Կիրակի 24, Նոյեմբեր 2024
«ԴԱՐՈՒ ՎԱՒԵՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ»
Երեւանի մէջ այս օրերուն բացուած է հետաքրքրական ցուցահանդէս մը։ Հայաստանի Նկարիչներու միութեան կեդրոնին մէջ տեղի կ՚ունենայ ձեռնարկը, որ կը կոչուի «Դարու վաւերագրութիւն»։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան արխիւին հիման վրայ պատրաստուած լուսանկարչական այս ցուցահանդէսը լոյս կը սփռէ Հայաստանի, Երեւանի եւ հայութեան տեսակէտէ կարեւոր իրադարձութիւններու, ժամանակաշրջաններու եւ շինութիւններու պատմութեան վրայ։
Երէկ, Երեւանի մօտ Հնդկաստանի դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհան այցելեց այս ցուցահանդէսը։ Հայաստանի Նկարիչներու տան մէջ դեսպանին ուղեկցեցաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան տնօրէնուհի Նարինէ Նազարեան, որ մանրամասն բացատրութիւններ տուաւ ներկայացուած վառ դրուագներուն շուրջ։
Չորեքշաբթի, Յուլիս 3, 2024