձեռնարկներ:

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԽՈՐԷՆ ՄԷՅԽԱՆԷՃԵԱՆԻ

Խորէն Մէյխանէճեան ծնած է 1937 թուականին, Հալէպի մէջ, Սուրիա: Ընտանիքին հետ Հայաստան տեղափոխուած է, երբ ութ տարեկան էր: Իր հայրը մահացած է, երբ ինք նոր պիտի ծնէր, ուստի չէ տեսած իր հայրը եւ տան միակ զաւակն է:

Պզտիկ տարիքէն մօր հետ կը յաճախէին Սուրբ Էջմիածին, որ մեծ ազդեցութիւն ձգած է մանուկ Խորէնին վրայ: Այդ ժամանակ ալ որոշած է, որ հոգեւոր կրթութիւն պիտի ստանայ: Խորէն Մէյխանէճեան 1956-1960 թուականներուն յաճախած է Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանը՝ հետեւելու համար աստուածաբանութեան, իմաստասիրութեան, հոգեբանութեան եւ արուեստներու:

Իր ուսանողական տարիներու ընթացքին ան մէկ տարուայ երաժշտական անհատական դասընթացքներու հետեւած է (տեսութիւն, բազմազանութիւն եւ դաշնաւորում)՝ հոգածութեան ներքոյ Հայ Եկեղեցւոյ սրբազան երաժշտութեան հռչակաւոր վարպետ եւ Կոմիտաս Վարդապետի երաժշտութեան մասնագէտ տքթ. Ռոպերթ Աթայեանի:

Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարանին մէջ իր դասընթացքներու աւարտումէն ետք, Խորէն Մէյխանէճեան ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր ուսանող եղած է Թաթուլ Ալթունեանի: 1965 թուականին ան ստացած է երաժշտական ղեկավարութեան եւ խմբերգային երգեցողութեան մագիստրոսի աստիճանը: Այս աստիճանը ստանալէ առաջ, 1961-էն սկսեալ, Խորէն Մէյխանէճեան առանձնաշնորհումը վայելած է երկրորդ խմբավարը հանդիսանալու Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբին, որ այն ատեն կը ղեկավարէր Յովհաննէս Չեքիճեանը: Յովհաննէս Չեքիճեան, որպէս խմբավար, երաժիշտ, նոյնպէս մեծ ազդեցութիւն ձգած է անոր վրայ: Ակադեմական երգչախումբին հետ միասին աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ համերգներ ունեցած են:

1975-1979-ին ան վերադարձած է Կոմիտասի անուան երաժշտանոցը, ուր ստացած է երկրորդ մագիստրոսի աստիճան մը, որպէս օփերայի եւ նուագախմբային ղեկավար:

Խմբավար Խորէն Մէյխանէճեան իր գործունէութենէն ամբողջ երեք տարիներ նուիորած է Խորէնեան պատարագի երգչախմբայինեւ երգեհոնի նուագակցութեան յօրինման, որ յաջողութեամբ պսակուած է: Բացի ասկէ, խմբավար Մէյխանէճեան դաշնաւորած է ծիսական ուրիշ շարականներ եւ հրատարակած է յօդուածներ՝ երաժշտական մեթոտաբանութեան մասին: 1991 թուականին Մոսկուայի կառավարութիւնը անոր շնորհած է Գերազանց ուսուցչապետի երաժշտական տիտղոսը:

Խորէն Մէյխանէճեան ԱՄՆ ժամանած է Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանի առաջարկով եւ իբրեւ առաքելութիւն որդեգրած է Սուրբ Պատարագի երգերու եւ շարականներու ճշգրիտ մեկնաբանութիւնը ուսուցանել Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի տարածքին վրայ:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՍՐԲԱՏԱՌ ԿՈՆԴԱԿԸ՝ ՀԱՄԱՅՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԵԱՅՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԽՈՐԷՆԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԿԱՏԱՐՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Քրիստոսաւանդ սիրոյ ողջոյն եւ օրհնութիւն Հայրապետական Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, պատրիարքութեան հայոց Երուսաղէմի, պատրիարքութեան հայոց Թուրքիոյ, արքեպիսկոպոսաց, եպիսկոպոսաց, վարդապետաց, քահանայից, թեմական, երեսփոխանական ժողովոց, թեմական եւ եկեղեցական համայնքային վարչութեանց եւ համայն հաւատացեալ ժողովրդեան հայոց:

