ԱՆԳԱՄ ՄԸ ԵՒՍ «ՈՐԴՈՒՍ» (2)

Հայոց մեծագոյն բանաստեղծներէն Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութիւնը ունի յաւերժական եւ համամարդկային գրաւչութիւն մը. անոր շօշափած ճշմարտութիւնները կը գերազանցեն ժամանակի եւ տեղի առանձնայատկութիւնները: Պարոյր Սեւակ վարպետօրէն կ՚անդրադառնայ մարդկային կեանքի հիմնական ճշմարտութիւններու եւ երեւոյթներու, որոնք կը խօսին մեր մարդկային գոյութեան մասին: «Որդուս» բանաստեղծութիւնը աշխարհի մէջ գրուած միւս բանաստեղծութիւններէն տարբերողը կեանքի խորհուրդը փոխանցելու յատկութիւնն է, որ հակառակ ժամանակի հեռաւորութեան իւրաքանչիւր մարդու համար կը շարունակէ մնալ էական:

«Ու թէ հիմա, իմ բալիկըս, ես քո գլխին ճառ եմ կարդում».

Այս խօսքերէն իսկ կարելի է հասկնալ, որ Պարոյր Սեւակ ճառ լսել եւ ճառել սիրող անձ մը չէ. որովհետեւ ան լաւապէս կը գիտակցի, որ կարելի չէ կեանքը ճառերու եւ քարոզներու ճամբով ճանչնալ. Իւրաքանչիւր մարդ պէտք է ապրի իր կեանքը, զգայ անոր լաւ ու վատ կողմերը եւ իր սեփական փորձով դուրս բերէ այդ բոլորը՝ որ ճառը կ՚ուզէր փոխանցել: Մեր կեանքին մէջ ո՞վ ճառերուն ականջ կու տայ. նորածին մանուկը անգամ մինչեւ իր սեփական մատը չվառէ, չի՛ գիտնար կրակին ինչ ըլլալը: Այս տողերուն մէջ կը տեսնենք, որ բանաստեղծը կը գործածէ «ճառ կարդալ» արտայայտութիւնը, որ աւելիով կը նուազեցնէ ճառին արժէքը, որովհետեւ ճառը կը կարդան, սակայն միշտ չէ որ կը սորվին կամ ականջ կու տան:

«Ապա միայն նրա համար, որ շատ յաճախ կեանքում մարդու
Եթէ իր մեծ բաժինն ունի ժամանակը, ինքը դարը».

Պարոյր Սեւակ մարդու կեանքին մեծագոյն արժէքներէն մէկը կը նկատէ ժամանակը, որ իրականութեան մէջ մեծ փիլիսոփայութիւն մը կը պարունակէ իր մէջ. ժամանակը մարդկային կեանքի ամենէն ազդու եւ կարեւոր արժէքն է: Նոյն այդ ժամանակն է, որ կը փոխէ յոյզերը, երազներն ու զգացումները: Ժամանակը ցաւցնելով դաս մը կը փոխանցէ մարդուն, սակայն նոյն ժամանակը այդ ցաւը դարմանել կը փորձէ. այդ ժամանակի փոփոխութիւնն է, որ կը կոչուի կեանք։ Իւրաքանչիւրիս ժամանակը տարբեր դաս մը ունի փոխանցելիք. մենք բոլորս ալ այսօր այն չենք, ինչ որ էինք երէկ եւ վստահաբար վաղը պիտի չըլլանք այն՝ ինչ որ ենք այսօր եւ այս բոլորը ժամանակի ձեռագործն է: Պարոյր Սեւակ մարդուն համար կարեւոր կը նկատէ նախ ժամանակը եւ ապա դարը, որովհետեւ իւրաքանչիւր դարաշրջան կը ստեղծէ իր մարդը, իր յատուկ մարտահրաւէրներով, յոյզերով ու խնդիրներով: Մեր թուականէն տասնեակներ առաջ ապրող մարդը չունէր այն խնդիրները, որոնք մեր դիմաց դրուած են այսօր. եւ այսպէս ժամանակն ու դարը իր հետ կը փոխեն ամէն բան:

«Բայց եւ այնպէս քիչ չի ազդում նաեւ ընտրած ճանապարհը».

