ՔԱՂԱՔՆԵՐ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՈՒԺԸ
Ներկայ ժամանակներուն քաղաքները նոր ու բազմակողմանի յատկութիւններ, դերեր եւ առաքելութիւններ ստացան: Բայց, արդի եւ այսպէս ըսած՝ գովազդուող աշխարհին մէջ վարուած պետական ու մասնաւոր քաղաքական նպատակներու կողքին կարեւոր դիրք ստացաւ ինքնին մշակութային ոլորտը՝ նոր, հասանելի, ընբոշխնելի եւ մանաւանդ դիւրամատչելի ու հաճոյաշատ գործակատարումներով: Այս պարունակով քաղաքները եղան ո՛չ միայն պետութեան քաղաքականութեան ներկայացուցիչներ, այլեւ՝ դարձան իրենց յատուկ դէմքով կեդրոններ։ Օրինակ՝ Փարիզը, Տուպային, Լոնտոնը, Շանկհայն ու Լաս Վեկասը այլեւս սոսկ չեն խորհրդանշեր իրենց պետութիւններու քաղաքական ու պատմական գիծերը, այլ անդուլ ջանքի մէջ են քաշողականութիւն ապահովելու համաշխարհային մակարդակով, գործի դնելով համամարդկային մշակութային, ընկերաբանական ու ծառայողական-յարմարաւէտական ճոխութիւններ, հմայքներ ու իւրայատկութիւններ: Այս բոլորը կրնայ դիտուիլ՝ տնտեսական շահեր հետապնդելու պետութիւններու մրցակցութեան մէջ, բայց, ինքնին քաղաքները արդէն ունին իրենց մակնիշները եւ բազմաթիւ քաղաքներ արդէն գերազանցած են իրենց պետութիւններու համբաւն ու զբօսաշրջական եւ մշակութային համընդհանուր կատարողութիւնները: Վառ օրինակը հոս Տուպային է, որուն անունն ու մակնիշը աւելի տարածուն է՝ սիրելի, ցանկալի ու այսպէս ըսած՝ հասկնալի, քան թէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները։ Այդ մէկը հաւանաբար վերագրուի ներկայ մեր ժամանակներու բնոյթին, որ կ՚ուրուագծուի ընդհանրական ճոխութեան, ծառայութեան, հաճոյքի եւ զբաղմունքներու ձեռքբերման մղումի մը շուրջ: Այդ մղումը կը բխի համաշխարհայնացումէն եւ մարդկութեան բոլոր շերտերուն քով մտային ու հոգեկան զարթնումէն, անկախ կրօնական, ազգային ու տեղային պատկանելիութիւններէն:
Հին դարերուն եղած են օրինակներ քաղաքներու ուժականութեանց կա՛մ ինչպէս նոյնինքն այդ քաղաքներու ինքնանուանական բնութագրմամբ՝ քաղաք-պետութիւններ, որոնք կատարած են գործակատարումեր։ Ինչպէս օրինակ՝ Աթէնքը, Սպարտան, Քարթակենը, Վենետիկը եւ այլն… Բայց այս բոլորը քաղաքական կամ առաւելագոյն պարագային տնտեսական գործառոյթներ կատարած են (Վենետիկը նոյնիսկ եղած է փոքր կայսրութիւն): Իսկ ներկայ քաղաքները բոլորովին տարբեր են, թէ՛ գործառոյթներ ունին եւ թէ իրենք իրենց համար տարբեր առաքելութիւններ նշանակած են: Մինչ այդ, շատ կարեւոր է անդրադառնալ ներկայ քաղաքներու յաջողութեան յարաբերական գաղտնիքներուն արդի ժամանակներու մէջ, անկախ մեծ համաշխարհային կեդրոններու ծրագրաւորումներէն կա՛մ գերտէրութիւններու քաղաքականութիւններէն: Պէտք է նշենք նաեւ, որ բոլոր մեծ ու փոքր քաղաքները համաշխարհայնացման մէջ այսպէս ըսած՝ միասնական ծածուկ կամ բացայայտ ձգտումներ ունին․ դառնալու համար զբօսաշրջային մեծ ու քաշողական կեդրոններ, իսկ այդ յաջողութեան հասնելու համար կան շարք մը պայմաններ: Քաղաքներու յաջողութիւնները, բնականաբար, եւ առաջին հերթին կախեալ են մեծ ու կատարեալ վարչական ու ղեկավարման միջոցներու կիրառումներէն, թէեւ որեւէ քաղաք կը պատկանի համընդհանուր պետութեան մը եւ անոր վարած պետական քաղաքականութեան: Քաղաքներու քաշողականութիւնները աւելի են՝ քան պետութիւններունը․ պարզ այն պատճառով, որ անոնք ինքնին հասցէագրուած են ու աշխարհագրականօրէն անխուսափելի։ Ինչքան ալ երկիր մը զարգացած է ու ձգտելի, անոր քաղաքներէն մէկուն միջոցաւ այն կը դրսեւորէ ինքզինք ու այդ երկիր այցելութիւնը զանազան նպատակներով առաջին ու վերջին կարգով իր քաղաքներուն միջոցաւ պիտի կատարուի: Կրնանք նշել նոյնպէս, որ քաղաքներու ընկալումը բոլորին կողմէ աւելի համամարդկային, արուեստաբանական, ոգեղէն ու ազնուագին է՝ քան թէ երկիրներունը, թէեւ քաղաքները կրնան ըլլալ մայրաքաղաք կամ երկրորդական, ունին առաքելական ու վսեմ կերպարներ ստեղծելու հանգամանքներ, որոնք ինքնաբերաբար կը դրսեւորուին եւ շատ ալ կախեալ չեն համաշխարհային մեծ քաղաքականութիւններէն: Բոլոր համամարդկութիւնները տարուած են քաղաքներու հմայքով, հասցէներով, կեանքերով, կեդրոնացմամբ ու տարածումներով, բարքերով ու ապրուստներով: Քաղաքներու ազնիւ ու համատարած ուժը ամենամեծ ուժերէն կը համարուի ո՛չ միայն տնտեսական, այլեւ՝ նոյնինքն քաղաքական առումով: Քաղաքները աւելի բարի են, սիրալիր ու սիրող-սիրուող եւ վեհ՝ քան պետութիւնները, իսկ առանց անոնց չկան մշակոյթներ ու մշակութաբանութիւն, տեղ ու աշխարհագրական նպատակներ:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Երեւան