Գոհութիւն եւ փառք նախախնամող մեր Աստծուն, Որու կենարար հովանիի ներքոյ, շէն ու պայծառ մեր աղօթքի Տուները Սուրբ Հոգիի շնորհները կը բաշխեն մեր հաւատաւոր ժողովրդին՝ ի Հայաստան եւ ի սփւռս աշխարհի։ Երջանիկ ենք հաստատելու, թէ մեր երջանկայիշատակ եկեղեցական հայրերու հեղինակած ու կարգաւորած պաշտամունքային եւ սրբազան պատարագի արարողութիւնները մեր օրերուն առաւել կը քաղցրանան ու ներշնչիչ կը դառնան բազմաձայն ներդաշնակ երգեցողութիւններով։ Սրբազան երաժշտութիւնը առանձին հմայք ու հոգեպարար շունչ կը հաղորդէ աղօթքի խօսքին։ Այդպիսին է մանաւանդ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի պատարագի երաժշտութիւնը, գնահատուած՝ թէ՛ մեր ժողովրդի եւ թէ՛ այլազգի երաժշտագէտներու կողմէ, իբրեւ բարձրարուեստ ստեղծագործութիւն։ Մեր եկեղեցւոյ մէջ սիրուած ու գնահատուած է նաեւ Մակար Եկմալեանի պատարագը՝ քաղցրօրէն հնչող մեր եկեղեցիներու կամարներու ներքեւ։

Այսօր, մենք բարի լուր մը ունինք բերելու բոլորիդ, որ մեր Եկեղեցին հարստացաւ պատարագի նոր յօրինուած երգեցողութեամբ մը, որու հեղինակն է շնորհալի երաժիշտ, երկար տարիներէ ի վեր Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի հմուտ խմբավար Խորէն Մէյխանէճեանը: Երեք տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնք է սոյն գործը, յօրինուած հայ հոգեւոր երաժշտութեան ոգիով, ազգային մելոսի զգացողութեամբ եւ հարազատ՝ մեր եկեղեցական աւանդներուն ու հոգեւոր մթնոլորտին։ Մենք, մօտէն հետեւած ըլլալով պատարագի սոյն երգեցողութեան ստեղծագործական ընթացքին եւ տեղեակ դառնալով Հայաստանի հեղինակաւոր երաժշտագէտներու բարձր գնահատանքին, այսու մեր կոնդակով կ՚արտօնենք եւ կը յանձնարարենք մեր Եկեղեցւոյ թեմակալ աոաջնորդներուն ու հոգեւոր հովիւներուն, որ սոյն գործը ընդունելի տարբերակ նկատուի՝ ցարդ նուիրագործուած պատարագի երգեցողութեանց շարքին եւ կատարուի Հայաստանեայց եկեղեցիներու մէջ, իբրեւ Խորէնեան պատարագ։

Մենք կը շնորհաւորենք հեղինակը եւ կ՚օրհնենք անոր երաժշտական տաղանդի սոյն արգասիքը։

Թող հայոց աղօթքի տուներուն մէջ յաւերժ ազատ ու լուսաւոր հնչէ սուրբ խօսքն ու երգը մեր աննման պատարագի խորհուրդի։ «Սաղմոս ասացէք Աստուծոյ մերում, սաղմոս ասացէք թագաւորին մերում, սաղմոս ասացէք։ Թագաւոր մեծ ի վերայ ամենայն երկրի Աստուած է, սաղմոս ասացէք նմա իմաստութեամբ» (Սաղմ. ԽԶ 7 - 8 ): Ամէն։

ՎԱԶԳԷՆ Ա.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ

20 հոկտեմբերի, 1984

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024