Թէեւ ժամանակն ու դարը կը ստեղծեն իրենց մարդը, սակայն սեփական ընտրութիւնը ունի իր յատուկ տեղը, որ կրնայ յաղթել թէ՛ ժամանակին եւ թէ դարուն: Այս տողերուն մէջ կրնանք գտնել այն մտածումը, որ Պարոյր Սեւակ ճակատագիրի գոյութեան հաւատացող մը չէր. ան ունէր այն համոզումը, որ սեփական կամքով կայացած որոշումն է, որ մարդու կեանքին ընթացք կու տայ՝ հակառակ ժամանակին եւ դարուն բերած դժուարութիւններուն: Մարդ արարածի կեանքը կը ձեւաւորուի անհատներու անձնական ընտրութեամբ եւ հետեւաբար ո՛չ թէ ճակատագիրը, այլ մարդոց ընտրութիւններն են, որ կ՚որոշեն մարդոց կեանքի ընթացքը: Այդ իսկ պատճառով, Սեւակ կ՚ուզէ իր զաւակին բացատրել ժամանակին ու դարուն, ինչպէս նաեւ սեփական որոշումներուն բերած մարտահրաւէրները եւ այն նիւթին շուրջ է, որ կ՚ուզէ հիմնական ճառ կարդալ:

«Գուցէ քեզ հետ նոյնը լինի, որ պատել է յաճախ ինձ է՛լ».

Պարոյր Սեւակ կ՚ուզէ իր զաւակին ճառ կարդալ, որովհետեւ կը հաւատայ, որ կան մարդկային արժէքներ, որոնք ժամանակի դէմ պայքարելու կարողութիւնը ունին եւ հետեւաբար որպէս մարդկային կեանք իր զաւակը կրնայ դիմագրաւել հարցեր, որոնք ինք՝ բանաստեղծը նախապէս դիմագրաւած է եւ հետեւաբար կ՚ուզէ անոնց գծով իր կարծիքն ու փորձառութիւնը փոխանցել, պարզապէս որպէսզի որդին նախապէս գիտնայ այդ զգացումներն ու արժէքները եւ յաջողի պայքարիլ անոնց հետ: Կան մարդկային յոյզեր, որոնք ժամանակի սահմանները կ՚անցնին. կան ապրումներ, ինչպէս՝ տխրութիւն, ուրախութիւն, սէր, կարօտ ժամանակ չեն ճանչնար եւ անխտիր բոլորը իրենց կեանքին մէջ նուազագոյնը անգամ մը կ՚ապրին: Այստեղ կարելի է տեսնել Պարոյր Սեւակի հայրական զգացողութեան մեծութիւնը. ան նախապէս կ՚ուզէ իր զաւակը պատրաստել նման ապրումներու, որովհետեւ լաւապէս կը գիտակցի, թէ անոնք ինչպիսի խոր վէրքեր կրնայ թողուլ մարդու կեանքին մէջ. նման նրբութիւն մը կ՚ընէ միայն այն մարդը՝ որ իր կեանքին մէջ խոր վէրքեր ու բացթողումներ ունի:

•շարունակելի…

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ո՞րն է աշխարհի ամենէն ահաւոր զգացումը:

Պատասխան. Աշխարհի ամենէն ահաւոր զգացումը մինակութիւնն է: Այն իրավիճակը, որ դուն քեզի կտրուած կը զգաս շրջապատէն եւ ամբողջ աշխարհէն, կարծես մեկուսացած ըլլաս մարդերով լեցուն աշխարհի մը մէջ: Մինակութիւն ըսելով միայն ֆիզիքական մինակութիւնը պէտք չէ հասկնալ. մինակութիւն է նաեւ չգնահատուած ըլլալը, հասկնալի չըլլալը, անտեսուիլը եւ ինքզինքը անարժէք զգալը: Այս զգացումը շատ աւելի խոր կրնայ ըլլալ այն պահերուն, երբ աջակցութեան կարիք ունիս, մանաւանդ այն ժամանակ երբ ոչ ոքի կը դիմէք, ինչ որ կը կրկնապատկէ մինակութեան ծանրութիւնը եւ զայն կը դարձնէ անտանելի:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Երեքշաբթի, Յուլիս 2, 2024