ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՀԱՐԹԱԿ
Հայաստանի Հանրապետութիւնը երէկուան դրութեամբ ստանձնեց Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) շրջանային նախագահի պաշտօնը։ Հայկական նախագահութեան առաջին իսկ օրը Երեւանի մէջ շփումներ ունեցաւ կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը՝ Լազար Քոմանեսքու, որ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ընդհանուր քարտուղարը օրուան տեւողութեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, ինչպէս նաեւ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Միրզոյեան եւ Քոմանեսքու քննարկեցին ՍԾՏՀԿ-է ներս հայկական նախագահութեան առաջնահերթութիւնները։ Անոնք շօշափեցին նաեւ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան հարցերը։ Զրուցակիցները համոզուած են, թէ աշխարհաքաղաքական առկայ իրադարձութիւններու պայմաններուն ներքեւ ՍԾՏՀԿ-ն կրնայ դիտուիլ՝ որպէս երկխօսութեան լաւ հարթակ՝ նպաստելու համար աւելի լայն տարածաշրջանային համագործակցութեան զարգացման։
Իր կարգին, Նիկոլ Փաշինեանն ալ ընդհանուր քարտուղարին հետ զրուցելու ընթացքին կարեւորեց կազմակերպութեան դերը տարածաշրջանային համագործակցութեան ընդլայնման ուղղութեամբ։ Վարչապետը շեշտեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է փոխադրութեան, ուժանիւթի, հեռահաղորդակցութեան եւ այլ ուղղութիւններով կապերու ընդլայնմամբ։
Փաշինեան եւ Քոմանեսքու կարծիքներ փոխանակեցին նաեւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ մտայղացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին շուրջ։ Անոնք կանգ առին նաեւ Հայաստանէ ներս ձեռնարկուած Հիւսիս-հարաւ մայրուղիի կառուցման ընթացքին, նաեւ տարածաշրջանային տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու վրայ։
Հարկ է նշել, որ Քոմանեսքուի այցելութեան առթիւ Երեւան մեկնած է նաեւ ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։